«Սիրտս կապուած էր Հայաստանին, բան մը կը քաշէր զիս». զրոյց՝ ԴերՀովային հետ


վարեց Սալբի Սաղտըճեանը

Թորոնթոհայ հայրենադարձ Յարութիւն Տէր Յովակիմեանը (ԴերՀովա) յայտնի երաժիշտ, երգահան եւ ձայնագրութեան արտադրող (record producer) է։ Մինչեւ Հայաստան տեղափոխուիլը, 2002-ին,  միջազգային երաժշտական ասպարէզին մէջ  գրած եւ թողարկած է աւելի քան 300 երգ:  Քսան տարիէ ի վեր  կ’ապրի եւ կը ստեղծագործէ Հայաստանի մէջ։ Ան հայկական երգարուեստի ասպարէզին մէջ շատ յայտնի անուն է, որ կը գործակցի հայրենի բազմաթիւ երգիչ-երգչուհիներու հետ։ Իր մշակած երգերը մեծ յաջողութիւններ ունեցած են թէ՛ հայկական եւ թէ՛ համաշխարհային բեմերու վրայ։

Հանրածանօթ «Քելէ-քելէ», «Եարխուշտա» երգերուն երաժիշտին հետ զրուցեցինք՝ մօտէն ծանօթանալու անոր երաժշտական ասպարէզին եւ Հայաստան ապրելու փորձառութեան մասին։


Սալբի Սաղտըճեան– Յարութիւն, դուք ձեր երաժշտական ուղին սկսած էք շատ կանուխ տարիքէն։ Առաջին պայմանագիրը կնքած էք 17 տարեկանին։ Գործակցած էք միջազգային յայտնի ձայնագրման ընկերութիւններու հետ։ Ուրկէ՞ կու գայ երաժշտութեան հանդէպ ձեր սէրն ու տաղանդը։

Յարութիւն Տէր Յովակիմեան– Ճիշդը ըսեմ, չեմ գիտեր։ Շատ փոքր տարիքէն յաճախած եմ Արփի Մերասի մանկապարտէզը, ապա՝ անոր կից դպրոցը։ Արփին շատ մեծ կարեւորութիւն կու տար արուեստին՝ պար, երաժշտութիւն, թատերական ներկայացումներ։ Փոքր տարիքիս աւելի շատ թատերականով հետաքրքրուած էի, կ’ուզէի բեմադրիչ կամ դերասան ըլլալ, բայց կողքին՝ երաժշտութիւնն ալ կը սիրէի։ Հայրս եկեղեցւոյ սարկաւագ էր, քեռիս՝ երգիչ։ Բայց կը կարծեմ դպրոցը մեծ դեր ունեցաւ երաժշտութեան հանդէպ սէրս զարգացնելուն մէջ։

ՍՍ– Նախքան Հայաստան հաստատուիլը կը գործակցէիք համաշխարհային նշանաւոր ձայնագրման ընկերութիւններու հետ, ինչպիսիք են` Sony, BMG, Universal Music․ երաժշտական եւ ստեղծագործական ամենաբեղուն ժամանակաշրջանին գերադասեցիք վերադառնալ Հայրենիք, ինչո՛ւ։

ՅՏՅ– Անցեալ տարի իմ Հայաստան տեղափոխուելու 20 տարին լրացաւ։ Յստակ պատասխան չունիմ։ Կարծեմ ինչ որ փուլի հասած էի կեանքիս եւ աշխատանքիս մէջ եւ փոփոխութիւն կ’ուզէի, իրօք շատ մեծ յաջողութիւններու հասայ Գանատայի, Ամերիկայի եւ այլ երկիրներու մէջ, բայց լուրջ եւ մեծ փոփոխութիւն կ’ուզէի։ Շատեր զարմացան, երբ իմացան Հայաստան պիտի տեղափոխուիմ։ Սկիզբը Հայաստան հաստատուելու յստակ նպատակ չունէի, կ’ուզէի փորձել։ Ըսի՝ Գանատայի քաղաքացի եմ, եթէ ամէն ինչ լաւ չընթանայ, կրնամ հանգիստ վերադառնալ։ Երիտասարդ էի, ամուսնացած չեմ եւ այնպիսի աշխատանքի մէջ էի, որ կրնայի ուրիշ տեղէ աշխատիլ, կապուած չէի որեւէ ընկերութեան հետ։

ՍՍ–  Հայաստանի հանդէպ սէրը ինչպէ՞ս յառաջացաւ եւ ինչպէ՛ս եղաւ ձեր վերադարձը։

ՅՏՅ– Ես առաջին անգամ Հայաստան եկած եմ ինը տարեկանիս, երբ դեռ Խորհրդային էր, դարձեալ Արփիին շնորհիւ։ Ան կ’ուզէր մեր արմատներուն հետ ծանօթանանք, մտերմանանք։ Ի հարկէ շատ մանրամասն չեմ յիշեր, բայց հետաքրքրական էր։ Երկրորդ անգամ եկայ 2000-ին։ Այդ ժամանակ գործս լաւ էր։ Ամերիկայի, Գանատայի մէջ հանդիպումներ ունէի տարբեր ընկերութիւններու հետ։ Բայց չեմ գիտեր ինչու սիրտս կապուած էր Հայաստանին, բան մը կը քաշէր զիս։ Բոլորիս՝ յատկապէս սփիւռքահայերուս համար բան մը կը քաշէ մեզ հոս, չէ՞։ Կարծեմ այդտեղէն սկսաւ։ Շատ չէի ուզեր ռոմանթիք մօտեցում ունենալ, որովհետեւ գիտեմ շատերը կու գային Հայաստան մեծ ակնկալիքներով, յետոյ, եթէ իրենց սպասումները չարդարանային, կը հիասթափուէին։ Կ’ուզէի աւելի իրատեսական մօտենալ ամէն ինչին։ Սկիզբը նկատեցի, որ շատ սփիւռքահայեր կը շփուին միայն սփիւռքահայերու հետ, ատիկա ինծի համար վանող էր։ Ես որոշեցի մեծաւ մասամբ տեղացիներու հետ շփուիլ՝  իմանալու ինչպէս կ’ապրին, ինչ դժուարութիւններ ունին, որպէսզի ես ալ պատրաստ ըլլամ ապրելու եւ՝ չհիասթափուիմ։

«Ես առաջին անգամ Հայաստան եկած եմ ինը տարեկանիս, երբ դեռ Խորհրդային էր, դարձեալ Արփիին շնորհիւ»: (լուսանկարը տրամադրած է ԴերՀովան)

ՍՍ– Եւ․․․ մնացիք։

ՅՏՅ – Առաջին մի քանի տարիները դուրսի գործերս շարունակեցի։ Այդ ժամանակ համացանցը շատ-շատ վատ էր, բայց կը փորձէի կապը պահել դուրսի հետ, մինչեւ որ ծանօթացայ այստեղի երաժիշտներու, արուեստագէտներու հետ ու սկսայ իրենց հետ աշխատելու։ Կամաց-կամաց դուրսի հետ կապերս կորսնցուցի, աւելի շատ կեդրոնացայ եւ խորացայ Հայաստանի երաժշտական ասպարէզին մէջ եւ մնացի։

ՍՍ – Որպէս արուեստագէտ եւ ստեղծագործող, ի՞նչն է ձեր ներշնչման աղբիւրը։

ՅՏՅ- Դժուար է ըսել, բայց կը կարծեմ տխուր պահերն են, որոնք զիս աւելի կը մղեն ստեղծագործելու։ Ես միշտ սովորութիւն ունիմ աւելի շատ ուրախ երաժշտութիւն ստեղծելու, երաժշտութիւն, որ աւելի մասսայական (զանգուածային) ըլլայ, մեծ մասը լսէ, սիրէ ու այդ երգերուն տակ պարէ, ուրախանայ։ Բայց հետաքրքրական է չէ՞, որ ես տխուր պահերուս է, որ այդ ամէն ինչը կ’ընեմ։ Կարծես այդ հոգեվիճակէն դուրս գալու համար կը ստեղծագործեմ։ Ուրախ ժամանակ չեմ կրնար։

ՍՍ– Երաժշտական ո՞ր ժանրն է ձեզի աւելի հոգեհարազատ։

ՅՏՅ– Տարիներու ընթացքին փորձած եմ շատ տարբեր ժանրեր, որոնք ինծի համար մարտահրաւէրի նման էին։ Ատոր համար ալ շատ կը սիրեմ միշտ նոր բան փորձել․ այն բանը որ ինձմէ հեռու է, կ’ուզեմ փորձել, տեսնել ինչպէս կրնամ զայն աւելի մասսայական դարձնել։ Օրինակ՝ առնել երաժշտական կտոր մը, որ շատ ծանօթ չէ եւ սիրուած չէ, զայն դարձնել աւելի ընդհանրական, շահութաբեր (commercial)։ Այդ պատճառով փոփ երաժշտութիւնը ինծի աւելի հոգեհարազատ է։ Կը պատահի ժողովրդական կամ հայրենասիրական երգ մը վերածեմ կամ մօտեցնեմ փոփի, որ մարդիկ աւելի սիրեն։  

Առաջին յաջողութիւնս Հայաստանի մէջ 2006-ին էր, երբ «Քամի փչի» անունով երգ մը վերամշակեցի և գործիքավորեցի: Սփիւռքահայու կարօտս դէպի հայկականը այդտեղէն սկսաւ։ Արեւմուտքի իմ փորձառութենէն վերցնելով ու հայկականին միահիւսելով նոր բան մը ստացայ, ատիկա ինծի մեծ-մեծ յաջողութիւն բերաւ։ Այդ ժամանակ մէկը չէր մտածեր այդպիսի բան մը ընելու մասին։ Հիմա շատերը կ’ընեն: Աւելի նոր ձայն էր, նոր ժանր։ Կը սիրեմ խառնել՝ հայկականը արեւմուտքի ձայներով, ռիթմերով։

ՍՍ– Ձեր ստեղծագործութիւններէն կամ յօրինումներէն որո՞նք աւելի հոգեհարազատ են ձեզի։

ՅՏՅ– Շատ չեմ կրնար առանձնացնել։ Կրնայ ըլլալ երգեր, որոնք յաջողութիւն ունեցած են, օրինակ՝ Սիրուշոյի «Քելէ քելէ»-ն կամ Սոֆի Մխէեանի հետ ունեցած երգերս։ Նոր փորձարկումներէս Սեւակ Ամրոյեանի «Ախպերս ու ես»-ը եւ «Եարխուշտա»-ն, որոնք մեծ յաջողութիւն ունեցան։ Երեւի «Եարխուշտա»-ն իմ ամէնէն սիրած գործերէն մէկն է, որովհետեւ միտքը, երաժշտութիւնը, բացի հայկական պարէն, իմս է։ Փոքր ժամանակ կը պարէի։ Երբ «Եարխուշտա» պարին ծանօթացայ,  հիպնոսացնող բան մը կար մէջը. ինչքան պարզ պար է, բայց այդքան ուժ եւ զօրութիւն կայ մէջը։ Ըսի՝ այս երաժշտութեամբ երգ պիտի ստեղծեմ։ Յասմիկ Կարապետեանի հետ «Անհնարը»։ Ես կատարելապաշտ (perfectionist) եմ, միշտ կը լսեմ հին գործերս, եւ կ’ըսեմ` երանի՜ ասիկա այս ձեւով ըլլար, կամ այսպէս ընէի։ Ուրեմն՝ շատ չեն, որոնք ինծի համար կատարեալ են։ Վերջին երկու յիշատակածներս ինծի հոգեհարազատ են։

«Տարիներու ընթացքին փորձած եմ շատ տարբեր ժանրեր, որոնք ինծի համար մարտահրաւէրի նման էին»: (լուսանկարը տրամադրած է ԴերՀովան)

ՍՍ– Դուք համաշխարհային ճանաչում բերած հայկական երգերու, ինչպէս «Քելէ-քելէ» երգի երաժիշտն էք, Մանկական Եւրատեսիլին՝ Հայաստանին առաջնութիւն բերած «Մամա» երգին գործիքաւորողը։  Ըստ ձեզի, ինչո՛ւ հայկական երգարուեստը համաշխարային մաշտաբով տարածում եւ ճանաչելիութիւն չունի։

ՅՏՅ— Առաջ՝ ձայնագրման ընկերութիւնները կը թողարկէին ալպոմները, իրենք ալ կը զբաղէին այդ գործերով, կապեր ստեղծելով, բայց տարիներու ընթացքին շատ բան փոխուեցաւ գիտարուեստի (technology) շնորհիւ։ Հիմա ամենահասարակ, ամենապարզունակ երգերը կրնան մեծ հիթ ունենալ աշխարհի մէջ։ Շատ անկանխատեսելի է։ Հիմա չես գիտեր ճիշդ ինչը կրնայ հասնիլ յաջողութեան։ Բայց, ըստ ինծի՝ պէտք է ստեղծուին կապեր, լեզուի, անգլերէնի լաւ իմացութիւն ունենալ, դուրսի հետ շփուելու կարողութիւն, ինչու չէ նաեւ՝ բախտ։ Ես առաջին օրէն միշտ երազած եմ ստեղծել երգեր, երազած եմ նաեւ ունենանք արուեստագէտներ, որոնք դուրսը շատ յայտնի կը դառնան։ Դասական երաժշտութեան մէջ օրինակ՝ Տիգրան Համասեանը կրցած է մեծ յաջողութիւններու հասնիլ։ Դասականի մէջ երգի բառեր չկան, ատոր համար աւելի հեշտ է համաշխարհային դառնալը։

ՍՍ– Հայաստան ապրելու երկար տարիներու փորձառութիւն ունիք։ Կեանքը ինչպէ՞ս է հոս՝ իր լաւ ու վատ կողմերով։

ՅՏՅ– (Խնդալով) նախքան մեր հարցազրոյցը, հոսանքը գնաց, ատկէ մէկ օր առաջ ջուր չունէինք։ Անցեալները մէկու մը կ’ըսէի՝  «Եթէ մէկը կ’ուզէ իր կեանքը անակնկալներով լեցուն ըլլայ, չգիտնայ վաղը ինչ կրնայ պատահիլ, թող գայ հոս»։ Անշուշտ շատ լաւ հնարաւորութիւններ ալ կան։ Մարդիկ, որոնք առաջին անգամ կու գան Հայաստան, կը զարմանան․ կ’ըսեն՝ «Օ՜, փաստօրէն համացանց ունիք, լաւ ճաշարաններ ունիք, սա ունիք, նա ունիք»։ Հայաստանի մասին միշտ սխալ կարծիք եղած է դուրսը, բարեբախտաբար ժամանակի ընթացքին ատիկա փոխուած է, եւ յաճախակի այցելութիւններով այդ սէրը, այդ կապը ստեղծուած է Հայաստանի հետ։ Բայց, ի հարկէ, դժուարութիւնները կան, այս վերջին երկու տարին մենք կը տեսնենք ինչ վատ վիճակի մէջ յայտնուած ենք։ Չենք հասկնար ուր կ’երթայ այս ամէն ինչը։

Ես 20 տարի է այստեղ եմ եւ ուրախ եմ։ Բայց որպէս արուեստագէտ փոփոխութիւն կ’ուզեմ, այստեղ այդ առումով շատ փակ է։ Բնակչութեան 97 տոկոսը հայ է, մենք ուրիշ ազգերու հետ չենք շփուիր։ Դժբախտաբար, ատիկա կ’ազդէ մեր զարգացման վրայ, ըլլայ առօրեայ կեանքին, կամ տարբեր ասպարէզներու վրայ։ Ես երբ Հայաստանէն դուրս կ’ելլեմ քանի մը շաբաթով, արդէն կը սկսիմ ուրիշ ձեւով մտածել, կ’ուզեմ այլ ձեւով ստեղծագործել։ Տարին մէկ երկու անգամ պէտք է այդ փոփոխութիւնը։ Այդ բոլոր թերութիւններով հանդերձ, ես ուրախ եմ հոս։ Եթէ նոյնիսկ գործով երթամ դուրս, գիտեմ, որ պիտի վերադառնամ։

Իսկ կեանքը ինչպէ՛ս է հոս․ Երեւանը փոքր է, հեշտ է դուրս գալը, մարդոց տեսնելը։ Պէտք չունիս երկար ճանապարհ քշելու, որ մէկու մը հանդիպիս։ Պէտք չունիս շաբաթներ առաջ ժամադրուելու։ Սկիզբը ինծի համար ալ խորթ էր, երբ յանկարծ մէկը տունս կու գար, բայց հիմա արդէն վարժուեցայ։ Թէեւ տարիներու ընթացքին հոս ալ փոխուեցաւ, արդէն մարդիկ աշխատանքի բերումով շատ ժամանակ չունին հանդիպումներու։ Եղանակի մասին խօսք չկայ․ եղանակը շատ-շատ լաւ է։ Թէեւ ամառը ահաւոր շոգ է, բայց մենք ունինք չորս եղանակ։ Թորոնթոյի աշունը կ’ատէի, այդ մութ, մոխրագոյն երկինքը երբեք չէի սիրեր։ Քիչ մը դժուար է համեմատել այստեղը դուրսի հետ, բայց բախտաւոր եմ, որ տարիներու ընթացքին ունեցած եմ լաւ ընկերներ, որոնց հետ կը շարունակեմ ընկերութիւնս։

Մէկ բան զիս շատ կ’անհանգստացնէ․ մարդիկ, որոնք հիասթափուած կ’ուզեն արտագաղթել։ Կ’ուզեմ շրջապատիս մէջ ըլլան մարդիկ, որոնք քիչ մը լաւատես են։ Կան շատ երիտասարդներ, որոնք շատ լաւատես են, հայրենասէր են, կ’ուզեն հոս ապրիլ, լաւ աշխատանք ունին՝ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու (IT) ոլորտի մէջ։ Կ’ուզէի օրինակ, որ բոլորս քաղաքականութեամբ չզբաղէինք։ Գանատա, օրինակ, չեմ գիտեր ես քանի անգամ քուէարկած եմ։ Բայց հոս ստիպուած ենք խորանալու քաղաքականութեան մէջ։ Իմանալ ինչ տեղի կ’ունենայ լաւ է, բայց շատ խորանալը ինծի այդքան ալ հաճելի չէ, որովհետեւ աւելորդ ծանրութիւն կը բերէ կեանքիդ մէջ։ Երանի այնպէս ըլլար, որ ամէն մէկս զբաղէինք մեր մասնագիտութեամբ, մեր կեանքով։

ՍՍ– Ի՞նչ խորհուրդ կու տաք սփիւռքահայ մեր հայրենակիցներուն Հայաստան հաստատուելու համար։

ՅՏՅ– Մեծ սպասելիքներ չունենալ, համբերութիւն ունենալ, որեւէ բանէ չհիասթափուիլ ու չհեռանալ։ Դժուարութիւններ կան, բայց շատ լաւ բաներ ալ կան։ Թորոնթոյէն հայրենադարձ եղած ընտանիքներու լաւ օրինակներ ունինք, որոնք հոս կ’ապրին։ Ամէն ինչը կայ հոս․ ուսում կայ, եթէ կ’ուզեն լաւ դպրոց դնել իրենց զաւակները, գործն ալ կայ, բայց մեծ ակնկալիքներ չունենալ։

Ես չեմ ուզեր ըսել, թէ եկէք ամէն ինչ լաւ է, որովհետեւ այդպէս չէ, բայց կ’ըսեմ՝ եկէք փորձեցէք, գուցէ կամաւորական ծրագիրներով քանի մը ամիս մնաք։ Այդպիսի շատ լաւ ծրագիրներ կան, որոնք ապրելու, աշխատելու hնարաւորութիւն կու տան երիտասարդներուն, որոնց մէկ մասը յետոյ կ’որոշէ հաստատուիլ։

«Ես չեմ ուզեր ըսել, թէ եկէք ամէն ինչ լաւ է, որովհետեւ այդպէս չէ»… (լուսանկարը տրամադրած է ԴերՀովան)

ՍՍ–  Յառաջիկային ի՞նչ ծրագիրներ ունիք։

ՅՏՅ– Վերջին քանի մը տարիներուն աւելի խորացայ ժողովրդական, հայրենասիրական ժանրին մէջ։ Շատ լաւ ծրագիրներ ըրինք Սեւակ Ամրոյանի, Արփիի հետ եւ շատ ուրախ եմ ատոր համար։ Հիմա կ’ուզեմ նոր բան ընել, նոր բաներ փորձել։ Կան ծրագիրներ, օրինակ՝ վերջերս աշխատեցայ Սաղիմահայ արուեստագէտ Աբօ Սահակեանի հետ։ Ան առաջին սփիւռքահայ արուեստագէտն էր, որուն հետ կը համագործակցիմ։ Արփիին եւ Աբոյին հետ «Հանի տանի» երգը շատ յաջող էր եւ շատ հաճոյք ստացայ այդ աշխատանքէն։ Հիմա Աբոյին հետ քանի մը ծրագիրներ կ’ընեմ։ Իրեն հետ աշխատիլը շատ հաճելի է։ Ան այն մարդոցմէ է, որ դեռ մէկ գործը չաւարտած մէկ այլ գործի մը ծրագիրը կը ներկայացնէ։ Մենք շատ արագ կ’աշխատինք, իսկ Հայաստանի մէջ ամէն ինչ կամաց, հանգիստ կ’ընթանայ։ Շատ շնորհակալ եմ իրեն, որ զիս կը վերադարձնէ արագ աշխատելու ժամանակին։