Ս․ Աստուածածնայ Տօնին Առիթով Կազմակերպուած ՀՄԸՄ-ի Աւանդական Տողանցքը Մեծ Խանդավառութիւն Ստեղծեց Քեսապի Մէջ


Տողանցքին մասնակցած ՀՄԸՄ-ականները հոգեւոր պետերուն հետ

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով` Կիրակի, 15 Օգոստոս 2021-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Քեսապի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի աւանդական տողանցք, որուն մասնակցեցան Հալէպի, Քեսապի եւ Լաթաքիոյ մասնաճիւղերու սկաուտներն եւ փողերախումբերը:

ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր սկաուտները նախ մասնակցեցան Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած խաղողօրհնէքի արարողութեան, որմէ ետք փողերախումբերուն առաջնորդութեամբ քայլերթով տողանցքը սկիզբ առաւ եկեղեցիէն հասնելով մինչեւ Քեսապի Համալիր, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական հաւաք:

Ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Տ. Նարեկ Վրդ. Լուիսեան, քահանայ հայրեր, ազգային եւ պետական մարմիններու անդամներ, հիւրեր եւ հոծ բազմութիւն մը:

Արաբերէն եւ հայերէն խօսքերէն ետք օրուան պատգամը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, յայտնելով, որ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ուխտաւորաբար եկած ենք միանալու քեսապահայութեան եւ գնահատելու անոր զաւակներուն կառչածութիւնն ու ամուր կեցուածքը հանդէպ սուրիական հայրենիքին եւ Քեսապի ազգային արժէքներուն: Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով գնահատեց եւ զօրակցութիւն յայտնեց քեսապահայերուն, որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կառչած կը մնան Քեսապին, կը պահեն քեսապահայութեան աւանդութիւններն ու ազգային արժէքները: Այս առիթով, ան գնահատեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը, որ Հալէպի մէջ պատմական եւ անկիւնադարձային միջ-մասնաճիւղային տողանցք կազմակերպելէ ետք, այսօր եկած է Քեսապի աւանդութիւնը պահելու եւ միանալու քեսապահայութեան երթին:

Առաջնորդը․ նշեց, թէ խաղաղութեան տարիներուն թէ Սուրիոյ պատերազմէն ետք, սուրիահայերս հաւատարմութեամբ կը շարունակենք ծառայել սուրիական հայրենիքին եւ կը պայքարինք անոր ազատութեան համար, դրսեւորելով մէկ միասնական կեցուածք հանդէպ սուրիական հայրենիքին, որ մեզի կեանք տուաւ:

Ան կոչ ուղղեց երիտասարդներուն, որպէսզի իրենց երթը շարունակելով սուրիահայութեան խօսնակը դառնան՝ յոյսի պատգամը փոխանցելով բոլորին:

ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբին սուրիական քայլերգի նուագակցութեամբ, պաշտօնական հաւաքը հասաւ իր աւարտին: 

 

Խաղողօհրնէքէն եւ տողացքէն պատկերներ