Ստեփանակերտի Մէջ Տեղադրուած է Շառլ Ազնաւուրի Կիսանդրին. Այսօր Աշխարհահռչակ Երգիչին Ծննդեան Օրն է


«Արցախփրես», – Ստեփանակերտի Շառլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնի տարծքին գտնուող հայ-ֆրանսական բարեկամութեան պուրակին մէջ այսօր` Մայիս 22-ին, տեղի ունեցաւ ֆրանսահայ նշանաւոր երգիչ, երգահան, բանաստեղծ, գրող, դերասան եւ հասարակական գործիչ Շառլ Ազնաւուրի կիսանդրիին բացման արարողութիւնը:

Միջոցառման ներկայ էին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Արտակ Բեգլարեան, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեան, պետական այլ պաշտօնեաներ, արուեստասէրներ, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ, որոնք ծաղիկներ խոնարհեցին երգիչի կիսանդրիին պատուանդանին:

Արցախի պետական պիւտճէի միջոցներով տեղադրուած կիսանդրիին բացման կատարեցին  կիսանդրիի հեղինակ եւ քանդակագործ Եուրի Յովհաննիսեան եւ Շառլ Ազնաւուրի անուան մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Արմէն Յովսէփեան:

Ֆրանսահայ երգիչի ստեղծագործութիւններով եւ պարերով հանդէս եկան «Արցախի Բալիկներ» համոյթի սաները եւ Արցախի պետական պարի համոյթը:

Քանդակագործ Եուրի Յովհաննիսեանի խօսքով` Մայիսը հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական յաղթանակներու ամիս է, եւ պատահական չէ , որ տիեզերական մեծութեան Շառլ Ազնաւուրը ծնած է Մայիսին: Մարդ, որ այնքան սէր, յոյս, հաւատք, բարութիւն մաղթած է մարդկութեան:

«Ան ծնաւ եւ ապրեցաւ որպէս հայ, եւ ստեղծագործեց որպէս ֆրանսացի` դառնալով հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու բարեկամութեան խորհրդանիշ: Այսօր, երբ հայ ժողովուրդը կ’ապրի իր պատմութեան ծանրագոյն օրերէն մէկը, մենք մեր կողքին կը տեսնենք Ֆրանսան` իր վճռական յորդորով: Եւ որպէս ատոր առհաւատչեայ` Ազնաւուրի կիսանդրին թող անզուգական փայլ հաղորդէ Արցախի մայրաքաղաքին` ի փառս հայ եւ ֆրանսական ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան , եւ մղէ մեզ նորանոր յաջողութիւններու: Յուշարձանը երախտիքի խօսք է հայ ժողովուրդի արցախեան հատուածին կողմէ ֆրանսացի ժողովուրդին», ըսաւ Յովհաննիսեան:

Ճարտարապետ Մամիկոն Ֆարսիյեան նշեց, որ այսօր իւրայատուկ օր է, քանի որ շատերու երազանքը այսօր իրականութիւն դարձաւ` վերջապէս Արցախ աշխարհը ունեցաւ մեծ հայորդիին կիսանդրին. այն ալ` անոր ծննդեան օրը:

«Քանդակի մտայղացումը վաղուց կար, սակայն ինչ- ինչ պատճառներով իրականացնելը կը յետաձգուէր, եւ այսօր կեանքի կոչեցինք այդ ծրագիրը: Մենք սկիզբը կ’երկմտէինք Շառլ Ազնաւուրի երկու կերպարներու ստեղծման շուրջ` զուսպ, մտահոգ Ազնաւուրի եւ ժպտացող երգիչի: Արդիւնքով ունեցանք երկրորդ տարբերակը: Կ’ուզենք, որ Հայ ժողովուրդին համար այս ծանր իրավիճակին մէջ Ազնաւուրին ժպիտը գալիք սերունդին համար ըլլայ խորհրդանշական: Շատ բարդ էր ստեղծել Ազնաւուրին կերպարը, որովհետեւ ինքն այնքան հարուստ է իր ապրած գիտակցական ու համեստ կեանքով, որ աւելորդութիւններ չներառեցինք արուեստի այս գործին մէջ», աւելցուց Ֆարսիյեան: