Ստեփանակերտի «Սօսէ» Մանկապարտէզը Շահագործման Պիտի Յանձնուի Օգոստոսին


«Արցախփրես»․- Հայ Օգնութեան Միութեան ֆինանսաւորմամբ Ստեփանակերտի մէջ կը վերակառուցուի «Սօսէ» մանկապարտէզը: Արցախի քաղաքաշինութեան  նախարարութեան  քաղաքաշինական պետական տեսչութեան պետ Դաւիթ Աւանեսեան` նշելով, որ 2015ի Օգոստոսէն սկսած են մանկապարտէզի վերակառուցման աշխատանքները:

«Այժմ կ՛ընթանան մանկապարտէզի ներքին յարդարման, երեսպատման եւ բակի բարեկարգման աշխատանքները: Վերակառուցման աշխատանքները իրականացնելու համար նախատեսուած է 429 միլիոն 827 հազար դրամ: Մանկապարտէզի  շէնքը  շահագործման պիտի յանձնուի այս տարուան Օգոստոսին», ըսած է ան:

Ներկայիս «Սօսէ» մանկապարտէզը ժամանակաւոր կերպով կը գործէ Ստեփանակերտի նախկին 6րդ դպրոցի մասնաշէնքերէն մէկուն մէջ: Այսօր մանկապարտէզ կը յաճախեն շուրջ 70 երեխաներ:

ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը, «Սօսէ» մանակապարտէզի շինարարութեան յանձնախումբը եւ ՀՕՄի տարբեր կառոյցներ՝ Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ այլ երկիրներու մէջ կը շարունակեն նախաձեռնել դրամահաւաքներու՝ շինարարութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ աւարտելու նպատակով: