Վարագավանքին Քարերը Կը Քանդուին Եւ Կ՛օգտագործուին Մզկիթի Շինարարութեան Համար


«Ենի օզկիւր փոլիթիքա».- Վանի Վարագավանք եկեղեցւոյ քարերը քանդած են եւ օգտագործած մզկիթի շինարարութեան համար:

Վանի մէջ միջավայրի եւ պատմական կառոյցներու պահպանութեան միութեան նախագահ Ալի Քալչըք լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի ընթացքին պատմած է, թէ վանքը պարբերաբար կը վնասուի, անոր քարերը կ՛օգտագործեն ո՛չ միայն մզկիթի, այլ նաեւ գիւղի շարք մը տուներու ու այլ կառոյցներու շինարարութեան համար: Գործիչը կ՛ահազանգէ, թէ վանքը կը գտնուի լրիւ փլուզման եզրին:

Յայտնի է, որ ներկայիս վանքին մէջ երեխաներու համար կը տրուին նաեւ Ղուրանի դասեր:

Լոզանի պայմանագիրի 42րդ յօդուածի 3րդ մասին մէջ նշուած է. «Թրքական կառավարութիւնը պարտաւոր է լիակատար պահպանութեան տակ առնել եկեղեցիները, սինակոկները, գերեզմաններն ու նշեալ փոքրամասնութիւններու այլ կրօնական հաստատութիւնները»: «Լիակատար պահպանութիւնը» կը ներառէ ո՛չ միայն եկեղեցիները չքանդելն ու չաւերելը, այլ նաեւ ատոնց ամրացումն ու նորոգումը, սակայն լրիւ հակառակը կը կատարուի գետնի վրայ: