Ս․ Ծննդեան Առթիւ Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ


Ս․ Ծնունդի առթիւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: պատարագիչն է Առաջնորդ Տ․ Աբգար Ս․ Եպս․ Յովակիմեան

Կիրակի՝ 5 Յունուար 2020-ին, աշխարհի տարածքին համայն հայկական եկեղեցիները նշեցին Ս․ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Ճրագալոյցը։

Երեկոն սկսաւ եկեղեցւոյս Կիրակնօրեայ դպրոցի սաներու կողմէ կատարուած Ճրագալոյցի ընթերցումներով։ Ս․ Ծնունդի առթիւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Ս․ Երրորդութիւն Հայց․ Առաքլ․ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Զարեհ Ա․ Քհնյ․ Զարգարեան, ընթերակայ ունենալով հոգեւոր հովիւի օգնական Տ․ Հայարի Թանաշեան եւ խորանին ծառայող սարկաւագներ։ Եկեղեցւոյ երգչախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ ղեկավարութեամբ՝ Շահէ Ալթունեանի։

Մեծ պատիւ էր, որ Ս․ Ծննդեան Պատարագին իրենց ներկայութիւնը բերած էին  նաեւ Թորոնթոյի Անգլիկան եկեղեցւոյ թեմի պատասխանատու Հայր ֆիլիփ Հափսըն եւ Հայր Հարըլտ Նահապետեան։

Յաւարտ Ս․ Պատարագին, հաւատացեալները եկեղեցւոյ աստուածային լոյսն ու օրհնութիւնը խորհրդանշող վառած մոմերը իրենց հետ տուն տարին։ Լուսաւոր ճրագները խորհրդանիշն են Բեթղեհեմի աստղին, որ մոգերուն առաջնորդեց դէպի մանուկ Յիսուս Քրիստոս։ Ս․ Պատարագի աւարտին, հոգեւորականներն ու հաւատացեալները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ նախասրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ  աւանդական Տնօրհնէքը։

Երկուշաբթի, Յունուար 6-ին Ս․Ծննդեան առթիւ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Ս․ Երրորդութիւն Հայց․ Առաք եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ․ Աբգար Ս․ Եպս․ Յովակիմեան, որուն կ՛աջակցէին Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Ս․ Երրորդութիւն Հայց․ Առաք․ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ․ Զարեհ Ա․ Քհնյ․ Զարգարեան եւ հովիւի օգնական Տ․ Հայարի Թանաշեան։

Ս․ Պատարագին մասնակից դարձան եկեղեցւոյ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Շահէ Ալթունեանի, եւ նուագակցութեամբ՝ Սոնա Արթինեանի։

Ս․ Պատարագի ընթացքին, Տ․ Զարեհ խորան բարձրացաւ «Ուրախ Լեռ» շարականի ներքոյ, իր հետ ունենալով Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ առաքուած կոնդակը՝ ուղղուած Մատաթ Մամուրեանին, ի պատիւ Ս․ Երրորդութիւն Հայց․ Առաք․ Եկեղեցւոյ ցուցաբերած երկարամեայ իր ծառայութեան, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու եւ զանազան հարատարակութիւններու բերած իր օժանդակութեան համար։

Յաւարտ Ս․ Պատարագին, Տ․ Աբգար Եպս․ Յովակիմեան կատարեց ջուրի օրհնութիւնը, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի մկրտութիւնը, որուն «Կնքահօր» խորհրդանշական պատիւը տրուեցաւ Միսաք Միրզոյեանին։ Աւարտին, օրհնուած ջուրէն իրենց բաժինը ստացան ներկայ գտնուող հաւատացեալները։

Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակին եւ Ներսէս Շնորհալի շքանշանին արժանացաւ Մատաթ Մամուրեան