Սպանիոյ Վալենսիա Քաղաքը կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը


Յունիս 9ին Սպանիոյ Վալենսիա քաղաքի տեղական ինքնակառավարման խորհուրդը ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող որոշում:

Հայատանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ «Քոմփրոմիս», «Վալենսիա էն Գոմուն» եւ Ընկերվարական կուսակցութիւնները կողմ քուէարկած են «Արարատ» հայկական միութեան` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւին օգտին` դատապարտելով 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ յորդորելով Վալենսիայի խորհրդարանին, Սպանիոյ կառավարութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ` հետեւելու իրենց օրինակին: