Սփիւռքի Հետ Կապերը Պէտք Է Համակարգէ Վարչապետի Գրասենեակը. Ն. Փաշինեան


ԵՐԵՒԱՆ.- Նիկոլ Փաշինեան Յունուար 18ին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ ունեցած ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ նոր կառավարութեան կառուցուածքային փոփոխութիւններուն:

Այն նշեց, որ ընդունուած է, որ կառավարման համակարգին մէջ 9-11 աշխատողին 1 ղեկավար ըլլայ, իսկ մեր պարագային 3-5 աշխատողին 1 ղեկավար բաժին կ՛իյնայ: «Ունենք իրավիճակներ, երբ կան օղակներ, բաժիններ, որ ունին ղեկավարներ, բայց չկան ենթականեր, օրինակ՝ նախարարութիւններու մէջ կան բաժիններ, բաժնի պետեր, որոնք չունին աշխատակիցներ, քանի որ բաժնի պետի, տեղակալի աշխատավարձերը աւելի բարձր են, քան աշխատողներունը: Այս պարագային կը հանդիպում այլ խնդիրի: Երբ շատ են աշխատողները, աշխատավարձերն ալ ցածր կ՛ըլլան: Պետական համակարգը առաւել բարենպաստ դարձնելը նաեւ պատշաճ աշխատավարձերու ապահովումն է: Բայց ըսել, որ ատոր պատճառը փող խնայելը չէ», նշեց ան:

Ան ընդգծեց, որ այնպէս պէտք է կազմակերպել, որ 2 գերատեսչութիւն նոյն հարցով չզբաղուի:

Ինչ կը վերաբերի կրթութեան գիտութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւններու միաւորման, վարչապետը յայտնեց. «Ես կը համարեմ, որ մշակոյթը ունի գործնական նշանակութիւն՝ մարդոց, քաղաքացիներու կրթական որակը բարձրացնելու, այսինքն՝ մշակոյթը առաջին հերթին կրթական նշանակութիւն ունի»:

Խօսելով սփիւռքի նախարարութեան ապագային մասին՝ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ նախարարութեան փակուելու թեման կը քննարկուի, որովհետեւ կան շատ կարեւոր գործառոյթներ, զորս նախարարութիւնը կ՛իրականացնէ Սփիւռքի մէջ, եւ անոնց զգալի մասը մշակութային եւ կրթական են:

«Անարդիւնաւէտ կառավարման օրինակ է, երբ նոյն գործառոյթը 2 նախարարութիւն կ՛իրականացնէ», բացատրեց վարչապետը:

Վարչապետը համոզուած է, որ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները պէտք է համակարգուի իր աշխատակազմին կողմէ:

«Սա կ՛ենթադրէ, որ սփիւռքի նախարարութեան կորիզը կը տեղաւորուի վարչապետի աշխատակազմին մէջ՝ որպէս աշխատակազմի ստորաբաժանում: Այստեղ կ՛առաջանայ խնդիր՝ իսկ ո՞վ պիտի համակարգէ զայն, մենք ունինք քանի մը տարբերակ, որոնցմէ մէկն այն է, որ վարչապետի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպանը Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու գծով պիտի զբաղուի Սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքներու համակարգումով, որ վարչապետի անունէն լիազօրուած պիտի ըլլայ տեղեկութիւնը կուտակել եւ վարչապետին օգնել այդ հարցերը լիարժէք համակարգելու: Այսպէս, մենք կ՛ունենանք Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու նոր մակարդակ», տեղեկացուց Փաշինեան: