Ս․ Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարանի 2021-2022 Ուսումնական Տարեշրջանի Վերամուտ


Ս․ Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարանի աշակերտութիւնը եւ ուսուցչական կազմը

Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Բարեւ» կեդրոնի հովանիին տակ գործող Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ վարժարանի 2021-2022 ուսումնական տարեշրջանի առցանց դասաւանդութիւնը կը սկսի 25 Սեպտեմբեր 2021-ին, մանկապարտէզէն մինչեւ 8-րդ դասարաններուն համար, իսկ 9-րդ եւ 10-րդ կարգի աշակերտները կը միանան իրենց առցանց դասապահերուն՝ 16 Հոկտեմբեր 2021-ին։

Անցեալ տարեշրջանին, համաճարակի պատճառով ստեղծուած մարտահրաւէրները շրջանցելով, վարժարանը անխափան շարունակած է իր գործունէութիւնը, պահելով աշակերտներու համարեա ամբողջական թիւը (շուրջ 350 աշակերտ)։ Աւելին՝ առցանց դասաւանդութիւններուն մաս կազմած են նաեւ Թորոնթոյի շրջանէն դուրս բնակող աշակերտներ եւս։

Վարժարանը իր երկճիւղ բաժիններով (Արեւելահայերէն եւ Արեւմտահայերէն) տարուէ տարի կը կատարելագործէ ուսուցման իր ծրագիրը, օգտագործելով interactive/փոխգործակցային, collaborative/համագործակցային եւ Project-Based/նախագծային  ուսուցման արդիական մեթոտները, որոնք մեծ հետաքրքրութեամբ կ’ընկալուին աշակերտներուն կողմէ։ Նշեալ մեթոտները աշակերտին մօտ կը զարգացնեն ինքնուրոյն եւ պրպտողական աշխատանքի կարողութիւնը եւ ապա զանոնք հայերէնով արտաբերելու վարժութիւնը, ունակութիւնը։

Իւրաքանչիւր տարեշրջանի սկիզբը, ուսուցիչները կը մասնակցին Թորոնթօ Շրջանի Ուսումնական Խորհուրդին/TDSB կողմէ կազմակերպուած աշխատանոցին/workshop։ Ընթացիկ տարեշրջանին, դասատու եւ օգնական ուսուցիչներ մաս կը կազմեն Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնական Խորհուրդի նախաձեռնած Մանկավարժական Նորարար Առցանց Ծրագիր դասընթացքին, վերաորակաւորելու իրենց հմտութիւնները։

2021-2022 տարեշրջանի առցանց արձանագրութիւնները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են, հետեւեալ յղումներու միջոցաւ.

www.ileprograms.ca at https://ereg.tdsb.on.ca/public/ilelogin.aspx

 www.creditprograms.ca

 

Դպրոցի գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կրնաք ստանալ այցելելով նշեալ կայքէջը։

https://www.armenianschool.ca