Վարդան Կարապետեան՝ Կլէնտէյլի Նոր Քաղաքապետ


«Ասպարէզ»․- Մայիս 1ին, Կլէնտէլի քաղաքային խորհուրդի անդամները, միաձայն նոր քաղաքապետ ընտրեցին քաղաքային խորհուրդի ներկայ անդամ Վարդան Կարապետեանը: Ան յառաջիկայ գործունէութեան մասին նշած է, որ իր գործընկերներուն հետ միասին պիտի աշխատի քաղաքը աւելի բարեկեցիկ եւ ապահով  դարձնելու ուղղութեամբ, հետամուտ պիտի ըլլայ ընթացիկ նախագիծերու իրականացման՝ յայտարարուած ժամկէտներու մէջ:

Կլէնտէյլի նոր քաղաքապետը ամփոփ կերպով անդրադարձած է իր առաջնահերթ ծրագիրներուն. «Մեր քաղաքացիներուն ամենամեծ անհանգստութիւն պատճառող խնդիրներէն է բնակարաններու վարձերուն բարձրացումը, որ յաճախ տեղի կ՝ունենայ տարուան ընթացքին քանի մը անգամ՝ տանտիրոջ եւ վարձակալի միջեւ պայմանագրի բացակայութեան պատճառով: Այս հարցը կարգաւորելու համար, կը նախատեսեմ առաջարկել վարձերու կայունացման մասին նոր օրէնք մը, ըստ որուն, տանտէրը պարտաւոր պիտի ըլլայ վարձը բարձրացնելու մասին տեղեկացնել չորս ամիս առաջ, եւ վարձակալի համաձայնութան պարագային՝ պարտադիր պայմանագիր կնքել մէկ տարի ժամկէտով: Առաջնահերթ յաջորդ հարցը՝ բարձր աշխատավարձով նոր աշխատատեղերու ստեղծումն է: Այս նպատակով, կը նախատեսուի գրաւիչ առաջարկներ ընել գործարարներու՝ Կլէնտէյլի մէջ գործարարութիւն ծաւալելու համար: Յառաջիկայ տարին պիտի կառուցուի նաեւ 70 մատչելի բնակարան տարեցներու համար: Բնակելի շէնքերու հարեւանութեամբ ալ կը նախատեսեմ կառուցել կայանատեղիներ»: Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ կ՝աշխատի երկու հրշէջ մեքենայ Հայաստան ուղարկելու համար համապատասխան ֆինանսական միջոցներ հայթայթելու ուղղութեամբ:

Յիշեցնենք, որ Կլէնտէյլի քաղաքապետը կ՝ընտրուի քաղաքային խորհուրդի անդամներուն կողմէ՝ մէկ տարի պաշտօնավարման ժամկէտով:

Մայիս 1ին, Կլէնտէյլի քաղաքապետարանին մէջ պաշտօնները ստանձնեցին քաղաքային խորհուրդի մէջ  վերընտրուած Զարեհ Սինանեան ու Արա Նաճարեան, ինչպէս նաեւ՝ առաջին անգամ ընտրուած Վրէժ Աղաճանեան, Արդի Քասախեաը, որ պիտի շարունակէ գործունէութիւնը իբրեւ քաղաքապետարանի քարտուղար, եւ Ռաֆֆի Մանուկեան՝ իբրեւ գանձապահ:

Քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Կլէնտէյլի Համայնքային քոլէճի հոգաբարձուներու խորհուրդին մէջ ընտրուած անդամներ՝ Արմինէ Յակոբեանի, Իվէթ Վարդանեան-Տէյվիսի, Էն Ռասֆորտի, ինչպէս նաեւ՝ Կլէնտէյլի Միացեալ Կրթաշրջանի խորհուրդին մէջ վերընտրուած՝ Արմինա Կարապետեանի, Կրեկ Գրիգորեանի, եւ նոր ընտրուած՝ Շանթ Սահակեանի երդմնակալութեան արարողութիւնը: