Սկիզբ Առաւ Ջիւան Աւետիսեանի Արցախի Մասին Պատմող «Վերածնուածը» Ֆիլմին Crowdfunding-ը


Մամլոյ ասուլիս, Մարտ 30, Երեւան

«Փանորամա»,- Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան նկարահանած է Արցախի մասին երեք ֆիլմ ` «Թեւանիկ», «Վերջին Բնակիչը», «Դրախտի Դարպասը»: 2018-էն սկսած է աշխատելու նոր` «Վերածնուածը» նախագիծին շուրջ, որ կրկին կ՛անդրադառնայ Արցախին: Այսօր սկիզբ առաւ ֆիլմի crowdfunding արշաւը նուիրատուութիւն ընելու համար: 

«Մեզ համար միշտ կարեւոր է արուեստի բարձրորակ աշխատանք ստեղծել: Այդ ֆիլմն ալ պէտք է բարձորակ գործ ըլլայ, որուն միջոցով պիտի փորձենք պատմել Արցախի մասին», Մարտ 30-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսաւ Ջիւան Աւետիսեան:

Ըստ անոր «Վերածնուածը» ֆիլմը ունեցած է բաւականին բուռն զարգացման ընթացք, վերջին պատերազմէն ետք փոփոխութիւններ մտցուցած են թէ՛ սենարի, թէ՛ արտադրութեան մէջ:

«Եթէ ժամանակին Արցախի մասին ֆիլմերով կը փորձէինք աշխարհին պատմել մեր մասին, հիմա առաւել եւս կարեւոր է պատմել մեր ապագայ սերունդներուն, երեխաներուն, իրական ձեւով կարենանք գնահատել ու տեղ հասցնել այն իրողութիւնը, ինչ կատարուած է մեզի հետ` իրապէս հասկնալով կատարուածն ու բարձրորակ ֆիլմի միջոցով ներկայացնել հանրութեան»,- ըսաւ բեմադրիչը։

Սենարիստ Նարինէ Ոսկանեան ֆիլմի սենարին մասին խօսելով ըսաւ, որ 2018-էն սկսած են աշխատիլ գաղափարին, պատմութեան զարգացման շուրջ, հիմա կը շարունակեն զարգացնել սենարը ամուր, զօրեղ պատմութիւն ունենալու համար:

«Թեման խաղաղութիւնն է, բայց այդ խաղաղութեան հասնելու համար կարիք ունինք գտնելու մեր ինքնութիւնը: Այսօր աշխարհը իր ինքնութիւնը կորսնցուցած է, մարդածին աղէտները ինքնութիւնը կորսցնելու պատճառով տեղի կ’ունենան: Մենք ալ կարիք ունինք վերածնուելու: Ջիւանը յաճախ կ՛ըսէ` Արցախը մեր Երուսաղէմն է: Այո, այդպէս է, եւ այդ վերածնունդը Արցախէն պիտի ըլլայ»,- ըսաւ Ոսկանեան:

Ներկայացնելով ֆիլմը` սենարիստը ըսաւ, որ Արցախի մէջ տարիներ առաջ տեղի ունեցած դէպք մը կը դառնայ բոլոր հերոսներուն ինքնութեան վերականգնման պատճառը` կեդրոնական առանցքին մէջ պահելով Արցախը: Ֆիլմի պատմութեան մէջ նախատեսուած էր ունենալ 2016-ի Ապրիլեան դէպքերը, սակայն 2020-ի պատերազմը փոխած է իրենց ծրագիրները ու Ջիւան Աւետիսեանի Արցախէն վերադառնալէն ետք որոշած են, որ պէտք է ներառեն 2020-ի պատերազմը:

«Կը զարգացնենք նաեւ արհեստական բանականութեան ուղղութիւնը: Հերոսներէն մէկն ալ արհեստական բանականութիւնն է, որ երեք գլխաւոր հերոսներուն զուգահեռ կը զարգանայ, ինքն ալ կը վերածնուի», ըսաւ ան:

Սենարի խորհրդատու, ֆիլմերու մասնագէտ Զաւէն Բոյաջեան ըսաւ, որ Աւետսեան իր ֆիլմերով արցախեան թեման միջազգայնացուցած է, այսինքն` արցախեան խնդիրները ֆիլմի գեղարուեստական հիւսուածքի առումով տեղափոխուած են միջազգային շրջանակներ, դէպքերը միայն Արցախի մէջ տեղի չեն ունենար:

«Եթէ կ՛ուզենք Արցախի խնդիրները միջազգային արձագանգ ստանան, արտացոլուին գեղարուեստական ֆիլմաշխարհին մէջ․․․․, սա լաւագոյն ձեւն է Արցախը ներկայացնելու միջազգային հանդիսատեսին, հանրութեան: Ջիւանը ճիշտ ճանապարհի վրայ է, ինչը որ շատ արդիւնաւէտ է», ըսաւ Բոյաջեան:

«Վերածնուածը» ֆիլմի crowdfunding-ին կրնաք մասնակցիլ հետեւեալ յղումով։