Վախճանեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը


Մայիսին 25-ին վախճանեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ՝ Պէյրութ:

Երջանկայիշատակ կաթողիկոսին թաղման կարգը եւ յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուին  Մայիս 29-ին, եւ մարմինը պիտի ամփոփուի Զմմառու կաթողիկոս պատրիարքներու դամբարանին մէջ:

Պատրիարքը 87 տարեկան էր։

Ստորեւ կու տանք Գրիգոր Պետրոս Ի. Կապրոյեան կաթողիկոս պատրիարքին հակիրճ կենսագրականը, առնուած Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժինի կայքէն․

Ծնած է Հալէպ, 15 Նոյեմբեր 1934-ին, տասներորդը 12 զաւակներով ընտանիքի մը: Ծնողքը ապաստանած էին Հալէպ, Մարտին քաղաքի ջարդերէն ետք: Ընտանիքը վերջնականապէս կը հաստատուի Լիբանան 1938-ին:

Ան Կը մտնէ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան փոքր ընծայարանը, ապա կը յաճախէ Մարիստ Ֆրերներու վարժարանը:

Պաքալորէեան առնելէ ետք կ’ուղարկուի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ վարժարանը, Հռոմ եւ վեց տարի կը յաճախէ Քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանը, ստանալով սքոլասթիք փիլիսոփայութեան պաքալորէեան եւ աստուածաբանութեան վկայականը:

Կը վերադառնայ Լիբանան, ուր կը ձեռնադրուի Զմմառու միաբան կուսակրօն վարդապետ 28 Մարտ 1959-ին: Մէկ տարի պաշտօնավարելէ ետք, Ճունիի մէջ՝ իբրեւ փոխտեսուչ փոքր ընծայարանին՝ կը նշանակուի տնօրէն Պուրճ Համուտի Մեսրոպեան Հայ կաթողիկէ վարժարանին. Այդ պաշտօնը կը վարէ 9 տարիներ:

3 Յունուար 1977-ին՝ Պօղոս Զ. Պապը զայն կ՛անուանէ տիտղոսաւոր եպիսկոպոս Ամիտայի (Տիգրանակերտ) հայոց: Եպիսկոպոս կ’օծուի 13 Փետրուար 1977-ին, Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:

20 Յունիս 1986-ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը կը ստեղծէ Փարիզի Սուրբ Խաչ թեմը, Ֆրանսայի հայ կաթողիկէներուն համար եւ զայն կ’անուանէ առաջին եպիսկոպոսը այդ թեմին: 15 Հոկտեմբեր 1988-ին կը նշանակուի Առաքելական այցելու Արեւմտեան Եւրոպայի հայոց, որոնք զուրկ էին տեղական առաջնորդէ:

1997-ին կ’աւարտէ «Քրիստոնէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ» արեւմտահայերէն թարգմանութեան հրատարակութիւնը, որուն թարգմանութիւնը եւ տպագրութիւնը վարած էր ան:

2005-ին եւ 2009-ին կը կազմակերպէ Հռոմի եւ Լիբանանի մէջ, այժմ Ընդհանրական եկեղեցւոյ վարդապետ՝ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի նուիրուած երկու գիտաժողովներ, որոնց ընթացքին ներկայացուած նիւթերուն հրատարակութիւններն ալ կը հոգայ:

1997-էն 2014 կը վարէ Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ վարժարանի ընդհանուր մատակարարի պաշտօնը: 7 Ապրիլ 2013-ին, երբ կը հաստատուի իր յաջորդը՝ Յովհաննէս եպս․ Թէյրուզեան, իբրեւ թեմին առաջնորդ, ան կը դառնայ վաստակաւոր եպիսկոպոս Ֆրանսայի թեմին:

-25 Յունիս 2015ին, յետ մահու, երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, ան կը դառնայ պատրիարքական կառավարիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ:

– 25 Յուլիս 2015-ին Հայ Կաթողիկէ պատրիարքական եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը զինք կ’ընտրեն 20-րդ կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ ան կ’առնէ Գրիգոր Պետրոս Ի. անունը: