Սպանիոյ Քուլերա Եւ Իտալիոյ Թոլֆա Քաղաքները Կը Ճանչնան Ցեղասպանութիւնը


«Հայերն Այսօր»․- Սպանիոյ Վալենսիա նահանգին մէջ գտնուող Քուլերա քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի չորս կուսակցութիւնները միաձայնութեամբ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ դատապարտելով մարդկութեան դէմ այդ ոճիրը եւ յորդորելով Սպանիոյ իշխանութիւններն ու Թուրքիան՝ հետեւիլ այդ քաղաքի օրինակին:

Քաղաքապետ Ճորտի Մայոր իր խօսքին մէջ նշած է, թէ իրադարձութիւնները պէտք է կոչել իրենց ճշգրիտ անուններով, եւ շեշտած է, թէ ա՛յն, ինչ տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդին հետ 20րդ դարասկիզբին, միայն մէկ անուն ունի, որ «ցեղասպանութիւն» է:

Յատկանշական ելոյթ մը ունեցած է «Փոտեմոս» կուսակցութեան խօսնակը, որ նշած է, թէ Թուրքիա ոչ միայն պէտք է ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ պէտք է հատուցէ վնասները եւ յատկապէս վերադարձնէ հայերուն պատմական հողերը։

Նիստին ներկայ եղած են նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, որոնց անունով Արարատ Ղուկասեան շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքապետարանին՝ նշելով, որ Քուլերան դարձած է Սպանիոյ 27րդ քաղաքը, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ ըսած է, թէ օրը պատմական է ոչ միայն սպանահայութեան, այլեւ քաղաքի՛ն համար:

Իտալիոյ Թոլֆա քաղաքին մէջ խաչքարի օրհնութեան արարողութենէն տեսարան մը

Նշենք, որ այս գծով միջնորդագիրը քաղաքապետարանին ներկայացուցած էր «Արարատ» հայկական միութեան Քուլերայի ներկայացուցիչ Հերմինէ Աբրահամեան:

Իտալիոյ Թոլֆա քաղաքի համայնքային խորհուրդը եւս վաւերացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւը, որուն նախագիծը առաջարկուած էր Հռոմի հայերու «Ասօարմէնի» միութեան կողմէ: Քաղաքապետ Լուիճի Լանտին յայտնած է, որ Հռոմի մօտ գտնուող այդ փոքր քաղաքը միշտ յարգած է հայերը ու անոնց ողբերգական ճակատագիրին յիշատակը: Հայկական համայնքի ներկայացուցիչները քաղաքի իշխանութիւններուն շնորհակալութիւն յայտնած են պատմական ճշմարտութիւնը ճանչցող իրենց այս քայլին համար, միաժամանակ փափաք յայտնելով, որ առաջին քայլին յաջորդեն յիշատակի ձեռնարկներ ու պատմական ուսումնասիրութիւններ:

Այնուհետեւ, քաղաքի գխաւոր այգիին մէջ օծուած է խաչքար մը, զոր օրհնած է Հայց. առաքելայան եկեղեցւոյ հոգեւորական Տիրայր Յակոբեան:

«Միայն ուժեղ պատմական արմատներով ուժեղ ժողովուրդը ունակ է հասկնալու ու զգալու ուրիշներուն վիշտը: Հայ ժողովուրդի խնդիրներէն մէկն է յաղթահարել Ցեղասպանութեան ժխտումը: Ատիկա հնարաւոր է միայն աջակցութեամբ այն երկիրներուն, որոնց արժէքներու համակարգին մէջ արդարութիւնը գլխաւոր տեղերէն մէկն է», իր ելոյթին մէջ ըսած է հայր Տիրայր: