Սիրուշոն Տուպայի Մէջ Միջազգային Մրցանակի Արժանացած է


“Արմենփրես”,- Երգչուհի Սիրուշոն Տուպայի մէջ տեղի ունեցած DIAFA միջազգային մրցանակաբաշխութեան արժանացած է մրցանակի։ Միջին Արեւելքի յայտնի DIAFA մրցանակը կը յանձնուի աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէ տարբեր մարզերու մէջ ձեռքբերումներու հասած մասնագէտներու՝ բժշկութենէն մինչեւ ֆիլմարուեստ, մարմնակրթութենէն մինչեւ երաժշտութիւն:

«Առաջին անգամ Հայաստան կը մասնակցի այս մրցանակաբաշխութեան, եւ ես երջանիկ եմ, որ առաջինն եմ, որ կ՝արժանանամ այս մրցանակին», պարգեւը ստանալու ժամանակ ըսած է ան:

Երգչուհին ներկաներուն հարցուցած է, եթէ դէմ չեն՝ ինք կ՛ուզէ փորձել հայկական ժողովդրական երգ սորվեցնել հանդիսատեսին: Հաղորդավարները սատարած են Սիրուշոյին եւ ան կատարած է «Զի՞նչ ու զի՞նչ տամ լողուորչուն» հայկական ժողովրդական երգը, իսկ դահլիճը ձայնակցած է անոր:

Մրցանակաբաշխութեան ներկայ եղած են դեսպաններ, միջազգային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, համաշխարհային աստղեր: DIAFAն ուղիղ եթերով հեռարձակուած է 6 հեռուտաալիքով: