Սփիւռքի Նախարարութիւնը Կրնայ Վերակազմաւորուիլ


“Երկիր”,- Նոյերմեբր 22ին Սփիւռքի նախախարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան նախարարութեան գործունէութեան 6ամսեայ աշխատանքը ամփոփելու ընթացքին յայտարարեց, որ ընտրութիւններէն ետք հնրաւոր է, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը վերակազմաւորուի որպէս կոմիտէ կամ գործակալութիւն այլ նախարարութեան մը կազմին մէջ։

Ան յիշեցուց, որ թէ’ վարչապետը, թէ’ փոխվարչապետները յայտարարած են գերատեսչութիւններու թիւի կրճատման մասին, եւ նշեց, որ դեռ վերջնական որոշում չկայ` որ նախարարութիւնները պիտի փակուին կամ այլ ձեւ պիտի ստանան:

Հայրապետեանի խօսքով` իր աշխատանքի 6 ամիսներու ընթացքին տպաւորութիւն ստացած է, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը ի սկզբանէ ստեղծուած ու կրած է խորհրդանշական բնոյթ: «Տպաւորութիւն ունիմ, որ այս նախարարութիւնը իր առջեւ չէ դրած ամենահաւակնոտ խնդիրները: Պետութեան կողմէ այդ նախարարութեան առջեւ անլուծելի խնդիրներ չեն դրուած: Այս իմաստով իմ կարծիքը հետեւեալն է` եթէ նախարարութիւնը պէտք է ըլլայ բացառապէս խորհրդանշական, Սփիւռքի աչքերուն փոշի փչելու  եւ որոշ ակնկալիքներ ու կարիքներ հոգալու համար, ապա պարտադիր չէ, որ առանձին նախարարութեան տեսքով ըլլայ: Բայց ես կը կարծեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կնայ իրեն թոյլ տալ ունենալ Սփիւռքի ուժեղ նախարարութիւն: Ինչ որոշում ալ կայացնէ նոր կառավարութիւնը, ես վստահ եմ, որ անիկա նպատակ ունի աւելի արդիւնաւէտ աշխատանք կազմակերպելուն»,- ըսած է Հայրապետեան:

Ան չբացառեց, որ նոր կառավարութեան կազմին մէջ Սփիւռքի նախարարութիւնը կրնայ վերակազմաւորուիլ որպէս որեւէ նախարարութեան մը առանձին կոմիտէ կամ գործակալութիւն:

Նշենք, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան յայտատարեց, որ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք կը սպասուի կառավարութեան կազմի փոփոխութիւն եւ 17 նախարարութիւններէն  5-ը հաւանական է կրճատուին։