Սփիւռքի Գլխաւոր Յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Առցանց Հանդիպում Մը Ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչներու Հետ


Առցանց հանդիպումէն պատկեր մը

Սփիւռքի Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Սեպտեմբեր 17-ին, Երեւանի ժամանակով ժամը 21:00-ին, առցանց հանդիպում մը ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի (ԱՄՆ, Գանատա) մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու երկու տասնեակ ներկայացուցիչներու եւ լրագրողներու հետ: Սինանեանի հետ հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ «Թորոնթոհայ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Կարին Սաղտըճեան։

Ողջունելով մասնակիցները` Գլխաւոր յանձնակատարը կարեւոր համարեց սփիւռքի մէջ հայկական լրատուամիջոցներու աշխատանքը, անոր դերակատարութիւնը Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան ամրապնդման եւ սփիւռքի մեր հայրենակիցներու տեղեկացուածութեան գործին մէջ:

Մօտ 2 ժամ տեւողութեամբ հանդիպման ընթացքին ան մասնակիցներուն ներկայացուց գրասենեակի ծրագիրները: Մասնակիցները Սինանեանին յղեցին տարբեր հարցումներ ՝  լիբանանահայութեան խնդիրներէն մինչեւ ներդրումներ, հայրենադարձութիւն, ներհայաստանեան զարգացումներ եւ ստացան սպառիչ պատասխաններ։

Հանդիպման աւարտին լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները եւ Գլխաւոր յանձնակատարը նման ձեւաչափով քննարկումները պարբերաբար իրականացնելու յոյս յայտնեցին` նպատակ ունենալով ամրապնդել նաեւ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ լրատուական հաղորդակցութիւնը: