Վերջին Հրաժեշտ՝ Արցախի Մէջ Աւելի Քան Մէկ Տարի Առաջ Նահատակուած 11 Հրետանաւորներուն


Վերջին հրաժեշտ՝ մէկ տարի առաջ զոհուած 11 հրետանաւորներուն, Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Դեկտ․ 2, Երեւան

Երեւանի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Դեկտեմբեր 2-ին վերջին հրաժեշտը տուին  Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին նահատակուած եւ աւելի քան մէկ տարի անհետ կորած համարուող «Ցոր» զօրամասի 11 հրետանաւորներուն:

Մէկ ամիս առաջ` Նոյեմբեր 2-ին Արցախի Մարտունի շրջանի Կարմիր Շուկայ համայնքի խաչմէրուկին ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ուղեկցութեամբ, ազրպէյճանական կողմը հայկական կողմին փոխանցած է արցախեան 3-րդ պատերազմի ընթացքին զոհուած եւ անհետ կորած համարուող 11 աճիւն: Այս հերոսներուն մասունքերը այդ աճիւններուն մէջ էին…

Զինծառայողներուն մասունքները հարազատներուն յանձնուած են օրեր առաջ:

Անոնք յետմահու պարգեւատրուած են Արցախի Հանրապետութեան «Մարտական Խաչ» շքանշանով:

Զինուորականներու հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք ամենայն Հայոց կաթողիկոս իր խօսքին մէջ նշեց, որ բոլորս կը խոնարհինք իրենց յիշատակին առջեւ, կը յիշենք անոնք արիութիւնն ու սխրանքները եւ բոլորս պատրք ունինք անոնց առջեւ՝ իրագործելու անոնց երազները, ապահով, շէն ու բարօր դարձնելու Հայաստան եւ Արցախ հայրենի մեր երկիրը, որուն պաշտպանութեան համար անոնք իրենց կեանքը ընծայեցին: 

«Հայցենք, որ մեր երկրի համար դժուարին այս ժամանակներուն զօրացնէ մեր ժողովրդին յոյսով, հաւատքով ու սիրով` ծանր փորձութեան համբերութեամբ եւ տոկունութեամբ դիմակայելու, ցաւն ու նեղութիւնները քաջաբար յաղթահարելու եւ ամէն ջանք ներդնելու մեր հայրենիքի պաշտպանութեան եւ զօրացման կենսական առաքելութեան մէջ», իր խօսքին աւարտին ըսաւ վեհափառը: 

Վերջին հրաժեշտ՝ մէկ տարի առաջ զոհուած 11 հրետանաւորներուն, Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Դեկտ․ 2, Երեւան