Սինանեան Կարեւոր Կը Համարէ Միջազգային Հանրութեան Մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցի Մասին Հասարակական Ճիշդ Կարծիքի Ձեւաւորումը


Հոկտեմբեր 14-ին հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի ընթացքին Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան կարեւոր համարեց, որ միջազգային հանրութեան մէջ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի ու հակամարտութեան վերաբերեալ ճիշդ հասարակական կարծիք ձեւաւորուի:

«Ամբողջ Սփիւռքի մէջ շատ կարեւոր է նաեւ հասարակական կարծիքի ձեւաւորման մէջ մեր հայրենակիցներու դերը, որովհետեւ այսօր Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը ապականած են ամբողջ մետիան, ապականած են ամբողջ հասարակական կարծիքը կեղծ տեղեկութիւններով Արցախի մէջ տեղի ունեցողի մասին: Ասոր հիմնական հակակշիռը մեր սփիւռքի կողմէ տարուող աշխատանքներն են, որոնք շատ բուռն են, բաւական արդիւնաւէտ եւ, որուն անհրաժեշտութիւնը մենք շատ կը զգանք», ըսաւ ան:

Գլխաւոր յանձնակատարը դիտել տուաւ, որ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ կառավարութիւնները վարձած են նաեւ լոպպիստական խումբեր, որոնք աշխատանքներ կ՛իրականացնեն տարբեր երկիրներու մէջ իրենց համար նպաստաւոր կարծիքի ձեւաւորելու համար, որուն պիտի հետեւի հայկական սփիւռքի պատասխանը:

«Սփիւռքի մէջ կ՛աշխատին բոլորը, այս աշխատանքն ալ շարունակական պիտի ըլլայ, որպէսզի կարենանք հասնիլ մեր ցանկալի արդիւնքին: Տարբեր երկիրներու մէջ ցոյցեր տեղի կ՛ունենան, կան նաեւ նախաձեռնութիւններ տարբեր մակարդակներով, որպէսզի մենք հասնինք երկու կարեւոր նպատակի` Արցախի անկախութեան ճանաչում ու թուրք-ազրպէյճանական, ահաբեկչական գործողութիւններու դատապարտումը տարբեր պետութիւններու կողմէ», նշեց Սինանեան: