Վարդապետ Շորպա


Հինէն ի վեր մեր վանքերուն մէջ կʼապրին վանականներըˋ գլխաւորաբար հոգեւոր հայրերն ու աշակերտները, տարբեր աստիճանի հասած եկեղեցականներ, կողք – կողքի, իւրաքանչիւրը գիտակ իր պատասխանատւութեանց: Նախապէս վանքի բոլոր գործերը, ինչպէս հոգեմտաւոր աշխատանքները (ամենօրեայ արարողութիւններ, աղօթքներ, օրհնութեան ծէսեր, հոգեւոր գրականութեան ընթերցում, դասաւանդում, քարոզներ), այնպէս ալ կենցաղավարական խնդիրները յաճախ վարդապետները իրենք հոգացած են: Մաքրութիւն, մոմի պատրաստում, նորոգութիւն, վառ ու ցանք,  վառելափայտ կոտրել, անասնապահութիւն, սնունդի պատրաստում, եւայլն…: Անշուշտ վանքերը ունեցած են նաեւ վանքապատկան տարածքներ, որոնց գիւղացիները հոգացած են վանքի կարիքները. սակայն վանքերու նիւթական գլխաւոր եկամուտը եղած է ուխտաւորներու նուիրաբերումները, որոնք կատարուած են հաւատքով եւ երկիւղածութեամբ, եւ որոնց ընծայաբերման իմաստը դժբախտաբար այժմ կորսնցուցած է իր վաղեմի նշանակութիւնը եւ դարձած է լոկ պարտականութիւն կամ պարտաւորութիւն:

Կուսակրօն կամ անպատական վանքերը յատկապէս շատ ժուժկալ կենսակերպ ունեցած են եւ իրենց կեանքի կիզակէտը եղած է մաքրուելով աշխարհիկ կեանքի մեղքերէն, ճանչնալ մարդու ի սկզբանէ տրուած էութիւնը, ապրիլ այդ բնականութեան մէջ եւ աղօթքներով նպաստել ամբողջ աշխարհի ու տիեզերքի Լուսաւորմանը:

Վանքերու մէջ սնունդի պատրաստումը ընկերակցած է աղօթասացութեամբˋ շնորհակալական եւ երախտագիտական զգացումներով: Որպէս կանոն սեղանատան մէջ հաւաքուած են, բոլորը միասին, նստած ըստ դասի եւ տարիքի. ճաշակած են նոյն համեստ ճաշը. – խաշած բանջարեղէն, բանջար, արմտիք, կաթնամթերք, միրգ: Մսեղէն ճաշերը սովորաբար եղած են տօնական օրերու մատաղներ, որոնց օրհնութենէն յետոյ ուխտաւորները նուիրաբերած են վանականներուն: Սակայն ամենէն անզուգական սովորութիւնը կը հանդիսանայ ճաշի ընթացքին Առաքելոց թուղթերու վանական աշակերտի մը կողմէ ընթերցումը, որ մինչեւ այսօր կը պահպանուի մեր վանքերու առօրեային մէջ:

Մեր աւանդական խոհանոցին մէջ մնացած են երկու տարբեր ճաշատեսակներ, որոնք վանական կեանքէն անցած են ժողովուրդին. առաջինըˋ «աբեղաճաշ» անունով ապուրն է, որ կը պատրաստուի ծեծած ընկոյզով կամ կաղինով, սխտորով եւ քացախով, եւ որուն մէջ հաց բրդելով կը ճաշակեն: Իսկ երկրորդ ճաշատեսակը կը կոչուի «վարդապետ շորպա». այն ոսպապուր է, որու գլխաւոր բաղադրիչը կարմիր ոսպն է, սակայն տարբեր շրջաններու մէջ տարբեր բաղադրիչներ կʼաւելնան:

Բաղադրութիւնը

1 գաւաթ կարմիր ոսպ

1/4  գաւաթ բրինձ (կամ ծեծած, կամ սիսեռ)

2 սոխ (կամ սխտոր)

2 ապուրի դգալ իւղ (կամ ձէթ)

դափնետերեւ

կարմիր պղպեղ

քիմիոն

աղ

Պատրաստութիւնը

            Առատ ջուրի մէջ խաշել բրինձը (կամ ծեծածն ու սիսեռը), աւելցընել սոխառածը (կամ սխտորը),  ապա ոսպը եւ եփել մարմանդ կրակով. համեմել եւ մատուցել չոր հացի հետ:

            Ոմանք վերջաւորութեան մանրուած բանջար կը լեցնեն, իսկ այլ տարբերակի մը համաձայն եփելու ընթացքին 1 կարմիր կծու պղպեղ ամբողջութեամբ կը դնեն միասին եփելու կամ ալ 1 ապուրի դգալ կարմիր պղպեղի մածուկ կը լուծեն ջուրին մէջ: Որոշ քաղաքային խոհանոցներու սովորութեան համաձայն, տօնական օրերուն կողքին կը մատուցեն տապկուած ապուխտ: