Վերջին Հրաժեշտ՝ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Մեսրոպ Արք․ Մութաֆեանին


“Էրմէնիհապեր”,- Մարտ 17ին, Պոլսոյ Քումքափը թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Մարիամ Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ մէջ, հայ համայնքը վերջին հրաժեշտ տուաւ Պոլսոյ Հայոց 84րդ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանին։ Ան վախճանած էր Մարտ 8ին, հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ։

Յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցեցան բազմաթիւ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ քաղաքական գործիչներ, ինչպէս՝ Թուրքիոյ նախկին վարչապետ եւ խորհրդարանի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ, Թուրքիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն, իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան խօսնակ Օմեր Չելիք, ընդդիմադիր քեմալական «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութենէն Պոլսոյ քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Էքրեմ Իմամօղլուն եւ այլք։

Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ ասորական ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Եուսուֆ Չեթին, ինչպէս նաեւ Էջմիածինէն, Լիբանանէն, Երուսաղէմէն, Վատիկանէն ժամանած հայ հոգեւորականներ։ 4 ժամ տեւած յուղարկաւորութեան արարողութիւնը ղեկավարեց Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան։ Մութաֆեան հողին յանձնուեցաւ Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի հայկական գերեզմանատան մէջ:

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն հետ կապուած աշխատանքները պիտի մեկնարկեն Սուրբ Զատիկէն ետք, որոհտետեւ մինչ այդ սուգ յայտարարուած է Մութաֆեանի մահուան առիթով։