Ստեփանակերտի Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Սումգայիթի Անմեղ Զոհերու Յիշատակին


«Արցախփրես»- Փետրուար 28-ին, Ստեփանակերտի մէջ Սումգայիթի ջարդերու 34-րդ տարելիցին առիթով  յարգանքի տուրք մատուցեցին ջարդերու անմեղ զոհերու յիշատակին:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Ազգային Ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, պետական ու զինուորական բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր այցելեցին եւ ծաղիկներ խոնարհեցին անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին:

1988-ի Փետրուար 27-էն 29 Խորհրդային Ազրպէյճանի Սումգայիթ քաղաքին մէջ ազրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ պետական մակարդակով կազմակերպուեցաւ քաղաքի հայութեան եղեռն եւ զանգուածային տեղահանութիւնը:

«Ազրպէյճանի ցանկութիւնը այսօր Արցախի վերջնական զաւթումն ու անոր ժողովուրդը վերացնելն է: Անոր հայատեացութեան գագաթնակէտը եղաւ 2020-ին Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմը: Սակայն մենք պէտք է շարունակենք տէր կանգնիլ այս երկրին»,-ըսաւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան:

Ստեփանակերտի քաղաքային Պանթէոնի մէջ ծաղիկներ խոնարհելու արարողութենէն պատկերներ