Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ծուխի Կազմաւորման 88-րդ Տարեդարձի Սուրբ Պատարագ եւ Պաշտօնական Ճաշկերոյթ


 

Մատաթ Բ. Մամուրեան


Դեկտեմբեր  4ի առաւօտեան եկեղեցւոյս ծուխի կազմաւորման 88րդ տարեդարձի Սուրբ եւ անմահ Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Գանատահայոց Առաջնորդ Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեան, իրեն առընթերակայ ունենալով եկեղեցւոյս հովիւ  Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանը եւ Տէր Տաթեւ Քհնյ. Մէնէնկիչեանը: Սբ. Պատարագին նաեւ ներկայ էին Տէր Սարգիս Ա. Քհնյ. Կիւլեան եւ Տէր Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Փանոսեան:

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն 7 Դեկտեմբեր 1988ին Հայաստանի մէջ պատահած երկրաշարժի զոհերուն, եկեղեցւոյս վախճանեալ հոգեւորականներուն, նախկին Ծխական խորհուրդներու անդամներուն, կնքահայրերուն, ինչպէս նաեւ բարեպաշտ հաւատացեալներու պարագաներու հոգիներուն ի հանգիստ:

Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ, Սուրբ Պատարագէն վերջ, եկեղեցւոյս «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ պաշտօնական ճաշկերոյթ-հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ եկեղեցւոյ 88րդ տարեդարձը, ի ներկայութեամբ հոծ բազմութեան:

Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց սեղանները: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուայ հանդիսավարուհի Սեդա Քէշիշեան:

Պաշտօնական Ճաշկերոյթին ներկայ էին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ  Տէր Զարեհ Աւագ. Քհնյ. Զարգարեան, Թեմական Խորհուրդի ատենապետուհի Աբէթ Ալբայ եւ Արա Ալբայ, Ծխական խորհուրդի ատենապետ Օհան եւ Տիկ. Անիթա Օհաննեսեան, Հ.Հ. հիւպատոս (Օնթարիօ)  Ռիչըրտ Պերճ Սվազլեան, եւ  եկեղեցւոյս Տիկնանց միութեան ատենապետուհի Իվէթ Փանոսեան, Վերապատուելի Դոկտ. Պերճ Ճամպազեան՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան հոգեւոր հովիւ, Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան՝ հոգեւոր հովիւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ, Յակոբ Ճանպազեան՝ Միջյարանուանական մարմնի ատենապետ:

Ներկայ էին նաեւ նախկին Քաղաքացիութեան դատաւոր Արիս Պապիկեան, գաղութիս մէջ գործող հետեւեալ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները՝ Թէքէեան Մշակութային Միութիւն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Պոլսահայ Մշակութային Միութիւն, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւն, Հայ Մարմնամարզական Միութիւն, Թորոնթոյի Հայ Ակումբ, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ եւ Օնթարիոյի Հայ Բժշկական Միութիւն, ինչպէս նաեւ նախկին Ծխական խորհուրդի անդամներ, կնքահայրեր եւ բարերարներ:

Կենաց բաժակներ բարձրացան Մայր Հայրենիքի Սբ. Էջմիածնի եւ Ազգիս Վեհափառ Հայրապետ Գարեգին Բ-ին՝ մաղթելով իրեն արեւշատութիւն:

Գեղարուեստական յայտագիրին մէջ հայկական խանդավառ պարերով ելոյթ ունեցան Մհեր Մինասեան՝ իր գեղեցիկ երգեցողութեամբ եւ եկեղեցւոյս «Սասուն» պարախումբի պարման-պարմանուհիներէն խումբ մը, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Սեւակ Աւագեանի: Բարի մաղթանքներու մթնոլորտի մէջ ներս բերուեցաւ տարեդարձի կարկանդակը։

Եկեղեցւոյս Ծխական խորհուրդի անունով ատենապետ Օհան Օհաննէսեան շնորհաւորեց տարեդարձը ու շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգեւոր հովիւին, յարակից մարմիններուն, կազմակերպիչ յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ եկեղեցիէն ներս տարուած բեղուն աշխատանքներուն:

Թեմական Խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Աբէթ Ալբայ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ տարեդարձը, ինչպէս նաեւ Հովիւն ու Ծխական Խորհուրդի անդամները իրենց նուիրական գործունէութեան համար:

Սեդա Քէշիշեան ընթերցեց ՍԴՀԿ Նոր Սերունդ մշակութային միութեան եւ ՀՄՄի Վարչութեան շնորհաւորական գիրը ուղղուած եկեղեցւոյս տարեդարձի ուրախ առթիւ:

Եկեղեցւոյս հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան փոխանցեց իր պատգամը եւ անդրադարձաւ այն անձերուն, որոնք 88 տարիներ առաջ զոհաբերութիւններու շնորհիւ կերտեցին եւ մեզի ժառանգ ձգեցին հաւատքի այս տունը: Անոնք այսօր անդարձ բաժնուած են մեզմէ, բայց հոգիով միշտ ներկայ են: Շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, հովանաւորներուն, ինչպէս նաեւ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն, տարեդարձի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, յարակից մարմիններուն, եւայլն։

Հովիւի եւ Ծխական Խորհուրդի որոշումով, իրենց մատուցած ծառայութեան առ ի գնահատանք յուշատախտակներով պարգեւատրուեցան Արմինէ Պոյաճեան «Տարուայ Կին»ը, Կարպիս Պետրոսեան «Տարուայ Մարդ»ը, Լարա Կիւմուշճեան «Տարուայ Երիտասարդուհին», Խաչիկ Վանէս «Տարուայ Երիտասարդը» եւ Խաչիկ եւ Նուարդ Միրզոյեան եւ զաւակները՝ «Տարուայ օրինակելի ընտանիք»ը: Պատուոյ գիր  ստացաւ Ծխական Խորհուրդի շրջանաւարտ անդամուհի Սուսաննա Հարությունեանը: Տիանա Պողօսեան պարգեւատրուեցաւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Ս. Խաչ» շքանշանով, առ ի գնահատանք իր երկարամեայ ծառայութեան:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Մարմնամարզութեան ու Երիտասարդական բաժնի մէջ տարիներու սիրահոժար աշխատանքի համար գնահատուեցան երեք երիտասարդներ՝ Կարօ Սեմերճեան, Յակոբ Սեմերճեան եւ Վիգէն Ամբակումեան: Աբէթ Ալբայ գնահատուեցաւ ծաղկեփունջով մը Թեմական Խորհուրդի մէջ իր մատուցած սատար աշխատանքին համար:

Փակման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ու գնահատեց Ծխական Խորհուրդը, յարակից մարմինները, ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբը, օրուայ պարգեւատրեալները, շնորհակալութիւն յայտնեց ու բարձր գնահատեց Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի հոգատարութիւնը իր ծուխին եւ գաղութին նկատմամբ ինչպէս նաեւ Տէր Հօր ղեկավարութեամբ բազմաթիւ աշխատանքները:

Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ-հանդիսութիւնը: