Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ Հայոց Մեծ Եղեռնի Ոգեկոչման 104րդ Ամեակին Առթիւ


Միջ յարանուանական պատարագէն պատկեր մը, Ապրիլ 24, Ս. Աստուածածին եկեղեցի, Թորոնթօ:

Մա­տաթ Բ. Մա­մու­րեան


Չո­րեք­շաբ­թի, 24 Ապ­րիլ 2019ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7:30ին, Թո­րոն­թո­յի Միջ-յա­րա­նո­ւա­նա­կան յանձ­նա­խում­բի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ Մեծ Ե­ղեռ­նի ո­գե­կո­չա­կան Սուրբ եւ Ան­մահ Պա­տա­րագ, Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին Հայց. Ա­ռաք. Ե­կե­ղեց­ւոյ ­մէջ։

Սուրբ Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց գա­նա­տա­հա­յոց Փո­խա­ռաջ­նորդ եւ Ս. Եր­րոր­դու­թիւն Հայց. Ա­ռաք. Ե­կե­ղեց­ւոյ ­հո­գե­ւոր­ հո­վիւ Զա­րեհ Ա. Քհնյ. Զար­գա­րեան։ Ս. խո­րա­նին սպա­սար­կե­ցին հայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու բա­րեշ­նորհ սար­կա­ւագ­ներ։

Շա­րա­կան­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը ներ­դաշ­նակ կեր­պով կա­տա­րո­ւե­ցան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու դպրաց դա­սե­րուն կող­մէ, ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ Ա­նուշ Գալս­տեա­նի, նո­ւա­գակ­ցու­թեամբª Սո­նա Ար­թի­նեա­նի։ Դա­սին մէջ ներ­կայ էին Գե­ղարդ Ծ. վրդ. Քիւս­պէ­կեան՝ Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ եւ հո­գե­ւոր­ հո­վիւ Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ, Ե­ղիա Ծ. վրդ. Քի­րէ­ջեան՝ հո­վիւ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ, Տ. Հա­րոլտ Նա­հա­պե­տեան՝ Անկ­լի­քան ե­կե­ղեց­ւոյ ­հո­վիւ, օ­րո­ւայ բա­նա­խօս՝ Միհ­րան Ճիզ­մէ­ճեան (Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցի), Միջ-յարանուական Մարմնի ատենապետ Յակոբ Ճանպազեան, ինչ­պէս նաեւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ մեծ թի­ւով հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։

Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ բա­րե­խօ­սա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն։

Օ­րո­ւան բա­նա­խօս Միհ­րան Ճիզ­մէ­ճեան իր՝ ՙՄեծ Ե­ղեռ­նը եւ Մենք՚ նիւ­թով ­բա­նա­խօ­սու­թեան ըն­թաց­քին ը­սաւ. ՙՔա­նի մը օ­րեր ա­ռաջ Յի­սու­սի չար­չա­րանք­նե­րուն, խա­չե­լու­թեան եւ հրա­շա­փառ Յա­րու­թեան տօ­նը ն­շե­ցինք։ Այ­սօր հա­ւա­քո­ւած ենք­ մեր յար­գան­քի տուր­քը տա­լու սրբա­դա­սո­ւած Մեծ Ե­ղեռ­նի ­մեր նա­հա­տակ­նե­րու ան­մահ յի­շա­տա­կին, հա­ւա­տա­լով որ ՙՄահ Ի­մա­ցեալ Ան­մա­հու­թիւն է՚։ Մեծ Ե­ղեռ­նը ­մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ե­ղաւ հա­մազ­գա­յին ան­նա­խըն­թաց ա­ղէտ մը։ Սփիւռ­քի թէ Հայ­րե­նի­քի մէջ չկայ հայ մը, որ ­մօ­տէն կամ հե­ռո­ւէն կրած չըլ­լայ 20րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին այս ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը՚։

Բա­նա­խօ­սը իր ­խօս­քը վեր­ջա­ցուց հե­տե­ւեալ մտքով․ ՙՄեր նա­հա­տակ­նե­րուն կտա­կին հա­ւա­տա­րիմ մնա­լու հա­մար պէտք է մոռ­նանք մեր մեծ ու փոքրՙես՚ե­րը, ՙկողմ՚ե­րը եւ ան­հա­տա­կան շա­հե­րը, փա­րե­լով միայն հո­գե­կա­նին՚։

Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բա­ժի­նով հան­դէս ե­կաւ Թո­րոն­թո­յի ՙՆա­յի­րի՚ երգ­չա­խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ Վազ­գէն Գալ­ճեա­նի, դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ՝ Սո­նա Յով­սէ­փեա­նի, ներ­կա­յաց­նե­լով ՙՏէր Զօր՚« ՙԹողՀն­չեն Շե­փոր՚ եր­գե­րը։

Շնոր­հա­կա­լա­կան եւ փակ­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Գե­ղարդ վրդ. Քիւս­պէ­կեան։ Ե­ղիա Ծ. վրդ. Քի­րէ­ջեա­նի ՙՊահ­պա­նիչ՚ով ձեռ­նար­կը իր ա­ւար­տին հա­սաւ, որ­մէ ետք ներ­կա­նե­րը հե­տե­ւե­լով թա­փո­րին, հո­գե­ւո­րակն­նե­րուն հետ ուղ­ղո­ւե­ցան Նա­հա­տա­կաց Յու­շար­ձան, ուր զե­տե­ղե­ցին մե­խակ­ներ։

Ա­ւար­տին, ե­կե­ղեց­ւոյ ՙՅով­նա­նեան՚ ներք­նաս­րա­հին մէջ­տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։