Վերապատուելի Յովհաննէս Մ․ Սարմազեանի Հովուական Ծառայութեան 50ամեակի Գոհաբանական Պաշտամունք եւ Յոբելինական Ճաշկերոյթ-Հանդիսութիւն


Վեր․ Յով­հան­նէս Սար­մա­զեան ներկայ հիւրերուն հետ կը հատէ կարկանդակը իր յո­բե­լի­նա­կան հան­դի­սու­թեան ընթացքին, Մարտ 10, Քէյմպրիճ:

Տոքթ․ Անի (Ճանպազեան) Հասըրճեան


Արդար գիտակցութեամբ եւ հասկացողութեամբ՝ Գէմպրիճի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնն ու Տիկնանց Միութիւնը , «Մշակը Արժանի»  գնահատանքով գեղեցիկ գաղափարը յղացած էին եւ կազմակերպած՝ Գոհաբանական Պաշտամունք եւ Յոբելինական Ճաշկերոյթ-Հանդիսութիւն, իրենց Հովիւին՝ Վեր․ Յովհաննէս Սարմազեանի 50 տարիներու անձնուէր հոգեւոր ծառայութեան առթիւ։ Ձեռնարկը նաեւ կը վայելէր Հիւսիւսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Հովանաւորութիւնը։

Վեր․ Յովհաննէս Սարմազեան ծնած է Պաղճաղազ (Քէսապի շրջան) Սուրիա։ Աւարտած է Հայկազեան Համալսարանը, ապա Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանը՝ Աստուածաբանութեան Ճիւղին մէջ։ Ան ծառայած է որպէս Հոգեւոր Հովիւ՝ Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ եւ միաժամանակ վարած է տնօրէնի պաշտօն տեղւոյն Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանին մէջ՝ 22 տարիներ։ Գանատա փոխադրուած է Տիկնոջ՝ Մարի (Ճանպազեան) Սարմազեանի եւ իրենց 3 զաւակներուն՝ Զէլային, Վարանդին եւ Պարէտին հետ 1990ին եւ ստանձնած է Հովուական պաշտօնը Գէմպրիճի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ։

Արդարեւ, Կիրակի, 10 Մարտ 2019ի յետմիջօրէին, Գէմպրիճի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին ունեցաւ Կիրակնօրեայ յատուկ Գոհաբանական Պաշտամունք, սովորականէն շատ աւելի խուռներամ բազմութեան ներկայութեամբ։ Պատուակալ Հովիւ Վեր․ Եսայի Սարմազեանի եւ Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն խումբ մը անդամներու ներկայութիւնը, առաւել կը շեշտէր համագործակցութիւնը երկու ՙՔոյր՚ եկեղեցիներու, որոնք երկա՜ր տարիներ վայելած են Վերապատուելի Սարմազեան երկու Եղբայրներու անխոնջ ծառայութիւնը։

Լոս Անճելոսէն ՙՆոր Յոյս՚ Երգչախումբը յատկապէս հրաւիրուած էր մասնակցելու օրուայ յայտագրին։ Վաստակաւոր երաժիշտ Ալպեր Պուլպուլեան դաշնակով ընկերակցեցաւ երգեցողութեան եւ երգիչներու ելոյթին։

ՙԿոչ Պաշտամունքի՚ն կատարեց Եկեղեցւոյ Քարոզիչ՝ Պարոն Արմէն Պչաքճեան։ Մեներգներով իրենց մասնակցութիւնը բերին թորոնթոբնակ սիրուած երգչուհի, մեցցօ սոփրանօ Սոնա Յովսէփեան եւ հոգեւոր երաժշտութեան մեկնաբան պաս՝ Վահագն Հովենց, յաջորդաբար մեկնաբանելով ՙՀայրս Կը Հսկէ Վրաս՚ եւ ՙԲաց Մեզ Տէր՚ երգերը։ Սոփրանօ Արփի Այնթապլեան եւ Թէնօր Ռաֆֆի Քէրպապեան երգեցին ՙՔեզմէ Ի Զատ՚ եւ ՙՈվ Տէր Յիսուս Ես Քեզ Տեսայ՚ հոգեպարար զուգերգերը։

Օրուայ պատգամաբերն էր Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ նախկին Հոգեւոր Հովիւ եւ ներկայիս Փասատինայի Կիլիկիա Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հովիւ Վեր․ Սերոբ Մկրտիչեան։ Ան իր Պատգամին մէջ կրցաւ Վեր․ Յովհաննէս Սարմազեանի կենսագրական գիծերուն զուգահեռ ներկայացնել այն ՙփոքրիկ՚ պատանին, որ ծնած էր Քէսապի աննշան ու փոքրիկ Պաղճաղազ գիւղին մէջ, սակայն հասակ առնելով հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեամբ օժտուած ընտանեկան յարկի տակ, զանազան դժուարութիւններ յաղթահարելով կրցած էր դառնալ ՙազդեցիկ՚ Հոգեւոր Հովիւ մը՝ ծառայելով 50 երկար տարիներ Հայ Աւետարանական համայնքին՝ Լիբանան եւ Գանատա։

Գոհաբանական Պաշտամունքէն ետք, Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնին մէջ Յոբելինական Հանդիսութիւնը սկսաւ ճոխ Ճաշկերոյթով, ուր ներկայ էին շատ մը հիւրեր, Գէմպրիճի եւ Թորոնթոյի Գաղութէն հայրենակիցներ, ընտանեկան պարագաներ եւ բարեկամներ։ Օրուայ հանդիսավար Պրն․Արմէն Պչաքճեանի բացման խօսքէն ետք, Սուրբ Նշան Առաքելական Եկեղեցւոյ Հովիւ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեանի աղօթքով շարունակուեցաւ յայտագիրը։

Քիչընըրի եւ Գէմպրիճի շրջանէն Դաշնակցային Խորհրդարանի անդամներ,  Հերըլտ Ալպրեխթ, Մարուին Թապպարա եւ Պրայըն Մէյ, որպէս Պատուոյ հիւրեր խօսք առին։ Ապա իւրաքանչիւրը յատուկ գնահատագրով շնորհաւորեց Վերապատուելիին 50 տարիներու հովուական ծառայութիւնը։

Հայաստանի Հանրապետութեան Օնթարիոյի Պատուոյ Հիւպատոս Պրն․ Վարուժան Լափոյեան իր համեստափայլ Տիկնոջ՝ Սիլվա Լափոյեանի հետ ներկայ եղաւ հանդիսութեան։ Ան խօսք առնելով շնորհաւորեց յոբելեարի 50 տարիներու հոգեւոր եւ ազգային բեղուն գործունէութիւնը Լիբանանի եւ Գանատայի մէջ եւ գնահատագիր մը յանձնեց։

Տեսերիզի միջոցաւ շնորհաւորական մաղթանքներ փոխանցուեցան հեռաւոր երկիրներէ, յատկապէս՝ Այնճարէն, Լիբանանէն։ Նաեւ ընթերցուեցաւ Հայ Աւետարանական  Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Տնօրէն  Վեր․ Վահան Թութիկեանի ուղերձը։

Ընտանիքի անունով խօսք առաւ Վեր․ Յ․ Սարմազեանի որդին՝  Գանատայի Բանակի Հետախուզութեան Գունդի Գործողութիւններու Սպայ՝ Captain Վարանդ Սարմազեան։ Ան իր հօր համեստ նկարագրի տէր կղերական մը ըլլալու կողքին ներկայացուց անոր կենսագրական գիծերը, իբր աշխատասէր գիւղացի  պատանի, աշակերտ, ապա սուրիական բանակի պարտադիր զինուոր, երիտասարդ, ապա չափահաս ուսուցիչ, հոգեւոր հովիւ, հայր եւ մեծ հայր։ Վարանդ շեշտեց, թէ իր հայրը հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններուն, աշխատասիրութեամբ, ընթերցասիրութեամբ, հաւատքով եւ զօրաւոր կամքով Հովուական կոչում ունեցած է՝ յաղթահարելով բազմաթիւ մարտահրաւէրները, ու Աստուծոյ վստահելով իրագործած է իր երազանքներն ու փափաքները։ Ընտանիքի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, մասնաւորաբար հանդիսութիւնը կազմակերպող Յանձնախումբին եւ հեռաւոր վայրերէ յատկապէս ժամանած հիւրերուն։

Ապա Վեր․ Յովհաննէս Սարմազեան եւ իր եղբայրը՝ Վեր․ Եսայի Սարմազեան Պատուոյ Հիւրերու ընկերակցութեամբ կատարեցին 50ամեակի կարկանդակի հատումը։

Յաջորդաբար խօսք առաւ Գէմպրիճի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Ատենապետ Սամսոն Քահքէճեան։ Ան մեծապէս գնահատեց Վերապատուելիին անխոնջ նուիրումն ու  ծառայութիւնը Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Գէմպրիճի Մշակութային եւ Ազգային գործունէութեանց ծիրէն ու կեանքէն ներս՝ անցնող 3 տասնամեակներուն։

Վեր․ Յովհաննէս Սարմազեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց եւ երախտագիտական խոր զգացումներով արտայայտուեցաւ, փառք տալով Աստուծոյ այն շնորհքին համար, որուն ինք արժանացած էր եւ կոչում ստացած՝ վայելելով Հոգեւոր Ծառայութեան նուիրումի հոգեպարար բաւարարութիւնը, իր համեստ ընծայաբերումով Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ եւ Հայ կեանքին։

Վեր․ Սերոբ Մկրտիչեան ներկայացուց Վեր․ Յ․ Սարմազեանը երկու հակասական ածականներով, ինչպէս՝ շատ  ՙհամեստ՚ հոգեւորական եւ շատ ՙհպարտ՚ հայ։ Ան Գնահատագիր մը յանձնեց Վերապատուելիին յանուն Հիւսիւսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Հովուապետ՝ Վեր․ Պերճ Ճամպազեանի, որ կամքէ անկախ պատճառներով ներկայ չէր։

Գեղարուեստական յայտագրի երկրորդ բաժինով ներկաները վայելեցին դասական, հոգեւոր եւ հայրենասիրական երգերու գեղեցիկ համերգ մը ՙՆոր Յոյս՚ երգչախումբի տաղանդաւոր երգիչներու եւ դաշնակահարի հրաշալի կատարողութեամբ։

ՙԿիլիկիա՚ եւ ՙԻնչ Մեծ Ես Դու՚ խմբերգներով, Տէրունական աղօթքով եւ Վեր․ Յովհաննէս Սարմազեանի Օրհնութեան աղօթքով վերջ գտաւ Յոբելինական հանդիսութիւնը։

Վեր․ Յովհաննէս Սարմազեան