Վահրամ Բալայեան Ընդունած է Օնթարիոյի Օրէնսդիր Ժողովի Նախկին Խօսնակ Տէյվիտ Ուորնըրը


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Յունիս 4-ին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Վահրամ Բալայեան ընդունած է Օնթարիոյի օրէնսդիր ժողովի նախկին խօսնակ, Օնթարիոյի նախկին խորհրդարանականներու միութեան նախագահ Տէյվիտ Ուորնըրը։

Ուորնըրին կ’ընկերակցէր Գանատայի Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի վարիչ Սեւակ Պելեան:

Ողջունելով հիւրը` Վահրամ Բալայեան յոյս յայտնած է, որ Ուորների գործադրած ջանքերը նոր լիցք կը հաղորդեն հայ-գանատական յարաբերութիւններու ամրապնդման:

«Կը կարծեմ, այն փոփոխութիւնները, որ տեղի կ՛ունենան Արցախի մէջ վերջին տարիներուն, կը վկայեն այն մասին, որ մենք ժողովրդավարութեան հիմնարկներու ստեղծման ճանապարհին յաջողութիւններ ունինք», նշած է Բալայեան:

Այնուհետեւ ԱԺ նախագահի տեղակալը անդրադարձած  է խորհրդարանին մէջ կուսակցութիւններու ներկայացուածութեան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Ուորնըր նշած է, որ շատ տպաւորուած է իր առաջին այցով Հայաստան, Արցախ եւ բացայայտած  երբեմնի ցանկութիւնը` այս երկու  երկիրներու ժողովուրդին մասին վաւերագրական ֆիլմ նկարահանելու մասին:

«Հիմնական խնդիրը անվտանգութեան խնդիրն է, եւ միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է առնուազն յարգել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ հասցէագրուած դատապարտէ Ազպէճանի կողմէ վարուող ապակառուցողական քաղաքականութիւնը», ընդգծած է ան:

Հանդիպման մասնակցած է Արցախի խորհրդարաններու միւութեան նախագահ Համլէտ Գրիգորեան եւ ԱԺ պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ օրինապահպանութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի փոխնախագահ Լեռնիկ Յովհաննիսեան: