Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգ. Շաբաթօրեայ Վարժարանի Երգահանդէս եւ Ամավերջի Հանդէսներ


Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգ. Շաբաթօրեայ վարժարանի տարեկան Երգահանդէսի աւարտին՝ Խմբավարն ու մասնակից աշակերտները:

Պէթ­թի Փա­նո­սեան


Թո­րոն­թո­յի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն Հայց. Ա­ռաք. Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ ՙԲա­րեւ՚ կեդ­րո­նի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Շա­բաթ, 8 Յու­նիս, 2019-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. Սա­հակ եւ Ս. Մես­րոպ Ազգ. Շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րա­նի տա­րե­կան եր­գա­հան­դէ­սը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ Նա­դա Նա­վա­սարդ­յա­նի։

Ներ­կայ էին Գա­նա­տա­հա­յոց Ա­ռաջ­նորդ՝ Գերշ. Տ. Աբ­գար եպս. Յո­վա­կի­մեան, Փոխա­ռաջ­նորդ եւ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ՝  Տ. Զա­րեհ Ա. Քհնյ. Զար­գա­րեան, նաեւ  ծնող­ներ եւ հրա­ւի­րեալ­ներ։

Ա­միս­ներ շա­րու­նակ ե­լոյ­թին պատ­րաս­տո­ւող թի­ւով շուրջ 250 ա­շա­կերտ­ներ մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ բեմ բարձ­րա­ցան ներ­կա­յաց­նե­լու տա­րե­կան այս իւ­րա­յա­տուկ հա­մեր­գը։

Ա­ռա­ջին բա­ժի­նով հան­դէս ե­կան նա­խակր­թա­րա­նի ա­ռա­ջին չորս կար­գե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնց մա­նուկ շուր­թե­րէն դուրս ե­կան ման­կա­կան եօ­թը հրա­շա­լի եր­գեր։ Ե­րե­խա­նե­րը՝ սկիզ­բը վա­րա­նոտ, սա­կայն հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի ինք­նավս­տահ, ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց սոր­ված եր­գե­րը, ան­գամ մը եւս հաս­տա­տե­լով, որ ի գին Մայ­րե­նիի պահ­պան­ման տա­րո­ւած ո­րե­ւէ աշ­խա­տանք եւ զո­հո­ղու­թիւն, ան­պայ­ման ար­դիւ­նա­բեր կ­՜ըլ­լայ։ Ընդ­մի­ջու­մին, վար­ժա­րա­նի տնօ­րէն՝ Դոկտ. Ար­փի Փա­նո­սեան Մը­թարթ փո­խան­ցեց իր սրտի խօս­քը մատ­նան­շե­լով յատ­կա­պէս՝ ե­րաժշ­տու­թեան ու­նե­ցած ազ­դե­ցու­թիւ­նը ե­րե­խա­նե­րուն ան­ձին կազ­մա­ւոր­ման մէջ։

 Յա­ջորդ բա­ժի­նով հան­դէս ե­կան բարձր դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնք ա­ւե­լի ինք­նավս­տահ եւ պա­տա­նի­նե­րու յա­տուկ ի­րենց աշ­խու­ժու­թեամբ ո­գե­ւո­րե­ցին հան­դի­սա­տե­սը։ Ա­նոնց ներ­կա­յա­ցու­ցած եր­գե­րուն ընդ­մէ­ջէն ծնող­ներ եւ հրա­ւի­րեալ­ներ մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ ծա­փող­ջոյն­նե­րով ըն­կե­րակ­ցե­ցան ա­նոնց։

Ա­ւար­տին, ի­րենց սրտի խօս­քե­րը փո­խան­ցե­ցին Սրբա­զան հայրն ու Հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, քա­ջա­լե­րե­լով ե­րե­խա­նե­րը, նաեւ՝ շեշ­տե­լով եւ ար­ժե­ւո­րե­լով խում­բի ղե­կա­վար Նա­դա Նա­վա­սարդ­յա­նի ան­սա­կարկ նո­ւի­րու­մը, ո­րուն աշ­խա­տան­քին ար­դար ար­գա­սիքն էր տո­ւեալ ե­լոյ­թը։  ՙՊահ­պա­նիչ՚ով եւ ա­պա ա­շա­կերտ­նե­րու կող­մէ ՙՀայր Մեր՚ի կա­տա­րո­ղու­թեամբ վերջ գտաւ եր­գա­հան­դէ­սը, ո­րուն յա­ջոր­դեց Խոր­հուր­դին կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած ճա­շի եւ խա­ղե­րու բա­ցօ­դեայ ժա­ման­ցը ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­բա­կին մէջ։

Յա­ջորդ Շա­բաթ օր,  15 Յու­նի­սին վա­ժա­րա­նի ա­մա­վեր­ջի հան­դէսն էր, ո­րուն ըն­թաց­քին բո­լոր դա­սա­րան­նե­րը մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին եր­գով, պա­րով, աս­մուն­քով կամ թատ­րո­նի ներ­կա­յաց­մամբ։

Նոյն օ­րը տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ Ման­կա­պար­տէ­զի վկա­յա­կա­նաց բաշ­խու­մը, ինչ­պէս նաեւ Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն բաժ­նի ՙԱյբ­բե­նա­րան՚ի հան­դէ­սը։ Կա­րե­լի չէր չո­գե­ւո­րո­ւիլ ի տես 6-7 տա­րե­կան ե­րե­խա­նե­րու թո­թո­վա­լից խօս­քե­րով, եր­բեմն ան­թե­րի իսկ եր­բեմն ալ հա­ճե­լի սխալ­նե­րով կամ մո­ռա­ցու­թեամբ ներ­կա­յա­ցու­ցած բա­ժին­նե­րը։

Նա­խակր­թա­րա­նի բարձր դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­ներ շա­բա­թա­կան հե­տե­ւո­ղա­կան փոր­ձե­րու ա­ւար­տին, մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց սոր­ված պարն ու թատ­րո­նը։ Ըն­թաց­քին, լա­ւա­գոյն ար­դիւնք բե­րող ա­շա­կերտ­նե­րը պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցան մրցա­նակ­նե­րով, ո­րոնք տրա­մադ­րո­ւած էին վար­ժա­րա­նիս մեծ ըն­տա­նի­քին մաս կազ­մող յա­գար­ժան նո­ւի­րա­տու­նե­րու կող­մէ։ Տնօ­րէ­նու­թեան կող­մէ 5 կա­մա­ւոր­ներ եւս պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցան գնա­հա­տագ­րե­րով, նո­ւի­րա­կան ի­րենց ծա­ռա­յու­թեան հա­մար։

22 Յու­նիս, 2019-ին Ս. Եր­րո­րու­թիւն Հայց. Ա­ռաք. Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ  ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի հան­դէ­սը։  16 ա­շա­կերտ­ներ յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տե­ցին 11 տա­րի­նե­րու ի­րենց հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն շա­բա­թօ­րեայ յա­ճա­խե­լու շրջա­նը։

Քայ­լերգ­նե­րու ունկնդ­րու­թե­նէն ետք, խօսք ա­ռաւ օ­րո­ւայ հանդն­սա­վար՝ Ար­մէն Պետ­րո­սեան, որ իր ու ըն­կեր­նե­րուն ա­նու­նով շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք փո­խան­ցեց վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան, ու­սուց­չա­կան կազ­մին եւ ըն­տա­նի­քին, խոս­տա­նա­լով չմոռ­նալ սոր­ված­նե­րը եւ ա­մուռ պա­հել Մայ­րե­նին։ Խմբա­յին ար­տա­սա­նու­թե­նէն ետք, ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ տե­սե­րիզ մը, ուր ե­լոյթ ու­նե­ցաւ նո­րա­կազմ ՙՃա­ռա­գայթ՚ փո­ղե­րա­խում­բը (կազ­մո­ւած՝ ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րէն, ղե­կա­վար ու­նե­նա­լով Կա­րի­նէ Պետ­րո­սեա­նը)։

Ու­ղերձ­նե­րը ըն­թեր­ցե­ցին Լա­լիկ Թահ­թա­ճեանն ու Էմ­մա Ո­ւակ­մը­նը, անդ­րա­դառ­նա­լով ա­ռա­ջի­նէն մին­չեւ ու­թե­րորդ դա­սա­րա­նի ա­մե­նա­յատ­կան­շա­կան ի­րենց տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ Շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քեր փո­խան­ցե­ցին վար­ժա­րա­նի հո­գա­տար տնօ­րէ­նու­թեան եւ անձ­նա­կազ­մին։ Յա­ջորդ բա­ժի­նով ու­թը տա­րի­նե­րը ներ­կա­յաց­նող տե­սե­րի­զի ցու­ցադ­րու­թեամբ ներ­կա­նե­րը մեծ ու­րա­խու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան ա­շա­կերտ­նե­րու դպրո­ցա­կան ա­ռօ­րեան ներ­կա­յաց­նող պատ­կեր­նե­րուն։

Հիւ­րա­բար ներ­կայ գտնո­ւող Նու­նե Ա­ւե­տիս­յան խօսք առ­նե­լով, իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց եւ շնոր­հա­ւո­րեց ա­շա­կերտ­ներն ու վար­ժա­րա­նի մեծ ըն­տա­նի­քը, նշե­լով որ քա­նի մը օ­րեր ետք դէ­պի Հա­յաս­տան ճամ­բոր­դող այս ա­շա­կերտ­նե­րը որ­քան շնոր­հա­կալ պէտք է ըլ­լան 63 տա­րի­ներ ա­ռաջ այս վար­ժա­րա­նը հիմ­նադ­րող­նե­րուն նկատ­մամբ£ Ա­պա, ան Սե­ւա­կի ՙԲա­րեւ՚ բա­նաս­տեղ­ծու­թե­նէն հա­տո­ւած մը աս­մուն­քեց։

Շա­բա­թօ­րեա­յի տնօ­րէն՝ դոկտ. Ար­փի Փա­նո­սեան-Մը­թարթ, Տ. Զա­րեհ Ա. Քհնյ. Զար­գա­րեա­նի  եւ 8րդ ­դա­սա­րա­նի ու­սուց­չու­հի Ան­նա Ա­բէ­լի հետ կա­տա­րե­ցին վկա­յա­կան­նե­րու եւ գնա­հա­տագ­րե­րու բաշ­խու­մը։ Օն­թա­րիօ նա­հան­գի ե­րես­փո­խան՝ Ա­րիս Պա­պի­կեա­նի կող­մէ բո­լոր շրջա­նա­ւար­տե­րուն փո­խան­ցո­ւե­ցան յա­տուկ պատ­րաս­տո­ւած գնա­հա­տագ­րեր։

Տնօ­րէ­նու­հին իր սրտի խօս­քին մէջ շնո­րա­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց հո­գե­ւոր հո­վի­ւին, վե­րա­պա­տո­ւե­լի Սար­մա­զեա­նին, Ա­րիս Պա­պի­կեա­նին, Անդ­րա­նիկ Չի­լին­կի­րեա­նին, ՙԲա­րեւ՚ի ա­տե­նա­պետ Ար­մի­նէ Պո­յա­ճեա­նին, խոր­հուր­դի եւ վար­ժա­րա­նի կազ­մե­րուն եւ ծնող­նե­րուն, ա­ւելց­նե­լով որ ամ­բողջ Սփիւռ­քի տա­րած­քին, Ս. Սա­հակ եւ Ս. Մես­րոպ Ազգ. Շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րա­նը թե­րեւս միակն է, ուր կը դա­սա­ւան­դո­ւին Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէնն ու Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը միա­տեղ։ Իսկ ըն­թա­ցիկ տա­րեշր­ջա­նի ա­մե­նա­մեծ նո­ւա­ճու­մը ին­նե­րորդ դա­սա­րա­նի հաս­տա­տումն էր, որ ու­նե­ցած էր 34 ա­շա­կերտ­ներ եւ ո­րուն ար­դիւն­քը ե­ղած էր շատ քա­ջա­լե­րե­լի իր մա­տու­ցած կրթա­կան ժա­մա­նա­կա­կից ծրա­գի­րով։ Տ. Զա­րեհ Ա. Քհնյ. Զար­գա­րեան իր խօս­քին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ հա­մայն­քին միա­կամ ըլ­լա­լու մա­սին, ո­րուն որ­պէս հե­տե­ւանք պե­տա­կան նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի տրա­մադ­րո­ւիլ շա­բա­թօ­րեայ մեր վար­ժա­րա­նին։ Այս առ­թիւ ան յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բին, տա­րած ազ­գա­նո­ւէր գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։

Ա­ւար­տին, եր­կա­րա­մեայ վաս­տակ ու­նե­ցող եւ Ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն բաժ­նի հիմ­նա­դիր­նեէն Մա­րիե­տա Գաս­պար­յան պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ ՙՕրհ­նու­թեան գիր՚ով եւ ՙՍ. Էջ­միա­ծին՚ շքան­շա­նով։

Վարձ­քը կա­տար Հայ դպրո­ցի բո­լոր նո­ւի­րեալ­նե­րուն։

Շրջանաւարտ 16 աշակերտները, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ:

Բազմավաստակ ուսուցչուհի Մարիետա Գասպարյան կը պարգեւատրուի: