Սփիւռքի Նախարարը Կ՝առաջարկէ Սփիւռքի Համար Խորհրդարան Ձեւաւորել Հայաստանի Մէջ


Յարութ Սասունեան       


Սփիւռքի նոր նախարար Մխիթար Հայրապետեան, որ 11 Մայիսին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ նշանակուեցաւ այդ պաշտօնին, յայտարարեց, որ երկրորդ օրէնսդիր մարմին մը պիտի կազմուի Հայաստանի մէջ՝ սփիւռքահայերը ներկայացնելու համար:

Ասիկա գրաւիչ գաղափար է, սակայն նորութիւն չէ: Հետաքրքրական է այն, որ Սփիւռքի նախկին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան 30 Յունուար 2011ին, Լոս Անճելըս կատարած իր այցելութեան ընթացքին հանդէս եկաւ համանման յայտարարութեամբ՝ առաջարկելով Հայաստանի մէջ հիմնել Սենաթ՝ իբրեւ լրացում գոյութիւն ունեցող խորհրդարանին, որ մասամբ պիտի ներգրաւէր սփիւռքահայերը:

2011ի նախարար Յակոբեանի յայտարարութենէն օրեր անց ես գրեցի խմբագրական մը՝ բարձրացնելով շարք մը հարցեր, որոնք կը վերաբերին նաեւ սփիւռքի նորանշանակ նախարարին՝ այս ամսուան սկիզբը ըրած առաջարկին:

Ամէնէն կարեւոր հարցը այն է, որ երկրորդ օրէնսդիր խորհրդարանի ստեղծումը փոփոխութիւն կը պահանջէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ, որ այդքան ալ դիւրին գործ չէ: Առանց նման փոփոխութեան մը, Հայաստանի կառավարութեան կառուցուածքը չի կրնար փոխուիլ: Հետաքրքրական է նաեւ այն, որ սփիւռքի նոր նախարարը չի նշեր, թէ իր առաջարկը կը պահանջէ սահմանադրական փոփոխութիւններ: Ասիկա լուրջ հարց է, քանի որ սահմանադրութիւնը վերջին անգամ վերանայուած է 2015ին, եւ հաւանական չէ, ոչ ալ ցանկալի է, որ անիկա այսքան շուտ փոփոխութիւններ կրէ: Նոյնիսկ նորանշանակ վարչապետը խոստովանեցաւ, որ սահմանադրութեան յաճախակի փոփոխումը լաւ գաղափար չէ: Կարեւոր է նաեւ նշել, որ հակառակ սփիւռքի նախկին նախարարի յայտարարութեան, երբ Հայաստանի սահմանադրութիւնը 2015ին վերջապէս փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, նոր տարբերակին մէջ տեղ չգտաւ Սփիւռքի համար երկրորդ օրէնսդիր խորհրդարանի հայեցակարգը:

Քանի որ Սփիւռքի նորանշանակ նախարարը խնդրեց աշխարհասփիւռ հայերէն՝ իրենց տեսակէտը արտայայտել իր նոր առաջարկին մասին, ես կը փափաքիմ շարք մը հարցերու մասին խօսիլ.

  1. Արդեօք Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը պատրա՞ստ է փոխելու սահմանադրութիւնը երկրորդ օրէնսդրական խորհրդարան ստեղծելու համար: Այլընտրանքային տարբերակը, որ չի պահանջեր սահմանադրութեան փոփոխութիւն, հնարաւորութիւն կու տայ սփիւռքահայեր ներգրաւելու ներկայ խորհրդարանին մէջ: Շարք մը երկիրներ նման մեքանիզմ ընդունած են: Պէտք է մանրամասնօրէն ուսումնասիրել, թէ միւս երկիրները ինչպէ՛ս լուծած են իրենց սփիւռքի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեան հարցը՝ իրենց օրէնսդիր մարմիններուն մէջ:
  2. Ինչպիսի՞ն պէտք է ըլլայ նոր խորհրդարանի պատուիրակագիրը (madate): Արդեօք միա՞յն համահայկական հարցերու քննարկում, օրինակ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թուրքիայէն պահանջները, Արցախեան հակամարտութիւնը եւ սփիւռքահայութեան առնչուող հարցե՞րը, թէ այդ մէկը պիտի վերաբերի նաեւ Հայաստանի ներքին հարցերուն: Նախարար Հայրապետեան իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ նշած էր, որ նոր խորհրդարանը կ՛ըլլայ խորհրդատուական, այլ ոչ թէ որոշում կայացնող մարմին: Ասիկա զանազան հարցերու տեղիք կու տայ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ: Արդեօք սփիւռքահայերը կը բաւարարուի՞ն դժուարութիւններ դիմագրաւելով ընտրելով իրենց համայնքներու ներկայացուցիչները եւ անհաշուելի ժամանակ վատնելու երեւանեան հանդիպումներու մէջ, պարզապէս Հայաստանի կառավարութեան խորհուրդ տալու համար, որ կրնայ եւ լսելի չըլլալ: Արդեօք Սփիւռքի ներկայացուցիչները շուտով չե՞ն կորսնցներ իրենց հետաքրքրութիւնը եւ չե՞ն դադրեցներ մասնակցութիւնը նման խորհրդատուական մարմինի հանդիպումներուն: Միւս կողմէ, արդեօք Հայաստանի բնակիչները կ՛ողջունե՞ն որոշումներ կամ նոյնիսկ խորհուրդներ այն հայերէն, որոնք չեն ապրիր Հայաստանի մէջ:
  3. Ինչպէ՞ս պիտի ընտրուին նոր օրէնսդիր մարմինի ներկայացուցիչները: Արդեօք անոնք կ՛ընտրուին իրենց աշխարհասփիւռ համայնքներո՞ւն կողմէ, թէ կը նշանակուին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ: Իմ կարծիքով, Սփիւռքի ներկայացուցիչները պէտք է ընտրուին իրենց համայնքի անդամներուն կողմէ, անկախ անկէ, թէ որքան դժուար կ՛ըլլայ նման ընտրութիւններու կազմակերպումը ամբողջ աշխարհի մէջ: Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք չէ ներգրաւուի Սփիւռքի տարածքին տեղի ունեցող ընտրութիւններուն մէջ: Հայաստանի կառավարութեան կողմէ նշանակուած կամ հայկական կազմակերպութիւններէ ընտրուած ներկայացուցիչները չեն կրնար պնդել, որ իրենք իսկապէս կը ներկայացնեն սփիւռքահայերը, քանի որ հանրութիւնը չէ ընտրած զիրենք: Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարները կը ներկայացնեն միայն իրենց սեփական անդամները, այլ ոչ թէ սփիւռքահայութեան մեծամասնութիւնը, քանի որ հայերուն մեծ մասը որեւէ կազմակերպութեան անդամ չէ: Նաեւ լաւ գաղափար չէ Հայաստանի մէջ ունենալ երկու օրէնսդիր խորհրդարան, որոնցմէ մէկը ընտրուած է Հայաստանի քաղաքացիներուն կողմէ (ներկայ խորհրդարանը), իսկ երկրորդը կազմուած կ՛ըլլայ նշանակուած, չընտրուած անդամներէ:
  4. Ինչպէ՞ս կ՛ըլլան թեկնածուներու եւ ընտրողներու չափանիշները Սփիւռքի խորհրդարանին համար: Արդեօք ընդունելի կ՛ըլլա՞յ, որ թեկնածուները ըլլան այն հայերը, որոնք օտար երկիրներու քաղաքացիներ են, թէ պէտք է խնդրել, որ անոնք առնուազն ձեռք բերեն երկքաղաքացիութիւն: Հակառակ պարագային, տարօրինակ կ՛ըլլայ, որ խումբ մը օտար երկիրներու քաղաքացիներ, թէկուզ հայեր, Երեւանի մէջ նստած որոշումներ կայացնեն կամ խորհուրդներ տան, որոնք կրնան ազդել Հայաստանի բնակչութեան վրայ:

5). Արդեօք նոր օրէնսդիր մարմինի սփիւռքեան ներկայացուցիչները պէ՞տք է տեղափոխուին Հայաստան՝ տարեկան նստաշրջաններուն մասնակցելու համար, թէ կրնան Հայաստան գալ  միայն կարճ ժամկէտով՝ մասնակցելու համար ժողովներուն, ուր եւ պիտի քննարկուին համահայկական հարցեր:

Անշուշտ պէտք չէ շտապել երկրորդ օրէնսդիր մարմնի կազմութեան հարցով: Ինչպէս նախարար Հայրապետեան առաջարկեց՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ պէտք է տեղի ունենան բազմակողմանի խորհրդակցութիւններ՝ գտնելու համար այնպիսի լուծում մը, որ կը բխի համայն հայութեան շահերէն: