Վանայ Լիճի Աղթամար Կղզին Ձմրան


Աղթամար կղզին եւ Սուրբ Խաչ եկեղեցին՝ ձիւներու տակ ծածկուած

«Էրմէնիհապեր»,- Ամէն տարի հազարաւոր տեղացի ու օտարերկրացի զբօսաշրջիկներ հիւրընկալող Վանայ լիճի Աղթամար կղզին ու հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցին իւրայատուկ գեղեցիկ են յատկապէս ձմրան:

Ձիւնի սաւանին տակ թաքնուած հայկական այս պատմամշակութային կոթողը` շրջապատուած ձիւնածածկ հայկական լեռներով, պարզապէս կը հիացնէ այցելուները: