Սոս Սարգսեան (Զ). Սեղանապետը


Մովսէս Ծիրանի

Սիրելի ընթերցող՝

Հիմա պիտի ըսես, որ «Նորէ՞ն Սոս Սարգսեանի մասին», այո’, իմ համբերատար ընթերցող, Սոսի մասին կարելի է նոյնի’սկ գիրքեր գրել…  առանց կրկնութիւներ ընելու:

Այո, ճիշդ է, որ Սոսի մասին բազմիցս գրած ու խօսած եմ, սակայն այս անգամ պիտի փորձեմ ներկայացնել զինք իբրեւ սեղանապետ, որ առանձին  մասնագիտութիւն է, որ տաղանդ, բանիմացութիւն եւ ինչ որ տեղ նաեւ ուշիմութիւն կ’ենթադրէ: Պէտք է ընդունինք, որ սեղաներու շուրջ, յատկապէս խմիչքի ազդեցութեան տակ, արտասանուած բաժակաճառերը, ոչ միան կրկնութիւններ կ’ըլլային (ու կը շարունակեն ըլլալ) այլ յաճախ իրենց տափակութեամբ ձանձրոյթ ու տաղտուկ եւս կը պատճառեն ներկաներուն: Սոսի պարագային այդպէս չէր: Ընդհակառակը, անոր բաժակաճառերը թէ՛ հետաքրքրական էին եւ թէ՛ ուսանելի միաժամանակ: Ան ներկաներուն իւրաքանչիւրին կու տար այնպիսի բնորոշ ու իւրօրինակ գնահատանքներ, որոնք ոչ միայն ենթակային կը մղէին ինքնագիտակցութեան ու ինքնավստահութեան, այլեւ կը ներշնչէին զայն, ինքզինք գնահատուած ու մեծարուած ըլլալու գոհունակութեամբ:  Ան կ’ըսէր, թէ «Գինին միայն խմելու համար չէ, այլ նաեւ բաժակաճառ արտասանելու, որովհետեւ մենք պէտք ունենք իրարու մէջ Մարդն ու Հայը ճանաչելու ու արժեւորելու, առանց սակայն մոռանալու թէ խմելն ալ արուեստ է ու իր չափն ու բարոյականութիւնը ունի… »: Իր ներկայութեան ուրիշ թէկնածուի հարց չէր կրնար ըլլալ… :

…………………………………………………………………………………………………………..

Այդ տարին Սարգիս Կիրակոսեանը եկած էր Հայաստան յատուկ առաքելութեամբ: Ես «պարտականութիւն» ունէի զինք ծանօթացնելու գրողներու, արուեստագէտներու եւ առհասարակ կարեւոր անձնաւորութիւններու, որոնցմէ շատերու հետ հարցազրոյցներ ձայնագրեց…: Այդ օրերուն Սարգիսը սիրահարուած էր ոմն Սիլվայի, որուն նուիրած էր բանաստեղծութիւն մը, որ խորքին մէջ, թէ յաջող էր և թէ բովանդակալից: Ան տկարութիւնը ունէր այդ բանաստեղծութիւնը ընթերցելու ամէն տեղ: Նոյնի’սկ երբ օր մը երկսեռ խումբով որսի կ’երթայինք, Սեւանայ լիճի կողմերը, Սարգիսը «Վան»ին մէջ ընթերցեց այն, որ թէեւ կրկին լսելը այնքան ալ տհաճ չէր, սակայն ճանապարհի խորտուբորտ ըլլալուն հետեւանքով բառերը յստակ չէին հասկցուեր, տաղտուկ պատճառելով  … յատկապէս Վարուժան Խտըշեանին:

Ուրեմն:

Դերասան Ալիք Խաչատրեանի տիկնոջ՝ դերասանուհի Ալիս Գաբլանջեանի ծննդեան տարեդարձն էր: Ներկայ էին նաեւ այլ դերասան, դերասանուհիներ ու մտաւորականներ: Թէեւ իրենց բնակարանը տարողութեամբ համեստ էր, սակայն սեղանը բաւականին մեծ էր ու ճոխ: Երբ կենաց խմելու հերթը Սարգիսին եկաւ, Սոսը գնահատելէ ետք անոր տարած խմբագրական ու առհասարակ մշակութային աշխատանքները, անդրադարձաւ նաեւ Սիլվային նուիրուած բանաստեղծութեան, զոր մինչ այդ ինք եւս քանի մը անգամ լսելու առիթը ունեցած էր: Երբ խօսք տրուեցաւ Սարգիսին, ան ձեռքը տարաւ ետեւի գրպանը… Վարուժանը աչքով-հունքով հասկցուց, որ արգիլեմ: Ես, որ Սարգիսի քովի աթոռը կը զբաղեցնէի, անմիջապէս ձեռքը բռնեցի ու ցած ձայնով ըսի «Ո’չ… տեղը չէ»: Սարգիսը կամաց մը ետ սահեցուց բանաստեղծութիւնը եւ ոտքի ելաւ…: Սոսը նշմարելէ ետք այս բոլորը, ըսաւ.

—Սագիս ջան, մի հրաշալի բանաստեղծութիւն ունես սիրոյ մասին: Խնդրում եմ ընթերցես, որպէս զի ներկաները եւս իմանան թէ ի՜նչ տանադաւոր բանաստեղծ ունի Պէյրութը:

Սարգիսը յաղթական հայեացք մը նետելէ ետք վրաս, այս անգամ անմիջական ու հաղորդական առոգանութեամբ կարդաց, աւելի ճիշդը ասմունքեց Սիլվային նուիրուած բանաստեղծութիւնը ու արժանացաւ բուռն ծափահարութիւններու:

Շատ չանցած, երբ ուրիշ օր մը, երեքս առանձին էինք Վարուժանի «Բաղրամեան» փողոցի վրայի բնակարանը, Սոսը յանդիմանեց մեզ, մեր անմարդկային վարմունքին համար… : (Իբրեւ երէց եղբայր ու հեղինակութիւն ան այդ իրաւունքը ունէր… մեր մէջ): Վարուժանը փորձեց առարկել).

—Բայց… «եավրում» հազար անգամ եղաւ, որ կը կարդայ նոյն բանը…«գլուխ կը շինէ» կոր…

 Սոսին պատասխանը.

—Նախընտրելի է, որ քանի մը րոպէի համար մեր բոլորիս «գլուխը շինուի», քան թէ Սարգիսի նման զգայուն բանաստեղծի մը սիրտը կոտրուի…նա նոր է սիհարուել: Չէք տեսնում ինչ ապրումով ու նուիրումով է կարդում…:

Ես սկիզբէն խոհեմաբար լռած էի, Վարուժանն ալ լռեց ու հարցը փակուեցաւ յօգուտ Հայ բանաստեղծի մը մարդկային անեղծ զգացումներուն… :

Սոսը այդպէս էր: Ան իր մարդկային վերաբերմունքը երբեք չէր կորսնցներ, որեւէ առիթի եւ ոեւէ արժանաւոր մարդու պարագային:

……………………………………………………………………………………………………………

Ուրիշ օր մը դարձեալ երեքով նոյն տեղն էինք, այն տարբերութեամբ, որ այդ շաբաթ լորամարգի յաջող որս ըրած էինք և հիւրեր պիտի ունենայինք: Մարտիկը գացած էր բանջարեղէնն ու ջրեղէնը ապահովելու, իսկ դուրսը՝ Ժանոն կրակը կը պատրաստէր: Յանկարծ Սոսի դուստրը՝ Անուշիկը ժամանակէն առաջ ներս մտաւ: Ան իսկապէս անունին տէրն էր թէ՛ արտաքինով, թէ՛ ներքին հմայքով եւ թէ՛ իր բարեհամբոյր ու մարդամօտ բնաւորութեամբ: Երբեմն ինք եւս ներկայ կ’ըլլար մեր հաւաքներուն, արժանանալով՝ բոլորիս համակրանքին ու յարգանքին: Ջերմօրէն ընդունելէ ետք զինք, ան հօրը կողքին նստաւ ու գլուխը հենեց անոր ուսին: Յոգնութենէ աւելի յուզուած կը թուէր ըլլալ: Բնականաբար օղին կար սեղանին: Սոսը Անուշիկի բաժակը եւս լեցնելէ ետք, առանց բան մը հարցնելու, գրկեց զինք խանդաղատանքով ու մեր ներկայութեան ըսաւ.

Նախքան մեր հիւրերուն գալը, պէտք է որ մեր մայրերի կենացը խմենք, որովհետեւ եթէ կնոջ մը համար ամուսնանալը պայման չէ, ապա մայրանալը ոչ միայն պայման է, այլեւ անհրաժեշտութիւն… յատկապէս՝ հայուհիներու պարագային: Ամուսնացիր, երեխաներ ծնիր և եթէ չկարողանաս ամուսնուդ հետ «յոլա գնալ», բաժանուիր… բայց մայրանալուց յետոյ միայն: Դա ամօթ չէ… Ամօթն ու վատը կեղծ բարոյականութեան զոհ լինելն է… :

Հայր ու աղջիկ զիրար լաւ կը հասկնային…: ՀԵտագային այդպէս ալ ըրաւ Անուշիկը… : Սոսը այդպէս էր, ան ընկերային, ազգային ու մարդկային հարցերը ընդելուզելով իրարու, կրնար քանի մը խնդիր լուծել… միաժամանակ:

……………………………………………………………………………………………………………….

Երևան, 1980 Սեպտեմբեր:

Հեռաձայնեցի…

—Սոս ջան՝ հիւրեր ունեմ: Դասընկերուհիներս են, որոնք եկել են Այնճարից ու  խնդրում են հանդիպել քո հետ:

— Հասկացայ, բայց ի՞նչացո՞ւ են, ինչո՞ւ են եկել:

—Սկզբից ասեմ, որ ընթացիկ զբօսաշրջիկներ չեն, այլ ուսուցչուհիներ, եկել են վերապատրաստման ու հայրենի մշակոյթը տեղւոյն վրայ սերտելու… :

— Լաւ, որ էդպէս է նրանց տունս կը բերես:

Պայմանաւորուեցանք, յաջորդ օրն իսկ երեկոյեան Սոսի մօտ էինք: Ան գրկաբաց ընդունեց մեզ ու բնականաբար ինչպէս կարգն էր, սեղան բացուեցաւ: Բոլոր ներկաներուն կենացը խմելէ ետք, իբրեւ ամենաթանկագինը, վերջին կենացը վերապահեց hօրեղբօրս աղջկան՝ Վիքթորիա Հերկելեանին ու Մարօ Ֆիլհաննէսեանին: Բոլորին բաժակները նորոգելէ ետք, ըսաւ.

—Ես ձեզ պատիւ եմ տալիս, ոչ թէ նրա համար որ դուք իմ մօտիկ ընկերոջ մօտիկ անձնաւորութիւններ էք, այլ նրա համար որ ուսուցչուհիներ էք: Ասում են թէ «Ուսուցչութիւնը ապերախտ գործ է»: Այդպէս մտածողները անձնասէր ու այլասերած մարդիկ են: Իրականութեան մէջ ՈՍՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆը ոչ միան  շնորհակալ ու չափազանց կենսական  մասնագիտութիւն է, այլ նաեւ «Ազգային Սրբազան Առաքելութիւն»: Ձեզ վստահուած է սերունդներ դաստիարակել ու նախապատրաստել ապագայ գիտակից ու անձնուէր հայորդիներ, որոնք ապագային կը գնահատեն ու վարձահատոյց կը լինեն ձեզ… և ազգին… չկասծածէ’ք… դուք յանձնառու «Առաքեալներ» էք…. դրա համար եկէք, ձեր հմայքով գեղեցկացրէք հայրենիքն ու յաճախ այցելէք…:

Այսպէս էր Սոսը: Անոր բովանդակալից բաժակաճառերը, անհատին  ինքնարժէքը բացայայտելէ ետք, կեանքը իմաստաւորելու ուժ ու կորով կը հաղորդէին անոր:

………………………………………………………………………………………………………….

Եղէգնաձոր,1980, Աշուն:

Կը յիշեմ Նոյեմբեր 14-ին էր, Մուշեղ Գալշոյանի հետ պատահած անհեթեթ արկածին նոյն օրը: Համաձայն նախապէս մեր պայմանաւորուածութեան, այդ օր Մուշեղը եւս մեզ հետ պիտի գար, սակայն անտրամաբանական պարագաներու բերումով, եղաւ այն ինչ որ պատահեցաւ անսպասելիօրէն ու անշուշտ… խիստ ցաւալի… : Այս մէկը ուրիշ պատմութիւն է… գրած եմ արդէն… անցնինք:

Շրջանի որսորդապետ՝ Սամուէլի հրաւէրով ու կազմակերպութեամբ  Եղէգնաձոր մեկնած էինք որսի՝ Վարուժան Խտըշեանի, Մարտիկ Պոյաճեանի եւ Պօղոս Գասապեանի հետ, մեր հետն էին նաև Սոս Սարգսեանն ու Ռազմիկ Դաւոյեանը:

Գեղանկարիչ Բագրատ Գրիգորեանը, որուն ազգականն էր Սամուէլը, տեղեկացուցած էր, թէ անոր պապը եղած էր Նժդեհի զինուորներէն, որուն համար չափազանց հպարտ էր…: Հոն հասնելէն ետք երբ տղոց ներկայութեան հարցուցի իր մասին, ան ըսաւ.

—Այո, դա ճիշդ է, կարող էք տեսնել ու նաեւ զրուցել հետը: Նա ներսումն է եւ գիտի որ դուք գալու էք, սակայն խնդրում եմ իր ներկայութեան այդ մասին չխօսէք, որովհետեւ նա վստահութիւն չունի մեր սերունդի եւ յատկապէս՝ Սփիւռքահայ ուսանողների վրայ…:

Թէև հաճելի չէր նման բան լսելը, սակայն բոլորս՝ ներառեալ Ռազմիկն ու Սոսը, խոստացանք որ նկատի կ’առնենք այդ «փափուկ» հանգամանքը… :

(Ճիշդ հասկցուելու համար, հոս հարկաւոր է փակագիծ մը բանալ: Այդ օր մենք որսի քողի տակ, Սոսի առաջնորդութեամբ եկած էինք նաեւ ստուգելու, թէ իրապէ՞ս ազերիները նոր գիւղ մը հիմնելու համար, հովիւ մը եւս (իր պարագաներով), ուղարկած էին Եղէգնաձոր… : Այդ տարիներուն ազերիները ծրագուած ձեւով կեցութեան վայրեր, կամ ուղղակի գիւղեր կը հիմնէին Զանգեզուրի մէջ, շղթայի նման Ազրպէյճանը Նախիջեւանին կապելու հեռանկարով… : Սամուէլի ցուցմունքներով գացինք գտանք այդ վայրը, ուր արդէն իսկ տասնեակէ մը աւելի Ազերի քոչուոր ընտանիքներ հաստատուած էին… : Երբ Երեւան վերադարձանք մեր ստացած տեղեկութիւնները փոխանցեցինք «Առ որ Անկ է»: Այս մէկը եւս ուրիշ պատմութիւն է, որուն մասին այլ առիթով կը գրեմ):

Մեր որսը յաջող էր: Օդը զով՝ ու հաճելի: Սեղանը պատրաստուեցաւ Սամուէլենց բակը, գետնափոր թոնիրի կողքին, որ մեր՝ ու յատկապէս Վարուժանի յատուկ ուշադրութիւնը գրաւեց… : Հրաւիրուած էին նաեւ քանի մը հարեւաններ ու մերձաւորներ:

Թէև ջերմութեամբ ընդունուեցանք ներկաներուն, յատկապէս Սամուէլ Պապին կողմէ, սակայն պաշտօնական ու պրկուած վիճակ մը կը տիրէր սեղանի շուրջ: «Ինչ որ տեղ ինչ որ բան սխալ է» պիտի ըսէր քանքարաւոր գրողը՝ Սարոյեան:

Ռազմիկը, որ առաջին անգամն էր որ որսի կու գար մեզ հետ, ընթացքին խօսք առաւ եւ պատմելէ ետք, թէ ինք ինչպէ’ս այդ օր կաքաւ մը որսաց ու խղճահարուեցաւ, յայտարարեց.

­—Մի անգամ էլ ես թռչունի վրայ չեմ կրակի:

Սոսը առանց յապաղելու ոտքի ելաւ ու ըսաւ.

—Ռազմիկ ջան: Ես հասկանում եմ քո մարդկային վերաբերմունքը կենդանիների հանդէպ, սակայն մինչեւ այն ատեն որ մենք շրջապատուած ենք Թուրքերի նման վայրագ թշնամիներով, Հայ մարդը կրակել պիտի իմանայ… :

Ու պահ մը լռելէ ետք, աւելցուց.

­—Նկատի առէք որ «Որսորդը պատրաստ զինուոր է… »:

Սոսի պատասխանը ջերմ ընդունելութիւն գտաւ ներկաներուն, յատկապէս Սամուէլ Պապին մօտ, որ տանուտէրի իրաւունքով, բազմած էր սեղանի աջ շարքի կեդրոնը Սոսի կողքին: Ան պատկառելի արտաքինով, ինքնավստահ ու տիրական ներկայութիւն էր, որ արժանացած կը թուէր ըլլալ գիւղացիներու համակրանքին ու ակնածանքին: Սոսը պահը յարմար նկատելով շարունակեց.

—Հիմա առաջարկելու եմ մի բացառաիկ կենաց: Եթէ չլինէր Նժդեհը, Սիւնիքը չէր լինի, սակայն եթէ չլինէին Նժդէհի զինուորները, ոչ Նժդեհը կը լինէր եւ ոչ ալ Զանգեզուրը: Այսօր մենք այստեղ ենք շնորհիւ Նժդեհին ու իր քաջարի կամաւորներին, որոնցից ոմանք, նրանց երեխաներն ու թոռները վստահաբար մեր մէջ են գտնւում… : Նժդեհն ասել է, որ «Զագեզուրը Հայաստանի ողնաշարն է»: Առանց այս զանգեզուրեան ողնաշարի չի կարող Հայաստան գոյութիւն ունենալ: Ինքն ու իր զինուորները ապրում են մեր մէջ… ձե’ր մէջ…: Հայրենիքի «ողնաշարի» տէրը դուք էք, դուք էք պահելու այն: Ուրեմն՝ … ուրեմն խմում ենք Նժդեհի ու իր զինուորների կենացը, թէ նրանց, ովքեր վերեւից հսկում են մեր վրայ ու յատկապէս նրանց՝ ովքեր մեր մէջ են այսօր այս պահին… :

Ներկաները բնազդաբար ոտքի ելան ու հայեացքները ուղղուեցան դէպի տանուտէրը: Սոսը ցուցականօրէն գաւաթը խփելէ ետք անոր գաւաթին, ըսաւ.

—Այս կենացը հարկաւոր է ծաղկեցնել Նժդեհի երգով… :

Ու մենք ոտքի վրայ սկսանք. «Արազի Ափին ծնած ընկեր…»: Պարզուեցաւ որ ներկաները գրեթէ բոլորն ալ ծանօթ էին երգին: Սամուէլ Պապը եւս աշխուժօրէն կը մասնակցէր… ընթացքին սակայն աչքի տակով կը հետեւէր մեր երգեցողութեան… շատ հաւանաբար ստուգելու համար թէ մենք իսկապէս ո՞վքեր էինք… : Երգի աւարտին, ան անխօս համբուրեց Սոսի ճակատը… տեղէն ելաւ, դանդաղօրէն մօտեցաւ գետնափոր թոնիրին… բանալ տուաւ կափարիչը, գաւաթը բարձրացուց դէպի երկինք… ու ծիսական երկուղածութեամբ նռան գինին հեղեց թեժացած թոնիրին մէջ… դա՜նդաղօրէն, յայտարարելով.

—Կենացդ Սպարապետ… :

Ապա մէկ առ մէկ «մեզ չորսիս» ճակատներէն եւս համբուրելէ ետք, Սամուէլ Պապը բարձրաձայն դիմեց Սամուէլին:

Ապրես տղաս, «Հալալ» ընկերներ ունես… :

Ամէն ինչ հասկնալի էր…

Բնականաբար ազգային-յեխափոխական երգերը իրարու յաջորդեցին…: Չես գիտեր ե՞րբ եւ ի՞նչպէս Սամուէլենց բակը լեցուեցաւ գիւղացիներով ու խնճոյքը վերածուեցաւ ժողովրդական տօնի…:  

Այսպէս էր Սոսը: Ան չափազանց սիրուած էր ժողովուրդին կողմէ: Ու՞ր որ յայտնուէր… տեղի կ’ունենային ինքնաբուխ ազգային տօնախմբութիւններ… : Ան գիտէր ո՞ւր, ե՞րբ եւ ի՞նչպէս արժանաւորներուն գնահատել, ժողովուրդի հայրենասիրական զգագումները խթանել ու… խանդավառութիւն ստեղծել… :

(Երեւան, 1920, Նոյեմբեր)