Ս. Ծննդեան Տօնին Առթիւ՝ Երեսփոխան Պրայըն Մէյ Կ’այցելէ Ս. Նշան Եկեղեցի եւ Գէյմրիճի Հայ Կեդրոն


Յունուար 7ին, Ս.Ծննդեան տօնին առթիւ, Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ Գանատա-Հայաստան Խորհրդարանական Խմբակցութեան ատենապետ եւ Գէմպրիճի ընտրատարածքը ներկայացնող՝ Երեսփոխան Պրայըն Մէյ, որ վերջերս ընտրուած էր որպէս խմբակցութեան նոր ատենապետ:

Պատարագի աւարտին, երեսփոխան Մէյ հաւատացեալներուն ընթերցեց Վարչապետ Թրուտոյի կողմէ հրապարակուած յատուկ շնորհաւորական ուղերձը, ուղղափառ բոլոր եկեղեցիներու Ս.Ծննդեան տօնին առթիւ:

Պատարագէն ետք, Մէյ նաեւ իր մասնակցութիւնը բերաւ եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած Ս. Ծննդեան ճաշկերոյթին, ուր նաեւ առիթը ունեցաւ զրուցելու համախմբուած բազմութեան եւ շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներուն հետ: