Սուրիոյ Մէջ Հայ Մասնագէտները Ականազերծման եւ Բժշկական Օգնութիւն Կը Տրամադրեն


Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով  ականազերծողներէ, բժիշկներէ եւ անոնց անմիջական անվտանգութիւնը ապահովող հայ մասնագէտներէ բաղկացած խումբը, Փետրուար 19ին, սկսած է իր գործունէութեան։

Հայաստանէն մեկնած ականազերծող հայ մասնագէտները մինչեւ հիմա ականազերծած են աւելի քան 10,510 քմ տարածք: Յայտնաբերած եւ ոչնչացուցած են տարբեր տեսակի հարիւրաւոր ականներ, ռումբի չպայթած մասնիկներ: Մարդասիրական առաքելութեան կազմին մէջ ընդգրկուած բժիշկները, իրենց գործունէութիւնը կը ծաւալեն Հալէպի ռազմական հիւանդանոցին եւ համալսարանական դարմանատուներուն մէջ:

Փետրուար 18էն մինչ այսօր, հայ բժիշկները, սուրիացի իրենց գործընկերներուն հետ, կատարած են 50 վիրաբուժութիւն եւ մօտ 100 բուժական օգնութիւն: Իրականացուած է 160 դարմանատնային, կենսաքիմիական եւ հորմոնալ տարրալուծական հետազօտութիւն:

Բացի վերոնշեալէն, մէկ բժիշկ՝ իւրաքանչիւր օր՝ բժշկական ապահովում իրականացնելու նպատակով կ՝ընդգրկուի ականազերծողներու խումբին մէջ:

Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւնը կը շարունակուի: