Վարանգաթաղի Բարձունքին


Րաֆֆի Սարգիսեան
 

Ձօն՝  Քրիստափոր Արթինի, Գէորգ Հաճեանի եւ Մհեր Յարութիւնեանի 

 
Վարանգաթաղի բարձունքը սրբացաւ,
Ձեր սուրբ կարմիրով մկրտուեցաւ,
Ձեր վերջին շունչերը արտաբուրելով՝ 
Հայըն իր փառքին տիրացա՛ւ :
 
Համբարձա՛ք, դուք չինկաք,
Իբրեւ յաղթանակի նախերգակ,
հովիտներու քամիներուն հետ՝
Թէժ պայքարէն ետք, բարձրացաք:
 
Վարանգաթաղի արծիւներու երամ,
Սէգ բարձունքէն՝ Վասպուրական,
Չէք ննջեր, միշտ կը տքնիք արթո՛ւն,
Հաւատարիմ պահակներ դիւցազներուն:
 
Ձեր անունները յաւերժ, աղօթքի պէս՝ 
Սերունդներ կ’արտասանեն այնպէս,
Ինչպէս սուրբերուն միջնորդութեան.
Դո՛ւք առաքինի ընծաներ  Հայութեան:
 
 
Թորոնթօ, Գանատա
2020