Սիւնիքի Համայնքները Իրար Կապող Ճանապարհներուն Վրայ Ազերիներու Առկայութիւնը Կը Հակասէ Մարդու Իրաւունքներու Միջազգային Հիմքերուն


Սիւնիքի Շուռնուխ համայնքի ճանապարհին տեղադրուած ազրպէյճաներէն ցուցանակը

ՀՀ Սիւնիքի մարզի համայնքները իրար կապող ճանապարհներուն վրայ ազրպէյճանական զինուած ծառայողներու (նաեւ դրօշներու ու ցուցանակներու) առկայութիւնը կը հակասէ մարդու իրաւունքներու միջազգային համակարգի հիմքերուն, կը խախտէ իրաւունքի գերակայութիւնը և հետևաբար՝ զուրկ է իրաւական որեւէ հիմքէ, ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ կը գրէ ՀՀ Մարդու Իրաւունքների Պաշտպան Արման Թաթոյեան։

Ան շարունակելով գրաւումը կը նշէ, որ ազրպէյճանցիները այդ վայրերու մէջ յայտնուած են, քանի որ՝

1) Արցախի մէջ հայերու նկատմամբ իրականացուցած են էթնիկ զտումներու ու ցեղասպան քաղաքականութիւն ահաբեկչական մեթոտներով.

2) խոշտանգած են ու անմարդկային վերաբերմունքի ենթարկած խաղաղ բնակիչները ու զինուորականները, կատարած են այլ դաժանութիւններ (կենդանի մարդոց գլխատումներ, մարմիններու անարգանք և այլն).

3) Արցախի դէմ օգտագործուցած են ճիհատիստներ ու ISIS ահաբեկիչներ, որոնք հայերու նկատմամբ կատարած են պատերազմական յանցագործութիւններ ու դաժանութիւններ.

4) Արցախի քաղաքացիական բնակավայրերը ենթարկած են դիտաւորեալ զանգուածային աւերածութիւններու, ներառեալ՝ արգիլուած կասետային զինատեսակներով.

5) պատերազմը առաջին իսկ օրէն ուղեկցուցած է հայատեացութեան խրախուսման պետական քաղաքականութեամբ ու հայերու նկատմամբ էթնիկ պատկանելիութեան հիմքով թշնամանքի հրահրմամբ (տարիներու համակարգային (institutional) քաղաքականութիւն).

6) պատերազմի ընթացքին իրենց մշտական բնակավայրերէն տեղահանուած է աւելի քան 100,000 խաղաղ բնակիչ, իսկ պատերազմի հետևանքով անօթևան մնացած է շուրջ 40,000 մարդ.

7) Ազրպէյճանի և Թուրքիոյ բարձրագոյն իշխանութեան մարմինները Հայաստանի ու ողջ հայ ժողովուրդի մասին բացայայտ կը խօսին ցեղասպանութեան սպառնալիքներու լեզուով (օրինակ՝ 2020-ի Դեկտեմբեր 10-ի Պաքուի ռազմական միջոցառումը).

8) Ազրպէյճանի իշխանութեան բարձրագոյն մարմինները, հանրային գործիչները կը վիրաւորեն հայերուն, ողջ հայ ժողովուրդին` արժանապատւութիւնը նուաստացնելու նպատակով ու ատիկա կը խրախուսեն, հրապարակայնօրէն կը հրահրեն ատելութիւն.

9) Հայաստանի սահմաններու որոշման գործընթացը տեղի կ՛ունենայ պատերազմի ու ուժի կիրառութեան սպառնալիքներուն տակ.

10) պատերազմի և ուժի սպառնալիքներու պատճառով սահմաններու որոշումը տեղի կ՛ունենայ մեքանական մեթոտներով ու անթոյլատրելի արագութեամբ ՝ առանց մասնագիտական աշխատանքներու, միջազգային կանոններու կոպիտ խախտումներով.

11) անտեսուած են Հայաստանի սահմանային բնակիչներու իրաւունքներն ու օրինական շահերը.

12) գործընթացը կ՛ուղեկցուի Հայաստանի սահմանային բնակիչներու սեփականութեան, տնտեսական գործունէութեան ու ընկերա-տնտեսական միւս իրաւունքներու կոպիտ խախտումներով (իրենց գոյքէն զրկուած ու անօթևան մնացած մարդիկ).

13) լրջօրեն վտանգուած են Սիւնիքի և Գեղարքունիքի մարզերու սահմանային բնակիչներու ու, առհասարակ, Հայաստանի ողջ բնակչութեան կեանքի, արժանապատւութեան, ֆիզիկական և հոգեկան անձեռնմխելիութեան և կենսական կարևորութեան միւս իրաւունքները.

14) սահմանային բնակավայրերու բնակիչներուն համար առկայ չէ կանխատեսելիութիւն կամ գործողութիւնները անորոշ են, առկայ չէ որևէ տեսակի ժամանակացոյց:

Ուստի, նկարագրուած մօտեցումներով սահմաններու որոշումը պիտի չնպաստէ տարածաշրջանին մէջ ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութեան. հակառակը` պարարտ հող պիտի ստեղծէ Ազրպէյճանի մէջ չդադարող հայատեացութեան ու թշնամանքի, մարդու իրաւունքներու շարունակական կոպիտ խախտումներու ու այլ վտանգաւոր դրսևորումներու համար: