Սիրոյ Երեկոյ Մարթէն Եորկանցով` Անցեալէն Այսօր


Մա­տաթ Բ. Մա­մու­րեան


Փետ­րո­ւար 10ին, Թո­րոն­թո­յի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն Ե­կե­ղեց­ւոյ ՙԲա­րեւ՚ Կեդ­րո­նը Valentineի տօ­նին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պած էր ՙՍի­րոյ ե­րե­կոյթ՚ թե­մա­յով պա­րան­ցիկ խրախ­ճանք մը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ շքե­ղօ­րէն զար­դա­րո­ւած ՙՄա­կա­րոս Ար­թի­նեան՚ սրա­հին մէջ:

Կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին սրա­հը լե­ցո­ւած էր ա­ւե­լի քան 250 ներ­կա­նե­րով, ո­րոնք բուռն կա­րօ­տը ու­նէին ան­ցեա­լի օ­րե­րը վեր­յի­շե­լու Մար­թէն Եոր­կան­ցի եր­գե­րուն ընդ­մէ­ջէն:

Կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բի ա­նու­նով բա­րի գալս­տեան խօս­քե­րով հան­դէս ե­կաւ Սել­լա Գալ­թաք­ճեան` ներ­կա­նե­րուն մաղ­թե­լով ու­րախ ժա­մանց: Թե­միս Փո­խա­ռաջ­նորդ եւ հո­գե­ւոր հո­վիւ Զա­րեհ Ա­ւագ  քհնյ. Զար­գա­րեան շնոր­հա­ւո­րեց սոյն ե­րե­կոյ­թը ի­րա­կա­նաց­նող յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը` Ֆրանս Գան­տա­հա­րեան, Այ­տա Ա­ֆա­րեան, Սիլ­վա Մէր­մէր, Սե­զա Նա­զա­րեան, Թի­լի Իշ­նար, Սու­զան­նա Յա­րու­թիւ­նեան, Սի­պիլ Քիւրք­ճեան, Ա­նի Սար­վա­րեան, ինչ­պէս նաեւª Լե­ւոն եւ Սել­լա  Գալ­թաք­ճեան­ներ, ո­րոնց ան­սա­կարկ նո­ւի­րու­մին ար­դիւնքն էր մտեր­միկ եւ հա­ճե­լի այս ե­րե­կոն: Ա­պա կա­տա­րեց սե­ղան­նե­րու օրհ­նու­թիւ­նը։

Սե­ղան­նե­րը դա­սա­ւո­րո­ւած էին ճա­շա­կա­ւոր եւ հա­մա­դամ նա­խու­տեստ­նե­րով, ո­րոնց յա­ջոր­դեց հա­մեղ ճա­շե­րու ան­թե­րի սպա­սար­կու­թիւ­նը։ Ան­համ­բե­րու­թեամբ սպա­սո­ւած ժա­մը հա­սած էր, երբ բեմ կը բարձ­րա­նար եր­կար տա­րի­նե­րու հան­րա­ծա­նօթ եւ համ­բա­ւա­ւոր եր­գիչ Մար­թէն Եոր­կան­ցը, ո­րուն թաւ­շա­յին ձայ­նին ու զգա­յուն եր­գե­ցո­ղու­թեան շնոր­հիւ պա­րա­հար­թա­կը ան­բա­ւա­րար կը մնար պա­րող­նե­րուն հա­մար։ Ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն․ բախ­տա­ւոր­նե­րը շա­հե­ցան գե­ղե­ցիկ նո­ւէր­ներ։

Ժա­մե­րը անզ­գա­լիօ­րէն սա­հե­ցան ջերմ եւ մտեր­միկ մթնո­լոր­տի մէջ։ Ա­ռա­ւօ­տեան վաղ ժա­մե­րուն ներ­կա­նե­րը ա­կա­մայ բաժ­նո­ւե­ցան սրա­հէն՝ յայտ­նե­լով ի­րենց գո­հու­նա­կու­թիւնն ու գնա­հա­տան­քը։