Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Պաշտօնավարման 100 Օրուան Նուիրուած Հանրահաւաք՝ Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ


“Արմենփրես”,- Օգոստոս 17ի երեկոյեան, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնավարման 100 օրուան ամփոփման նուիրուած քայլերթ ու հանրահաւաք։

Երեւանի Արցախի  եւ Էրեբունի փողոցներու խաչմէրուկէն մեկնարկեց Փաշինեանի կազմակերպած քայլերթը դէպի Հանրապետութեան հրապարակ: Փաշինեան իր քայլերթը որոշած էր սկսիլ այն վայրէն, ուրկէ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» ժամանակ` Ապրիլ 22ին, ուժային կառոյցները բերման ենթարկած էին զինք ու իր կողմնակիցները:

Երթին ու հանրահաւաքին մասնակցելու համար Երեւան ժամանած էին Հանրապետութեան տարբեր մարզերէն ու Արցախէն հայորդիներ:

Քայլերթի ժամանակ լրագրողներու ուղղած հարցերուն պատասխանելով՝ վարչապետը ըսաւ, որ պաշտօնավարման 100 օրուան ընթացքին իր ամենամեծ ձեռքբերումը յաղթանակած հայ քաղաքացին է եւ վստահութիւնն է ապագայի նկատմամբ:

Լրագրողի մը այն դիտարկման, թէ Ռոբերտ Քոչարեան յայտարարած է, որ հնարաւոր է` դառնայ նոր Հայաստանի առաջին քաղբանտարկեալը, Փաշինեան նշեց, որ Նոր Հայաստանի մէջ քաղբանտարկեալներ պիտի չըլլան եւ ատիկա կը նշանակէ, որ բանտերուն մէջ պիտի չըլլան մարդիկ, որոնց մէջ նաեւ կաշառակերներ:

Վարչապետ Փաշինեան հանրահաւաքին մասնակցող տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներուն առջեւ յայտատարեց, որ Հանրապետութեան հրապարակի վրայ ձեւաւորուած կառավարութիւնը հաշուետու է այդ հրապարակին:  «Ուղիղ 100 օր առաջ ձեր միասնական կամքը յաղթանակեց եւ 100 օր առաջ, երբ ձեր կամքով ես ընտրուեցայ ՀՀ վարչապետ, ես եկայ եւ ըսի ձեզի, որ դուք յաղթեցիք, եւ ձեր յաղթանակն այն չէ, որ ես ընտրուած եմ վարչապետ, յաղթանակը այն է, որ դուք որոշած էք, թէ ով ըլլայ այդ պաշտօնին վրայ, եւ ասկէ ետք միշտ միայն դուք պիտի որոշէք, թէ ով ըլլայ ՀՀ վարչապետ», նշեց ան:

“Գործնականօրէն ատիկա կը նշանակէ, որ յեղափոխական Հանրապետութեան հրապարակը կը հռչակուի ժողովրդական իշխանութեան բարձրագոյն մարմին: Սա կը նշանակէ, որ կառավարութիւնը ինչպէս ձեւաւորուած է այս հրապարակի վրայ, ասկէ ետք հաշուետու է եւ կ՛ենթարկուի այս հրապարակին: Մենք Հայաստանի քաղաքական ու տնտեսական կեանքի կարեւորագոյն որոշումները կայացնելու ատեն պէտք է հաւաքուինք այս հրապարակի վրայ եւ կառավարութիւնը լիազօրենք կամ արգիլենք իրականացնել այս կամ այն գործողութիւնը», շեշտեց ան:

Խօսելով վերջին երեք ամիսներու Հայաստանի տնտեսութեան վիճակի մասին, ան ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ տնտեսական աշխուժութեան բարձր ցուցանիշներ կան: Յունիսին, որ յետյեղափոխական առաջին ամիսն էր,  արձանագրուած է 9,6 տոկոս տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշ, իսկ տարուանը` կազմած է 8,5 տոկոս: Կան բոլոր հիմքերը, որ Հայաստանի մէջ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը շարունակէ աճիլ։ Անոր խօսքով, իր վարչապետ ընտրուելէն ետք ամենակարեւոր արդիւնքը հետեւեալն է. Հայաստանի Հանրապետութիւն աւելի շատ մարդ կու գայ, քան կը հեռանայ, ինչ որ՝ ըստ վարչապետին, կարելի է համարել արտագաղթի կանխման առաջին շատ կարեւոր արդիւնք:

«Մայիս 10էն Օգոստոս 14 Ժամանակահատուածին մէջ Հայաստան ժամանած է 29 հազար 986 աւելի շատ մարդ, քան մեկնողներու թիւն է: Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին մեկնածներուն թիւը եկածներէն աւելի էր 6 հազարով, այս տարի եկածներուն թիւը աւելի է 29 հազարով: Վերջին երեք ամսուան մէջ Հայաստան եկած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ 34 հազարով աւելի օտարերկրացի: Սա կը նշանակէ ներդրումային եւ զբօսաշրջութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան աճ: Անոնց մէջ բազմաթիւ են նաեւ մեր հայրենակիցները, եւ այն, որ անշարժ գոյքի գիները աճած են 20 տոկոսով, կը փաստէ, որ մեր հայրենակիցները ոչ միայն կու գան որպէս զբօսաշրջիկ, այլ նաեւ բնակարաններ կը գնեն Երեւանի եւ այլ քաղաքներու մէջ», ըսաւ Փաշինեան:

Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները աւելի կը բարելաւուին, եւ ՀՀ կառավարութեան նպատակներէն մէկը հայ-ռուսական բարեկամութիւնը խորացնելն ու այն նոր մակարդակի բարձրացնելն է, յայտարարեց ՀՀ վարչապետը:

«Արտաքին քաղաքական շրջադարձեր պիտի չըլլան, եւ մեր նպատակներէն մէկը հայ-ռուսական բարեկամութիւնը խորացնելն ու անիկա նոր մակարդակի բարձրացնելը: Համապատասխան ընթացակարգեր անցնելէ ետք դուք կ’իմանանք հայ-ռուսական համատեղ մարդասիրական նախագիծի մը մասին, որ մեր անկախ պատմութեան մէջ աննախադէպ է», ըսաւ ան:

Ան նաեւ նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը աշխարհագրական եւ քաղաքական առումով որեւէ կողմ ուղղուած չէ: «Արտաքին քաղաքականութեան մեր կարեւորագոյն գաղափարը ազգային շահերու պաշտպանութիւնն է: Մենք պիտի լաւացնենք մեր յարաբերութիւնները նաեւ Եւրոմիութեան հետ», ընդգծեց Փաշինեան:

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն երկրէն դուրս հանուած գումարներու համեմատ վերջին երեք ամսուան մէջ Հայաստան տեղափոխուած 116 միլիառ դրամով աւելի գումար: «Յեղափոխութեան օրերուն շատ կը խօսուէր,  որ հարիւրաւոր միլիոնաւոր տոլարներ Հայաստանէն կ՛արտահոսին եւ ատիկա կը համապատասխանէր իրականութեան: Բայց այսօր վստահ պաշտօնապէս կ՛ըսեմ, որ դուրս գացած գումարներու համեմատ եկած է մօտ 116 միլիառ դրամով աւելի շատ գումար: Իսկ Հայաստանի դրամատուներուն մէջ աւանդները աւելցած են 116 միլիառ դրամով, մօտ 250 միլիոն տոլարով»։

«2018ի Օգոստոս մէկի դրութեամբ` Հայաստանէն արտահանուած է այնքան միրգ եւ բանջարեղէն, որքան նախորդ ամբողջ տարին, եւ, կ՛ուզեմ ձեզի զեկուցել, որ երեք ամսուան ընթացքին ՀՀ կառավարութիւնը, հարկային մարմինները նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ աւելի հաւաքագրած են 28,8 միլիառ դրամ»։

Ըստ անոր, այս թիւերը միասին մէկ բան կը նշանակեն. Հայաստանի մէջ յեղափոխութեան քաղաքական յաղթանակէն ետք կը մօտենայ տնտեսական յաղթանակներու ժաանակաշրջանը: «Կը հաւաստիացնեմ, որ տնտեսութեան մէջ մենք իսկապէս լրջագոյն յաջողութիւններ պիտի ունենանք: Տնտեսական աճի այս օրինակը մեզի ձեռնտու չէ, կ՛ուզենք, որ անիկա փոխուի, որովհետեւ կը հասկնանք, որ դեռեւս կը շարունակենք մնալ հին օրինակի վրայ, երբ քաղաքացիները տնտեսական աճը չեն զգար: Մենք ատիկա պիտի փոխենք, զայն պիտի փոխարինենք ներառող տնտեսական համակարգով. սա կը նշանակէ, որ ՀՀ բոլոր քաղաքացիները պիտի ունենան տնտեսական գործունէութեամբ զբաղելու միեւնոյն հնարաւորութիւնները»

Անոր խօսքով` կառավարութիւնը տնտեսութիւնը պիտի զարգացնէ այն նոյն օրինակով, ինչով որ իրականացուած է թաւշեայ ոչ բռնի յեղափոխութիւնը: «Ինչո՞ւ երկար տարիներ Հայաստանի մէջ յեղափոխութիւն տեղի չէր ունենար, որովհետեւ բոլորս կը մտածէինք, որ ընդդիմադիր առաջնորդները պէտք է ընեն այդ յեղափոխութիւնը, բայց մեր յեղափոխութիւնը տեղի ունեցաւ այն ժամանակ, երբ բոլորդ հասկցաք, որ ոչ միայն առաջնորդները, այլ բոլորս պէտք է ընենք յեղափոխութիւնը, եւ ատիկա տեղի ունեցաւ: Մենք վերցուցած ենք Հայաստանի մէջ տնտեսական մենաշնորհները, ձեզմէ իւրաքանչիւրը ազատ է աշխատելու, ներդրումներ ընելու, ստեղծագործելու, իր հայրենիքը ծաղկեցնելու եւ Հայաստանի մէջ քաղաքական յեղափոխութեան նման իրականացնելու տնտեսական յեղափոխութիւն: Կառավարութիւնն ամէն ինչ պիտի ընէ, որ դուք այս հնարաւորութիւնը ոչ միայն ունենաք, այլեւ կարենաք կիրառել կեանքի մէջ: Քաղաքական յեղափոխութեան կու գայ յաջորդելու տնտեսական յեղափոխութիւնը, ուր դուք պէտք է նորէն յաղթեք», ընդգծեց վարչապետը:

Փաշինեան պատրաստ է Հայաստանի անունէն լիարժէք բանակցելու Ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցութիւններու մէջ, սակայն կը համարէ, որ Արցախի Հանրապետութեան անունէն պէտք է բանակցի Արցախի իշխանութիւնը:

Վարչապետը նշեց, որ Հայաստանը պատրաստ է հակահարուած տալու Ատրպէյճանին, բայց կողմ է խնդրի խաղաղ կարգաւորման: «Մենք պատերազմ չենք ուզեր: Պատրաստ ենք հասնելու խաղաղ կարգաւորման, բայց անոնք, որոնք կը փորձեն իմ վրաս հող յանձնելու որեւէ կասկած նետել, չեն հասկնար, որ Ղարաբաղի հարցի լուծող-չլուծողը ժողովուրդն է, ոչ թէ կառավարութիւնը», նշեց ան:

ՀՀ վարչապետին խօսքով` ինք բանակցային գործընթացի հետ կապուած որեւէ թուղթ չ՛ստորագրեր` առանց ժողովուրդին հետ խորհրդակցելու:

ՀՀ վարչապետ Փաշինեան իր 100 օրուան պաշտօնավարման ամենայիշարժան ձեռքբերումներէն մէկը կը համարէ փտածութեան դէմ պայքարը, եւ այդ պայքարին մէջ`ժողովուրդէն գողցուած գումարները լումայ առ լումայ վերադարձնելը:

 «Մենք ձեզի խոստացած էինք, որ հերթով պիտի բացայայտենք Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր թալանչիները, եւ ատիկա կ՛ընեն: Բայց փտածութեան դէմ պայքարին մէջ մեր կարեւորագոյն խնդիրը ոչ թէ բանտերը լեցնելն է, այլ` ձեզմէ գողցուած գումարները լումայ առ լումայ վերադարձնելը ժողովուրդին եւ պետութեան: Այսօր արդէն տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ վերադարձուած են եւ կը վերադարձուի: Մենք այսօր ունենք իրավիճակ, երբ իրաւապահ մարմինները կ՛աշխատին մեծ ծանրաբեռնուածութեամբ»:

Ան նշեց, որ կը հնչէ տեսակէտ, թէ դատական համակարգի մէկ մասը կը պատկանի նախկին կաշառակեր համակարգին:

«Բաղրամեան 26 յայտնուելով` ես կը հրաժարիմ դատական իշխանութեան հրահանգներ տալու արատաւոր սովորութենէն, բայց սա չի նշանակեր, որ որոշ դատաւորներ պէտք է հրահանգներ ստանան նախորդ կաշառակեր դարձած իշխանութեան ներկայացուցիչներէն», նկատել տուաւ ան:

ՀՀ վարչապետին խօսքով` օրէնսդրութեան որոշ խնդրահարոյց դրոյթներ յաղթահարելու համար անցումային արդարադատութեան մարմիններ ստեղծելու անհրաժեշտութիւն կայ: «ՀՀ բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկու մը հարազատ եղբօր միայն մէկ հաշուեհամարին մէջ յայտնաբերուած է 30 միլիոն տոլար, բայց քանի որ ապօրինի հարստացման մասին օրէնքը ընդունուած է 2017ի Յունիս 1ին, ատկէ առաջ թալանուածը ետ բերելու գործին մէջ բարդութիւններ պիտի առաջանան, որովհետեւ այդ մարդը երկար տարիներ պաշտօնեայ չէ եղած եւ յայտարարագիր չէ ներկայացուցած, ըսաւ Փաշինեան:

Անոր խօսքով` բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններ եւ գործընկեր պետութիւններ պատրաստակամութիւն յայտնած են` աջակցելու օտարերկրեայ պետութիւններու ու օֆշորներու մէջ հայ պաշտօնեաներու ունեցած հաշիւները սառեցնելու եւ Հայաստան փոխանցելու հարցով:

Մինչեւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան սահմանադրական փոփոխութիւններ: Փաշինեանի խօսքով` ան պատրաստ է դիմակայելու իր այն քաղաքական հակառակորդներուն, որոնց կարծիքով` խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ կազմակերպելու համար անհրաժեշտ է վարչապետին հրաժարականը, որմէ ետք, սակայն, հնարաւոր է, այլ վարչապետ ընտրուի:

«Անոնք կ՛ըսեն` ձգենք, հրաժարական տայ, յետոյ արագ այլ վարչապետ կ’ընտրենք: Քանի որ չեն հասկնար, թէ ինչ կը կատարուի, մենք կը նախաձեռնենք սահմանադրական փոփոխութիւններ, որու իմաստը պիտի ըլլայ այն, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան ոչ միայն վարչապետի հրաժարականի պայմաններուն մէջ, այլ նաեւ խորհրդարան կրնայ որոշում ընդունիլ ինքնալուծարման մասին», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: