Ստեփանակերտի Մէջ Յաղթանակներու Տօնին Առիթով Յարգեցին Նահատակներուն Յիշատակը


Յարգանքի տուրք՝ Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիրին մէջ

Այսօր` Մայիս 9-ին, 1992-ին Շուշիի ազատագրութեան, Պաշտպանութեան բանակի օրուան եւ Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակին առիթով Ատեփանակերտի մէջ հազարաւոր արցախցիներ ուղղուեցան Քաղաքային յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Արցախեան պատերազմներուն եւ Համաշխարհային 2-րդ Պատերամին նահատակուած հայորդիներուն յիշատակին:

Այս առիթով Արցախի պետական պաշտօնեաներ եւ զինուորականներ նոյնպէս այցելեցին յուշահամալիր, ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ խոնարհեցին նահատակներու շիրիմներուն:

Յաղթանակներու օրուան առիթով նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան իր յղած ուղերձին մէջ նշեց, որ Մայիս 9-ը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ է մտած որպէս անոր ազատատենչ ու աննկուն ոգիի, խիզախումի ու սխրագործութեան, Հայրենիքի հանդէպ անսահման սիրոյ, նուիրուածութեան ու անձնազոհութեան խորհրդանիշ:

Ան արժեւորելով Համաշխարհային 2-րդ պատերազմին հայութեան եւ արցախահայութեան դերը ֆաշիզմի դէմ պայքարին նշած է, որ անոնց հերոսական աւանդոյթները շարունակած են յետագայ սերունդները` 30 տարի առաջ կամաւորական խումբերէն կազմելով կանոնաւոր բանակ, յաջողութեամբ իրականացնելով Շուշիի ռազմական գործողութիւնը եւ ազատագրելով հայոց հինաւուրց բերդաքաղաքը:

«Սակայն այսօր Շուշին կրկին գերութեան մէջ է, ինչպէս մեր հարիւրաւոր սրբավայրերն ու բնակավայրերը, որոնք կ’ոչնչացուին եւ կ’ենթարկուին վանդալիզմի Ազրպէյճանի կողմէ: Անոնց նպատակն է իսպառ վերացնել հայկական հետքն ու հայութիւնը` ոտնահարելով միջազգային իրաւունքի բոլոր օրէնքներն ու սկզբունքները», նշեց ան։

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան շնորհաւորական ուղերձին մէջ հաստատեց, որ Մայիս 9-ը հայ ժողովուրդի տարեգրութեան ամենանուիրական ու հպարտութիւն պարգեւող օրերէն է, որ կ’ամփոփէ պայքարելու, յաղթանակ կերտելու եւ Հայրենիք պաշտպանելու խորհուրդը:

«Յաղթանակի բերկրանքն ու Հայրենիքի նուիրեալ զաւակի զգացողութիւնը երբեք պիտի չլքէ մեզ, որովհետեւ մենք կը շարունակենք կրել մաքառող, արարող ու ծանր փորձութիւններ յաղթահարող հայ ժողովուրդի հազարամեայ գեներն ու արժեհամակարգը:

․․․Քրիստոնէական ամուր հաւատքով, ազգային արժեհամակարգով ու ռազմավարական մտածողութեամբ մենք պատմութեան երթին մէջ պիտի  ամրապնդենք մեր յաղթանակները` շարունակելով մեր վստահ ընթացքը յանուն մեր Հայրենիքի հայկական ու երաշխաւորուած ապագայի․․․», մատնանշեց ան: