Ստեփանակերտի Մէջ Քայլերթ` Նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան 30-ամեակին


Այցելութիւն՝ Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր

«Արցախփրես»,- Սեպտեմբեր 2-ին, Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 30-ամեակին նուիրուած Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ քայլերթով` Վերածնունդի հրապարակէն դէպի Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր:

Տօնի առիթով Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, պետական ու զինուորական բարձրաստիճան այրեր, ՀՀ Ազգային Ժողովի խորհրդարանական խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներ ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ խոնարհեցին հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած հայորդիներու յիշատակի յուշակոթողին:

Հադրութի շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ․ Մաթէոս քահանայ Դրաւանցին աղբիւրին նշած է, որ ամէն գնով պիտի պահպանենք մեր անկախութիւնը` հակառակ պատերազմի արդիւնքին:

«Մեր մէջ այդ անկախութիւնը չէ պարտուած, պիտի չպարտուի եւ այդ անկախութեան հիմքին վրայ մենք նորէն ոտքի պիտի կանգնինք եւ հզօրանանք: Բարձր պահենք այդ նոյն անկախութեան համար նահատակուած մեր քաջ տղոց յիշատակը` չդաւաճանելով անոնց կամ այլ ազգերու հայրենիքներուն մէջ կեանք փնտռելով: Կը շնորհաւորեմ բոլորս եւ կը բարեմաղթեմ ամենակարեւորը` խաղաղութիւն», նշած է Տ․ Մաթէոս։