Վանի Ս. Թովմաս Հայկական Լքուած Վանքը Վերածուած Է Գոմի


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Վանի Ս. Թովմաս հայկական վանական համալիրը կիսաւեր, լքուած եւ անմխիթար վիճակի մէջ է։ Գանձախոյզներու եւ կլիմայական վատ պայմաններու պատճառով մեծապէս վնասուած համալիրը այսօր կարիքը ունի վերականգնման ու խնամքի։

Վանքը ամրան ընթացքին՝ կը վերածուի անասուններու ժամանակաւոր գոմի:

Թովմաս առաքեալի մասունքները ամփոփելու նպատակով 11-րդ դարուն կառուցուած եկեղեցին կը գտնուի Վանայ լիճին մօտ, 2000 մեթր բարձրութեամբ բլուրի մը գագաթին։

Վանի Ոստան շրջանին մէջ գտնուող վանական համալիրը կիսաւեր ըլլալուն պատճառով, այսօր նաեւ զբօսաշրջիկներու կողմէ անտեսուած է։

Հակառակ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ուղղուած բազմաթիւ կոչերուն՝ վանական համալիրը բարեկարգելու եւ պահպանելու համար դեռ ոչ մէկ միջոց ձեռնարկուած է: