Վեր. Դոկտ. Թութիկեան Լոյս Կ՛ընծայէ Իր 40րդ Գիրքը՝ «Հարցումներ Եւ Պատասխաններ»


Գրախօսեց՝ Վեր. Դոկտ. Փիթըր Տողրամճի

2017ի վերջաւորութեան լոյս տեսաւ հանրածանօթ մտաւորական վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանի երկլեզու գիրքը՝ «Հարցումներ Եւ Պատասխաններ» վերտառութեամբ: Ասիկա բազմավաստակ հեղինակին 40րդ հատորն է, որ իր ոճով եւ բովանդակութեամբ կը տարբերի նախորդ աշխատասիրութիւններէն:

Սոյն հատորի 36 անգլերէն եւ 16 հայերէն յօդուածներուն ոճը կը նմանի հին յոյն իմաստասէր Սոկրատի «Հարցում Եւ Պատասխան Մեթոտ»ին, ինչպէս՝ «Դուն իրօք կը հաւատա՞ս Աստուածաշունչին», կամ՝ «Մահէն կը վախնա՞ս», կամ՝ «Ինչո՞ւ կը տօնենք Վարդանանցը», կամ՝ «Դո՞ւն ալ յիմար հարուստ մըն ես»… Նման հարցումներու շարք մը, եւ այդ հարցումներէն ծնող հարցումներ, որոնց կ՛աշխատի պատասխանել հեղինակը:

Հեղինակի համոզումն ու առաջադրութիւնը այն է, թէ սորվելու ամէնէն ազդեցիկ կերպը «հարց-պատասխան»ի մեթոտն է: Մարդիկ շատ աւելի կը սորվին, երբ հարցումներ կը հարցնեն եւ անոնց պատասխանները կ՛իւրացնեն, քան՝ երբ իրենց «պատասխաններ» կը հայթայթուին նիւթերու մասին, որոնց նկատմամբ իրենք «հարցումներ» չեն ըրած: Այլ խօսքով, մենախօսութենէն շա՜տ աւելին՝ երկխօսութի՛ւնն է, որ կը սատարէ ուսման եւ զարգացման: Յիսուսի ուսուցման գլխաւոր կերպը եւս երկխօսութի՛ւնն էր:

«Հարցումներ Եւ Պատասխաններ» հատորը կը բաղկանայ 160 էջերէ, որոնք աղերս ունին մեր եկեղեցական, ազգային, մշակութային եւ հոգեւոր կեանքի առնչակից նիւթերու հետ: Գիրքը դիւրընթեռնելի է: Լեզուն՝ յստակ եւ գեղեցիկ: Բովանդակութիւնը՝ օգտաշատ եւ հաղորդական: Թելադրական են նաեւ հատորին մէջ տեղ գտած գաղափարները, զորս հեղինակը կը փոխանցէ զգայնութեամբ եւ ապրումներով:

Սոյն հատորը կարդալէ ետք, անձնապէս ափսոսանք մը ունեցայ… երանի՜ թէ անիկա գրուած ըլլար 70 տարիներ առաջ, երբ իբրեւ ուսանող կ՛արձանագրուէի Աստուածաբանական ճեմարան: Վստահաբա՛ր պիտի օգտուէի անոր հաղորդած դասերէն:

Կը հիանամ վեր. դոկտ. Թութիկեանի՝ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մասին ըրած աշխատասիրութեանց վրայ, ուր հեղինակը արդարօրէն կը նկարագրէ իր եկեղեցին, ո՛չ թէ միայն իբրեւ հոգեւոր շարժում, այլեւ՝ իբրեւ եկեղեցական մարմին: Հեղինակը, ի պաշտօնէ՝ գործադիր տնօրէնն է Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդին, եւ այդ իմաստով նշանակալից տեսակէտը ունի եկեղեցւոյ բնոյթին մասին:

Հաճոյքով կը յանձնարարեմ սոյն գիրքը՝ անգլիախօս եւ հայախօս ընթերցասէր հասարակութեան:

Յիշենք, որ գիրքի հրատարակիչն է Հայկական ժառանգութեան յանձնախումբը (3922 Yorba Linda blvd. Royal Oak, MI 48073), իսկ արժքէը՝ 30 տոլար, ներառեալ առաքման ծախսը: