Սուրիոյ Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Ճանչցաւ եւ Դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը


Սուրիոյ Խորհրդարանը

Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2020-ին, Սուրիոյ Խորհրդարանը միաձայնութեամբ քուէարկեց ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման՝  «Սուրիա-Հայաստան բարեկամական խորհրդարանական յանձնաժողով»ին, որ կը նախագահէ հայ պատգամաւոր դոկտ. Նորա Արիսեանը, ներկայացուցած բանաձեւին։ Խորհրդարանի պատգամաւորները բուռն ու յոտնկայս ծափողջիւններով ողջունած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը:

Սուրիոյ խորհրդարանի քարտուղար Ռամի Սալեհ նշած էր, որ թէեւ Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ յարգանքի տուրք մատուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, սակայն անհրաժեշտ էր ունենալ նման բանաձեւ մը:

Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Մոհամմատ Հաճ Իպրահիմ կարեւոր նկատած է Սուրիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը` նշելով, որ զայն իրագործողներուն ժառանգները այսօր ալ նոյն ոճիրը կ՛իրագործեն Սուրիոյ ժողովուրդին նկատմամբ` ահաբեկիչներու ձեռքով: «Ճանաչումը կարեւոր է, քանի որ արաբական երկիրներէն միայն Լիբանանն է՝ մինչեւ հիմա ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը», ըսած է ան:

Դոկտ․ Արիսեան իր ֆէսպուքեան էջին վրայ կը մեջբերէ ընդունուած բանաձեւը, ուր մասնաւորապէս կ՛ըսուի․

«Հիմնուելով պատմական իրականութեան վրայ, որ կը հաստատէ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքի վրայ 1915-1923-ի միջեւ հայ ժողովուրդի բնաջնջումը,
«Նկատի առնելով, որ ըստ սուրիական աղբիւրներուն՝ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին Հայոց ցեղասպանութեան ու ջարդերու մեծ մասը տեղի ունեցաւ սուրիական հողատարածքին վրայ: Արդ, սուրիացի ժողովուրդը դարձաւ ականատեսը այս ոճիրին, ուր 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարասկիզբին թուրք-օսմանցիներու հրամանով տեղի ունեցաւ 1.5 միլիոն հայերու կանխամտածուած ցեղասպանութիւնը,
«Սուրիոյ խորհրդարանը կը դատապարտէ եւ կը ճանչնայ հայերու ցեղասպանութեան ոճիրը, եւ իր խոր զօրակցութիւնը կը յայտնէ եղբայրական հայ ժողովուրդին, ան նաեւ կը դատապարտէ պատմական իրողութիւնը ժխտող եւ խեղաթիւրող, որեւէ փորձ, զայն համարելով մարդկութեան դէմ ամենածանր ոճիրներէն մէկը:
«Խորհրդարանը կը հաստատէ, որ հայերը, ասորիները, եւ սուրիացի ժողովուրդի այլ մասնիկները զոհ դարձան այդ ժամանակաշրջանին թուրք-օսմանցիներու ձեռքով իրականացուած ջարդերու եւ ցեղային զտումին, եւ կոչ կ’ուղղէ աշխարհի խորհրդարաններուն եւ միջազգային հանրութեան զայն ճանչնալու եւ դատապարտելու»: