Ստեփանակերտի Մէջ Նոր Յուշահամալիր Կը Կառուցուի


«Արցախփրես»․- Ստեփանակերտի Հայկաւան թաղամասին մէջ, Կրկժանի մօտ, պատերազմի տարիներէն յայտնի «Կոբրա» անունով բլուրին վրայ, հայ ազգի զոհերու յիշատակին նոր յուշահամալիր պիտի կառուցուի:

Յուշահամալիրի շինարարական աշխատանքներ իրականացնող «Կոբրա» ընկերութեան տնօրէն Արմէն Առստամեան ըսած է, որ անիկա կը կառուցուի ծնունդով արցախցի, պատերազմի մասնակից, մոսկուայաբնակ բարերար Սիմոն Պետրոսեանի մտայղացմամբ եւ օժանդակութեամբ:

«Ստեփանակերտի գրեթէ բոլոր հատուածներէն երեւցող այս համալիրի շինարարական աշխատանքները կ՛ընթանան  2007էն: Անիկա խաչաձեւ կառոյց ունի, իսկ խաչի թեւերը կը ներկայացնեն եռանկիւն սիւնաշարեր: Կեդրոնէն վեր կը խոյանայ յուշակոթողը: Յուշարձանը մօտ 20 մեթր բարձրութիւն ունեցող զարդաքանդակներով 2  կոթողներ ունի: Կը նախատեսուի անոնց  միջեւ կառուցել պատեանի մէջ պահուած թուր, որ կը խորհրդանշէ, որ  հայ ժողովուրդը յաղթանակած թուրը  դրած է պատեան, բայց պատրաստ է վտանգի պահուն զայն դարձեալ հանելու: Յուշահամալիրի  տարածքին նաեւ զբօսայգի պիտի ըլլայ` քարէ նստարաններով, ծաղկանոցներով, տաղաւարներով: Յուշահամալիրը երկու գլխաւոր մուտք ունի. առաջինը` Հայկավան թաղամասէն, երկրորդը` Կրկժանի կողմէն:

«Համալիրի տարածքին, առաջին եւ երկրորդ յարկերուն, առանձին մուտքերով կը կառուցուի ճաշարանային համալիր, հարաւարեւելեան կողմէն` հիւրանոց: Հիմնական աշխատանքները աւարտած են. արդէն   սկսած են  ներքին յարդարման    աշխատանքները: Ամենագլխաւորը` համալիրը իր ճարտարապետական կառոյցներով, եւ աշխարհագրական դիրքով որեւէ այլ կառոյցի չի նմանիր: Այս յուշահամալիրը հայ ժողովոըրդի յարատեւութեան եւ անցեալի յիշողութեան իւրօրինակ խորհրդանիշ պիտի դառնայ», ըսած է Առստամեան: