Վաղը Աննախընթաց Համահայկական Առցանց Համերգ Աւելի Քան 40 Երգիչներու Մասնակցութեամբ՝ Նուիրուած Համաճարակին Դէմ Պայքարին


Վաղը՝ Մայիս 2- ին, Թորոնթոյի ժամով 12:20 -ին, աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ ապրող աւելի քան քառասուն հայ երգիչ-երգչուհիներ պիտի մասնակցին առցանց համերգի մը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ ուղղուած ծրագիրներուն:

Առցանց համերգին ելոյթ պիտի ունենան յայտնի երգիչ-երգչուհիներ, ինչպէս Յարութ Փամպուքչեան, Իւետա Մուկուչեան, Արա Մարտիրոսեան, Հայկօ, Արամ MP3, Թաթա, Շուշան Պետրոսեան, Արամէ, Անտի, Արմէնչիկ, Արման Յովհաննիսեան, Գարիկ եւ Սոնա, Մարտին Մկրտչեան, Գրիշա Աղախանեան, Նորօ, Սոնա, Թաթուլ, Էրիկ Կարապետեան եւ ուրիշներ:

Համերգին տոմսերը գնելու, երգիչներուն ամբողջական ցանկին եւ այլ մանրամասնութիւններու համար կրնաք այցելել https://all.me/tovmasyanfoundation կայքէջը։

Առցանց համերգը նախաձեռնած է «Թովմասեան» բարեգործական հիմնադրամը։