Վարագ Թանաշեան Առաջին Կը Հանդիսանայ TEAM Math Olympicsի Մրցումին


Վարագ Թանաշեան. Կողքը կեդրոնը՝ այլ յաղթական աշակերտներու եւ պատասխանատուի հետ:

Ամէն Տարի, Թորոնթոյի Ուսողութեան Դաստիարակներու Միութիւնը (The Toronto Educators Association for Mathematics) կը կազմակերպէ ուսողութեան մրցում մը՝ TEAM Math Olympics, ուր կը մրցին Թորոնթոյի կաթողիկէ (TCDSB) եւ հանրային (TDSB) դպրոցներու լաւագոյն աշակերտները:

Այս տարի, մրցումը կայացաւ Շաբաթ՝ 13 Ապրիլ 2019ին, Madonna Catholic Secondary schoolին մէջ:

Մրցումին կը մասնակցէին իւրաքանչիւր երկրորդական վարժարանէ երկու կամ չորս աշակերտներ, որոնք կը ներկայացնէին 7րդ եւ 8րդ դասարաններու խումբերը:

Ողոմպիականի մրցակիցները 144 աշակերտներ էին: Մրցումը տեղի ունեցաւ չորս հանգրուաններով անհատական եւ խմբային, որոնց արդիւնքով պիտի ճշդուէր առաջին երեք յաղթողներուն անունները:

Սոյն մրցումին St. Isaac Jogues Catholic Schoolի ներկայացուցիչներէն մէկը` Վարագ Թանաշեանն էր, որ սուրիական պատերազմի պատճառով երեք տարիներ առաջ գաղթած էր Գանատա:

Վարագը միակ գանատահայ ներկայացուցիչն էր մրցումին: Ան երկար պայքարէ ետք, կրցաւ առաջին դիրքը գրաւել: