Սկիզբ Առաւ Երեւանի Աւագանիի Արտահերթ Ընտրութիւններուն Քարոզարշաւը


Սեպտեմբեր 10ին սկիզբ առաւ Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններու քարոզարշաւը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբեր 21: Յառաջիկայ 11 օրերուն ընթացքին Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակից քաղաքական ուժերը երեւանցիներուն պիտի ներկայացնեն իրենց նախընտրական ծրագիրները, հանդէս պիտի գան Երեւանի խնդիրներուն լուծում տալու սեփական տեսլականով:

Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն կը մասնակցի 12 քաղաքական ուժ․ «Բարգաւաճ Հայաստան», «Ժառանգութիւն», ՀՅԴ, «Հայք», «Երկիր Ծիրանի», «Ռեֆորմիստներ», «Ժողովրդավարական Ուղի», «Օրինաց Երկիր» կուսակցութիւնները, «Իմ Քայլը», «Երեւանցիներ», «Երեւանի Հանրութիւն», «Լոյս» դաշինքները:

«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան համամասնական ցուցակը կը գլխաւորէ Րաֆֆի Յովհաննիսեանը:

«Լոյս» դաշինքի  քաղաքապետի թեկնածուն Արտակ Զեյնալեանն է:

«Իմ քայլը» դաշինքի քաղաքապետի թեկնածուն Հայկ Մարութեանն է:

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան թեկնածուն Նայիրա Զոհրաբեանն է:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համամասնական ցուցակը կը գլխաւորէ Միքայէլ Մանուկեանը:

«Երեւանի հանրութիւն» դաշինքի նախընտրական ցուցակը կը գլխաւորեն Անահիտ Թարխանեանը,  Արամ Գրիգորեանը եւ Արմէն Յովհաննիսեանը:

«Հայք»  կուսակցութեան համամասնական ցուցակը կը գլխաւորէ Գէորգ Յովսէփեանը:

«Ռեֆորմիստներ» կուսակցութեան  քաղաքապետի թեկնածուն Արտակ Աւետեանն է:

«Ժողովրդավարական Ուղի» կուսակցութեան թեկնածուն Մանուէլ Գասպարեանն է:

«Օրինաց Երկիր» կուսակցութեանը՝ Մհեր Շահգելդեանը:

«Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան համամասնական ցուցակը կը գլխաւորէ Զարուհի Փոստանջեանը:

«Երեւանցիներ» դաշինքի քաղաքապետի թեկնածուն Արարատ Զուրաբեանն է:

Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Սեպտեմբեր 23-ին: