Վենետիկի Ս․ Ղազար Կղզին՝ Մակընթացութեան Պատճառով Հեղեղուած


ԹՈՐԹՆԹՈՀԱՅ,- Վենետիկի միաբան Հայր Համազասպ Քէշիշեան իր Ֆէյսպուքեան էջին միջոցով կը հաղորդէ, որ Երեքշաբթի՝ 12 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 9-էն սկսեալ, ծավու մակընթացութեան պատճառով Վենետիկի Ս․ Ղազար կղզին հեղեղուած է։

Լճակի տիղմուտ ջուրը ողողած է Ս. Ղազար կղզիի վանքին գետնայայրկի բոլոր սենեակները՝ ներառեալ սեղանատունը, եկեղեցին եւ անոր կողքի աւանդատունը նոյնպէս լեցուած են կէս մեթր ջուրով՝ վնասելով որոշ եկեղեցական զգեստներ եւ ձռագործ զարդարանքներ եւ գորքեր:

Իսկ առաւօտեան պարզ դարձած է, որ ուժգին ալիքներու հարուածներուն տակ, կզղիին  հարաւակողմի եզերող պարսպապատը քանդուած է։ Ծովախորշին կայանած «Արմենիա» առագաստանաւը ալիքներէն քշուելով՝ անոր ցռուկը (առաջնամասը-Թ․) զարնուած է պարիսպին եւ փլած զայն։

«Մեր բոլոր հայրենակիցներուն եւ բարեկամներուն կ՚ուզենք ապահովցնել, որ վանքի մատենադարանը, պատկերասրահը, ձեռագրատունը եւ դիւանը անվնաս մնացին՝ Ամենասուրբ Կուսին մայրախնամ հովանիին ներքոյ», եզրափակած է ան։

Նշենք, որ Վենետիկը ծովածոցի մակընթացութեան պատճառով նախատեսուած բարձրագոյն մակարդակը 40 սմ է, իսկ հարաւային ուժգին քամիներուն պատճառով Վենետիկի լճակին մակարդակը հասած է 180 սմ-ի։ Այսպիսի իրավիճակ վերջին անգամ տեղի ունեցած է 1966-ին։ Ուժգին ալիքներուն տակ Վենետիկի Ճուտեքքա շրջանի հարաւային քարափները քանդուած են, նաւեր խորտակուած, եւ աւանդական կոնտոլաները Ս. Մարկոսի հրապարակ հասած։ Քաղաքն ամբողջ ջուրով ողողուած է։

Հեղեղի պատճառած վնասներէն պատկերներ