Ստեփանակերտի Մէջ Կայացաւ Օրագրողներու Միջազգային Համաժողովը


«Արցախփրէս».- «Արցախակերտում» հասարակական կազմակերպութեան եւ Արցախի լրագրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ՝ Մարտ 19-20ին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ օրագրողներու (blogger) միջազգային համաժողովը, որուն մասնակցեցան շուրջ 30 օրագրողներ՝ աշխարհի 11 երկիրներէ:

Նշենք, որ շարք մը յայտնի օրագրողներ եւ լրագրողներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ մեկնեցան Արցախի Հանրապետութիւն՝ իբրեւ բողոքի նշան Ատրպէյճանի քաղաքականութեան դէմ: Անոնք կը բողոքեն Մինսկի կողմէ Պաքուին յանձնուած Ալեքսանտր Լափշինի ձերբակալութեան դէմ:

Ֆորումի  գլխաւոր թեմաներն էին՝ հակամարտութիւններու ներկայացումը ընկերային միտիայի եւ պլակըրներու ու լրագրողներու ազատութիւններու ապահովումը:

«Աշխարհ» ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի (Ստեփանակերտ) տնօրէն, փորձագէտ Հրաչեայ Արզումանեան ֆորումին ներկայացուց արցախեան  հակամարտութեան յառաջացման պատճառները:

«Փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ աշխարհաքաղաքական ուժերը, եթէ չեն ուզեր զբաղիլ խնդիրով մը, ապա ուրեմն օրագրողները՝ որպէս նոր ձեւաւորուող հանրային տեղեկատուութեան իրականութիւն, կրնան ազդել իրավիճակին վրայ», նշած է Արզումանեան:

Համաժողովին, Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Սերկէյ Շահվերդեան ներկայացուցած է Արցախի զբօսաշրջութեան վիճակը:

«Արցախի Հանրապետութեան զբօսաշրջութիւն ըսելով, կը հասկնանք տարեկան շուրջ 15 հազար զբօսաշրջիկ, 43 հիւրանոցային տնտեսութիւն, 7 զբօսաշրջութեան ընկերութիւններ, զբօսավարներ: Արցախի Հանրապետութիւն կ՛այցելեն զբօսաշրջիկներ Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Իրանէն եւ եւրոպական երկիրներէ», ըսած է Շահվերդեան:

Համաժողովի ծիրէն ներս տեղի ունեցած են քննարկումներ, շրջայց առաջնագիծ, Թալիշ, Շուշի եւ շարք մը այլ վայրեր, ինչպէս նաեւ ընդունուած է համատեղ յայտարարութիւն պլոկըրներու ազատ արտայայտուելու եւ ազատ տեղաշարժի իրաւունքներուն վերաբերեալ` դատապարտելով ատոնք սահմանափակելուն ուղղուած փորձերը: