Սուրիահայ Գործարարները Դեղորայքի Գործարան Բացած Են Հայաստանի Մէջ


 «Արմենփրես»․- Կոտայքի մարզի Ջրվէժ գիւղին մէջ Ապրիլ 1­ին բացուեցաւ «Թուֆենքչի Կրուփ» դեղագործական արտադրանքի գործարանը, զոր հիմնադրած են սուրիահայ գործարարներ: Բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան եւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան նշած է, գործարանը պիտի արտադրէ այնպիսի դեղեր, որոնք պահանջարկ ունին ներքին շուկայի մէջ:

«Արտադրութեան սպառման պարագային ան հնարաւորութիւն պիտի տայ մինչեւ 30-­40 տոկոսով շուկայի մէջ դեղերու գիները նուազեցնել»,­- ըսած է նախարար Ալթունեան: Անոր խօսքով` նման տեսակի գործարան դեռ չէ եղած Հայաստանի մէջ: «Ի հարկէ, ունինք դեղագործական արտադրութիւններ, որոնք կը զբաղին այլ գործառոյթներով, սակայն փաթեթաւորման այսպիսի արտադրութիւն դեռ չէ եղած: Յուսով եմ, որ նման արտադրութիւնները կը զարգանան»,­ նշած է նախարարը:

 «Թուֆենքչի» ընկերութեան նպատակն է արտադրել բարձրորակ դեղագործական արտադրանք, մասնաւորապէս` ցաւազրկիչներ, հաբորբոքային դեղեր, սննդային յաւելումներ, կենսանիւթեր (vitamin), հակաշաքարախտային դեղեր եւ այլն:

Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան կարեւորեց, որ գործարանը ստեղծուած է սուրիահայերու կողմէ: «Նման նախաձեռնութիւնները նախարարութեան համար շատ ողջունելի են եւ ուրախալի: Մենք պատրաստ ենք սփիւռքի մեր բոլոր հայրենակիցներուն կողքին ըլլալ , որպէսզի նման նախաձեռնութիւնները աւելի յաճախակի ըլլան եւ անոնց համար Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալելը ըլլայ աւելի գրաւիչ եւ ուրախալի»,­ ընդգծած է Կարայեան:

«Թուֆենքչի Կրուփ» գործարանի գործադիր տնօրէն Քառլօ Գասպար նշած է, որ 2017ին ընկերութիւնը կը նախատեսէ արտադրել 350-­400 հազար տոլարի արտադրանք, ստեղծել 25-­30 աշխատատեղ: «Յետագային կը նախատեսուի ընդլայնել արտադրութիւնը, եւ ստեղծել եւս 50-­60 աշխատատեղ: Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարին հետ սերտ համագործակցութիւն ծաւալեցինք: Նախարարութիւնը ցոյց տուաւ մեզի ամենակարճ եւ դիւրին ճանապարհը, որպէսզի կարենանք արագացնել գործարանի շահագործման գործընթացը», ­ընդգծած է տնօրէնը: Ըստ անոր` ընկերութիւնը կը նախատեսէ իր արտադրանքը արտահանել Սուրիա, Լիբանան, Յորդանան, Լիպիա, Ալժիր, Եմեն եւ այլն:

Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի դիտարկմամբ` նման նախաձեռնութիւնները պիտի խթանեն միւս սուրիահայերուն Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալելու: «Շատ հաճելի է, որ սուրիահայերը կան բոլոր ոլորտներու մէջ, եւ այսօր նման ձեռնարկութիւն մը բացուեցաւ: Սա նաեւ յոյս եւ վստահութիւն է բոլոր այն սուրիահայերուն համար, որոնք դեռ կը տատամսին` մնալ հայրենիքի մէջ, թէ ոչ: Սուրիահայերու ներուժը շատ մեծ է, անոնք բոլորն ալ ստեղծագործ, արարող եւ աշխատող նուիրեալ մարդիկ են»,­ եզրայփակած է նախարարը: