Սփիւռքի Նախարարութիւնը Կ՛ազդարարէ “Քայլ Դէպի Տուն» Ծրագիրի Մեկնարկը


ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը Օգոստոս 10-էն 24 կը կազմակերպէ նոր ծրագիր «Քայլ դէպի տուն» անունով, որ ունի ուսումնական եւ ճանաչողական բնոյթ։

 

13-էն 21 տարեկան սփիւռքահայ երեխաներու եւ երիտասարդներու համար նախատեսուած  «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրին մէջ պիտի կ՛իրականացուին հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման դասընթացներ եւ պիտի  կազմակերպուին ճանաչողական այցելութիւններ Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր:

Մասնակիցներու գիշերակացը պիտի ապահովուի հիւրընկալ ընտանիքներու մօտ, վերջին չորս օրը` ճամբարի մէջ:

Մասնակցութեան յայտերու ընդունման վերջնաժամկէտը Յունիս 30-նն է:

Յայտադիմումները լրացնելու համար կրնաք այցելել այստեղ: