Սեւան Նշանեան Փայլանին Կը Թելադրէ Լքել Թուրքիան


Ինչպէս ծանօթ է, պոլսահայ երեսփոխան Կարօ Փայլան, վերջերս, հար­ցազրոյցի մը առթիւ զգայացունց յայտարարութիւն մը կատարելով՝ ըսաւ, որ եւրոպաբնակ որոշ Հայերու եւ Ալեւիներու դէմ թրքական ազգայնա­կաններու կողմէ մահափորձերու շարքի նախապատրաստման մասին լուրջ տեղեկութիւններ ստացած են: Այնուհետեւ, ան յայտարարեց նաեւ, որ այդ տեղեկութիւնները հաստատուած են նաեւ գերմանական իշխա­նութիւններուն կողմէ:

Պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան Սեւան Նշանեան, որ քանի մը ամիս առաջ փախած էր թրքական բանտէն եւ հաստատուած՝ Յունաստանի Սամոս կղզին, Թուիթըրի իր պաշտօնական էջին վրայ մեկնաբանած է այս յայտարարութիւնը: Ան գրած է, որ Փայլանի հաղորդած տեղեկութիւնները արժանի են յա­տուկ ուշադրութեան ու ուսումնասիրութեան: «Կարօ Փայլանի հարցազրոյցը կը պարունակէ տեղեկութիւններ, զորս պէտք է կարդալ առնուազն 3-4 անգամ եւ շատ ուշադրութեամբ: Եթէ Կարոյին տեղը ըլլայի` առանց ժամանակ կորսնցնելու կը լքէի երկիրը», գրած է Նշանեան` նկատի ունենալով, որ այդ տեղեկութիւններու հրա­պարակումով Փայլան վտանգի կ՚ենթարկէ նաեւ իր իսկ անձը:

Սաֆրաստեան հա­մակարծիք է Նշա­նեանի հետ

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմ­նարկի տնօրէն, թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեան անդրադառնալով Փայլանի յղուած Նշանեանի յանձնա­րարութեան, ըսած է. «Թուրքիոյ գործող իշխանութիւններէն կարելի է եւ պէտք է ամէն բան սպասել, որովհետեւ անոնք ցոյց տուած են, որ կը դիմեն պատժիչ գործողութիւններու, բռնաճնշումներու՝ հաշուի չառնելով հա­մաշխարհային հասարակական կարծիքը, նոյնիսկ իրենց դաշնակիցներու մօտեցումները”։