Սուրիոյ Բանակին Մէջ Ծառայող Հայ Զինուորներու Օրհնութիւն՝ Դամասկոսի Մէջ


Դամասկոսի Սզգ․ Առաջնորդարանէն կը տեղեկացնեն, որ Սեպտեմբեր 29ին, Սուրբ Գէորգի եւ Վարագայ Սուրբ Խաչի զոյգ տօներուն առթիւ Դամասկոսի Սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Զինուորի օրհնութեան յատուկ կարգ: Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի հրաւէրով եւ Դամասկոսի Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմնի (ԴՇՕՄ) կազմակերպութեամբ, Սբ. Սարգիս Եկեղեցի հաւաքուած էին Հարաւային Սուրիոյ եւ մանաւանդ Դամասկոսի շրջաններուն մէջ ծառայող 65 հայ զինուրներ:

Օրհնութեան աղօթքին ներկայ էին նաեւ Սուրիոյ Ժողովրդային Ժողովի երեսփոխան Տոքթ. Նորա Արիսեան եւ ԴՇՕՄի անդամները: Անհրաժեշտ է նշել, որ ըստ Դամասկոսի Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմնի (ԴՇՕՄ) կատարած արձանագրութեանց՝ Դամասկոսի շրջանին մէջ Սուրիական բանակին մէջ կը ծառայեն 115 հայ զինուորներ:

Ուրբաթ օր օրհնութեան աղօթքին ներկայ եղան միայն 65 զինուորներ, նկատի առնելով որ մնացեալ զինուորները առիթը չունեցան համապատասխան թոյլտուութիւն առնելու եւ կամ հեռաւորութեան պատճառով չկրցան նեկայ գտնուիլ: Աղօքթի աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց Սուրիոյ Ժողովրդային Ժողովի երեսփոխան Տոքթ. Նորա Արիսեան, որ կարեւորեց Սուրիական բանակին արձանագրած վերջին յաջողութիւնները, որոնք նպաստեցին Սուրիոյ մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատմանը: Ան ի մասնաւորի ընդգծեց հայ ժողովուրդի եւ մանաւանդ հայ զինուորին ներդրումին կարեւորութիւնը Սուրիոյ պատերազմին եւ ճգնաժամին մէջ գոյատեւելու եւ յաղթահարելու անկոտրում կամքը:

Ապա Սրբազան Հայրը օրհնութեան իր խօսքը ուղղեց ներկայ զինուորներուն եւ ըսաւ. «Հայ ժողովուրդը կատարած է անուրանալի եւ անգին ներդրում Սուրիոյ զարգացման եւ վերելքին մէջ, ինչպէս նաեւ հայ զինուորներուն եւ հայ զօրավարներուն կատարած հերոսական ծառայութիւնը Սուրիոյ վճռորոշ եւ ճակատագրական պատերազմներու ընթացքին գովասանքի արժանի է: Իբրեւ Քրիստոնեայ մենք մերժելով կը մերժենք ամէն տեսակի պատերազմական գործողութիւն: Սակայն նաեւ տէր ենք մեր իրաւունքին եւ երբ ժամը հասնի պատրաստ ենք նաեւ դիմելու զէնքին եւ պաշտպանելու մեր երկիրն ու մեր արժէքները: Դուք այսօր մեր պաշտպաններն էք: Մեր հայ արծիւներն էք Սուրիական բանակին մէջ: Ձեր ծառայութեան միջոցով է որ մենք կը դառնաք Սուրիոյ հայրինիքին իրական, անբաժանելի եւ կարեւոր մէկ մասնիկը: Կը մաղթեմ Ձեզ հաւատարիմ եւ խաղաղ ծառայութիւն, ինչպէս նաեւ ծառայութեան շուտափոյթ աւարտ, որպէսզի վերադառնաք Ձեր ընտանիքներուն: Աստուած օրհնէ Ձեզ բոլորդ»։

Ապա բոլոր զինուորները ստացան Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը, որմէ ետք՝ ջերմ մթնոլորտի  մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, զոր պատրաստած էր Դամասկոսի Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինը (ԴՇՕՄ), զինուորները առիթ ունեցան միմեանց ծանօթանալու եւ իրենց փորձառութիւնները փոխանակելու:

Մեկնումէ առաջ զինուորներուն բաշխուեցան նիւթական նպաստներ եւ Հայաստանէն Սուրիա առաքուած օժանդակութենէն անուշեղէնի պահածոներ: